Պատրիարքական ընտրեալ տեղապահ Գարեգին Արք. Պէքճեան Հինգշաբթի՝ Յունիս 1ի յետմիջօրէին ժամանեց Պոլիս: Պատրիարքարանը նախօրէին արդէն պաշտօնական զեկոյցով մը տեղեկացուցած էր, որ ան պիտի դիմաւորուի «Հրաշափառ»ի արարողութեամբ եւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ պիտի կատարէ իր երդումը:
Այս առթիւ, Գումգաբուի մէջ կը տիրէր մեծ եռուզեռ: Արդարեւ, Գարեգին Արք. Պէքճեանի Պոլիս ժամանումը նոր հարթութեան մը վրայ կը դնէր պատրիարքական ընտրութեան առկախեալ գործընթացը: Կ՛ակնկալուի, որ յառաջիկայ շրջանին թափ առնեն ընտրութեան նախապատրաստական աշխատանքները:
«Ժամանակ» կը յայտնէ, թէ Գարեգին Արք. Պէքճեանի գալուստին առթիւ, հայ համայնքի մամուլին մէջ յայտարարութեամբ մը, հանդէս եկաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու:
Շիրինօղլու այս առթիւ ողջունած է նորին սրբազնութեան գալուստը եւ ամբողջ համայնքին կոչ ուղղած է համախմբուելու անոր շուրջ եւ իրարու դէմ կանխակալ կարծիքները մէկ կողմ թողնելով՝ կեդրոնանալու բուն նպատակին վրայ, որն է՝ պատրիարքական ընտրութիւնը: Պետրոս Շիրինօղլու նաեւ դիտել տուած է, որ թրքահայութիւնը ալեկոծեալ շրջանէ մը ետք, բեկումնային պահու մը հասած է այժմ՝ պատրիարքական ընտրութեան հարցի գծով: Ան շեշտած է, որ հանրապետութեան նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ այս տարեմուտին տրուած խոստումին համաձայն, 16 Ապրիլ 2017ի հանրաքուէէն անմիջապէս ետք պատկան իշխանութիւնները հնարաւորութիւն ունեցած են անդրադառնալու մեր համայնքի խնդիրներուն: Այս մթնոլորտին մէջ հասունցած պայմաններուն զուգահեռ, պատկան մարմինները տուած են ազդանշանը, որ Գարեգին Արք. Պէքճեան ճանաչում պիտի ստանայ իբրեւ տեղապահ:
Հաշուի առնելով նաեւ անցեալ ինը տարիներու անձնուրաց ու մաշեցուցիչ պարտականութիւնը, Պետրոս Շիրինօղլու նաեւ յայտնած է, թէ Արամ Արք. Աթէշեանի նկատմամբ պէտք է յարգանք ու երախտագիտութիւն դրսեւորել: Ուստի, համայնքային հաստատութիւններու վարիչներուն ու համայնքի բոլոր խաւերուն եւ անդամներուն պատասխանատուութիւնն է յառաջիկայ շրջանին խրախուսել հոգեւորականաց դասու անդամներուն համերաշխութիւնը:
Պետրոս Շիրինօղլուի յայտարարութեան մէջ կայ նաեւ այլ ուշագրաւ կէտ մը.- Ան առկայ փուլին համար յարմար կը դատէ փորձառու աշխարհակա՛ն գործիչներու ալ հնարաւորինս մասնակցութիւնը պատրիարքարանի գործունէութեան:
Շիրինօղլու իր յայտարարութիւնը աւարտած է՝ յաջողութեան մաղթանքներ յղելով տեղապահ Սրբազան Հօր: