«Տուրղութի-հայ եւ յոյն գաղթականներ յիշողութիւն եւ պատմութիւն»
«Արմենիքա» պարբերաթերթի կազմակերպութեամբ, Կիրակի, 9 Փետրուար 2025-ի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ գիրքի շնորհահանդէս, Ֆիքսի կաթողիկէ եկեղեցւոյ հանդիսասրահին մէջ։
Բազմաթիւ հայ եւ յոյն հանդիսականներու կողքին, ներկայ եղան Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ պ. Թագւոր Յովակիմեան, ինչպէս նաեւ ասորիներու միութեան եւ հայ-յունական բարեկամութեան ատենապետերը։
2024-ի վերջին ամիսներուն լոյս տեսած Փոփի Արափինիի «Տուրղութի-հայ եւ յոյն գաղթականներ-յիշողութիւն եւ պատմութիւն» խորագիրով գիրքի ներկայացման հաւաքը համախմբեց նաեւ շրջանին մէջ ապրող կամ անոր պատմութեան հետ առնչուած քաղաքացիներ, որոնք հետաքրքրութեամբ լսեցին զեկուցողներու խօսքերը եւ պատմական տուեալներու վերլուծումները։
Ելոյթի բացումը կատարեց ընկ. Յովհաննէս Ղազարեան, որ ընդգծեց, թէ Տուրղութին, հակառակ գաղթակայան մը ըլլալու իրողութեան, շուտով կարողացաւ կազմակերպուիլ որպէս քաղաք, իր մէջ պարփակելով վարժարաններ, եկեղեցիներ, բարեսիրական, մարզական եւ մշակութային միութիւններ, իսկ անոր առեւտրական կեանքը համեմատելի էր Աթէնքի կեդրոնական շուկային հետ։ Ան նշեց, թէ Փոփի Արափինիի գիրքը կու գայ հարազատօրէն եւ պատկերաւոր նկարագրականներով ընթերցողին առջեւ բանալ հայ եւ յոյն գաղթականութեան կարեւոր ժամանակաշրջան մը, որ ունի պատմական եւ ընկերային արժէք, նոյնիսկ եթէ այսօր հիւղաւանը գոյութիւն չունի։
Յաջորդ խօսողը եղաւ գրագէտ եւ հետազօտող Միմիս Խրիսփոֆիլաքիս, որ մասնագիտացած է Բ. համաշխարհային պատերազմի պատմութեան եւ Յունաստանի գրաւման շրջանի ուսումնասիրութեամբ։ Ան մեծապէս գնահատեց Արափինիի գիրքը, որովհետեւ ընդարձակ բաժինով մը մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ դիմադրութեան պատմութիւնը եւ հայերու մասնակցութիւնը դիմադրական պայքարին։ Ան նաեւ նշեց, թէ Տուրղութիի մէջ գործեց հայ սպաներու լրտեսական ցանց մը, որ թանկագին օգնութիւն ցուցաբերեց դաշնակիցներուն, տեղեկութիւն ղրկելով Եգիպտոս եւ բացայայտելով գերման բանակներու գործունէութիւնը Յունաստանի եւ Միջերկրականի տարածքին։
Վերլուծական հետաքրքիր զեկուցումով հանդէս եկաւ քաղաքական գիտութիւններու մասնագէտ Լեւոն Տիլսիզեան։ Ան անդրադարձ կատարեց գիրքի առաջին մասին, ուր մասրամասն կը տրուի գաղթակայանի ստեղծման պատմական հոլովոյթը, մատնանշելով հեղինակին կողմէ օգտագործուած բազմաթիւ արխիւներու առկայութիւնը։ Ան նաեւ ծանրացաւ գիրքի երկրորդ մասին վրայ, որ կը նկարագրէ գրաւման եւ դիմադրական շարժումի պատմութիւնը։ Այդ բաժինին անչութեամբ, ան կատարեց կարգ մը մատնանշումներ, քննական հայեացքով ընդգծեց Տուրղութիի դերակատարութիւնը Յունաստանի դիմադրական շարժումին եւ անոր յաջորդող շարք մը ողբերգական եղելութիւններուն։
Վերջին խօսքը տրուեցաւ գիրքի հեղինակին։ Փոփի Արափինի իր գոհունակութիւնը յայտնեց հրատարակութեան համար եւ շնորհակալութիւն յայտնեց «Արմենիքա» պարբերաթերթին։ Հեղինակը գովասանքով արտայայտուեցաւ Տուրղութիի հայութեան մասին, ընդգծելով Կիլիկիոյ եւ Փոքր Ասիոյ աղէտէն ետք վերապրելու կամքը։ Ան ներկայացուց Տուրղութի հայութեան թիւը, մասնաւորելով դէպի Հայաստան ներգաղթի տարբեր հանգրուանները եւ դէպի Արեւմուտք նոր կեանքի որոնման ալիքը, որ նոսրացուց գաղթակայանի թիւը։ Ան նաեւ ուրուագծեց հայ եւ յոյն բնակիչներու յարաբերութիւնները, առեւտրական եւ ընկերային կեանքը, մասնաւորելով հայութեան կազմակերպուածութեան իրականութիւնը իր բազմապիտի հաստատութիւններով եւ միութենական կեանքով։
Փոփի Արափինի ներկայացուց նաեւ շարք մը հետաքրքական դրուագներ դիմադրութեան տարիներէն եւ ծանրացաւ Տուրղութիի շրջափակման ողբերգութեան վրայ, որ մինչեւ այսօր իր արժանի պատմական տեղը չէ գրաւած Յունաստանի արդի պատմութեան մէջ։ Ան իր ներկայացումը փակեց յատկանշական այն խօսքով, որ յոյները յուզուած կ՚արտասանէին պատերազմէն ետք դէպի հայրենիք ներգաղթի օրերուն. «Հայերը կը մեկնին, Յունաստանը կը փոքրանայ»։
Ներկաներուն կողմէ արտայայտուած հարցումները եւ պատմական մատնանշումները առիթ դարձան, որպէսզի զեկուցողները աւելի խորանան գիրքի պատմական ծալքերուն մէջ։
Ելոյթի վերջին մասը գեղարուեստական ջերմ մթնոլորտի պահ մը եղաւ, երբ հայազգի ծանօթ երաժիշտ Լեւթերիս Խավուծաս կիթառով եւ Արտա ճէլալեան դաշնակի վրայ հրամցուցին փունջ մը հայկական եւ յունական սիրուած երգեր։
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ