Տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 12 Մայիս 2024, երեկոյեան ժամը 7.30-ին, Ֆիքսի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ սրահին մէջ (Ռընէ Փիօ 8, Նէոս Գոսզմոս)։
Պիտի ներկայացուին երկու նոր գիրքեր՝
«Հայ գաղթականութիւնը Լաւրիոյի մէջ», հեղինակ պրն. Եորղոս Փեփաս
«Հայերը Յունաստանի մէջ՝ Փոքր Ասիոյ աղէտէն ետք»,
հեղինակ պրն. Յովհաննէս Ղազարեան
Ելոյթին պիտի նախագահէ տիկ. Արտա Ճէլալեան
Խօսք պիտի առնեն եւ գիրքերուն մասին պիտի արտայայտուին՝
Տիկ. Մարիա Սփիլիոթոփուլու, պատմաբան, Յունաստանի Ակադեմիոյ անդամ
Տիկ. Կիւլա Գասապեան, բանասէր
Պրն. Եորղոս Փեփաս, գիրքի հեղինակը
Պրն. Յովհաննէս Ղազարեան, գիրքի հեղինակը
Պիտի գործադրուի գեղարուեստական յայտագիր հայկական ժողովրդային երգերով, կատարողութեամբ երաժիշտ Միհրան Չալըքեանի՝ դաշնակի վրայ
եւ արուեստագէտ Վահան Գալստեանի՝ տուտուկով։
Կը հրաւիրուի յարգոյ հասարակութիւնը
«Արմենիքա» պարբերաթերթ