ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան Մայիս 30ին ստորագրեց հրամանագիր մը՝ Դաւիթ Տօնոյեանը ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարար նշանակելու մասին:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»ը՝ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրներով՝ Հրաչեայ Ռոստոմեանը նշանակուած է ՀՀ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար, Արմէն Ամիրեանը՝ ՀՀ մշակոյթի նախարար, Լեւոն Ալթունեանը՝ ՀՀ առողջապահութեան նախարար, Դաւիթ Լոքեանը՝ տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար, Լեւոն Մկրտչեանը՝ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար, իսկ Արծուիկ Մինասեանը՝ բնապահպանութեան նախարար։