Ամառուան այս փառատօնը տարբեր մշակոյթներու հետաքրքրական եւ հաճելի հանդիպում մըն է, որ ծովեզերեայ գեղեցիկ Գավալային կուտայ առաւել փայլ երգով, պարով եւ պայծառ գոյներով։
Այս տարի եւս քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ՝ Յուլիսի 20-23ին ութ երկիրներէ պարախումբեր եւ երաժիշտներ մասնակցեցան փառատօնին։
Կþարժէ նշել, թէ բոլորն ալ լաւ խումբեր էին։ Մենք հայերս անշուշտ մեծ ուրախութեամբ ու հպարտանքով ծափահարեցինք մեր հայրենի տղաքը եւ աղջիկները, որ ներկաներուն կողմէ բացառիկ գնահատանքի արժանացան։ Բազմիցս առաջնութիւն նուաճած «Արարատ» խումբն էր Արտեոմ Գէորգեանի ղեկավարութեամբ, որ պարգեւեց մեզի վայելքի պահեր, մինչ յայտագիրը ներկայացնողները եւ ժողովուրդը կը ծափահարէին «պռաւօ Արմենիա» բացագանչելով։
Հայկական համեղ ճաշերու երեկոն եւս գոհացուց գավալացիները։ Պրն. Արտեոմի գործակից տիկ. Ռուզաննա Ազարեան պատասխանատու էր նաեւ խոհանոցին։ Մեր խումբը օտարութեան մէջ կարծես գտած էր ընտանիքի անդամներ՝ հայրենակիցներ, որոնք քաղաքապետարանի կամաւորներու խումբին մաս կազմելով, մեծապէս օգտակար հանդիսացան։
Իսկ Երկուշաբթի՝ Յուլիս 24ի երեկոյեան, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ սրահէն ներս յուզումնալից հրճուանքով հիւրասիրեցինք մեր տաղանդաւոր երիտասարդները։
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հ. Գթ. Խաչի Շրջ. Վարչութեան անդամուհի ընկերուհի Մաննիկ Աշրեան։ Ընկերուհին գավալահայութեան կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց հայրենի խումբին, որ բարձր մակարդակով հայ մշակոյթը ծանօթացուց օտարներուն եւ, միանգամայն, կարծես մեր սիրելի հայրենիքը բերաւ մեր մօտ։ Հակիրճ պատմականէ մը ետք Ս. Խաչի մասին, տիկ. Աշրեան յայտնեց իր խոր հաւատքը, թէ մենք հայերս շնորհիւ մեր տոկունութեան ու տաղանդներուն պիտի շարունակենք անպայման մեր երթը եւ իրականացնենք մեր ազգային երազները։
Յաջորդեց հիւրասիրութիւն Հ. Գթ. Խաչի «Սեւան» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ եւ հայրենակիցներու մասնակցութեամբ։ Ներկայ էին Թաղային Մարմնոյ ատենապետ պրն. Աբրահամ Աշրեան եւ անդամներ։ Իսկ ժրաջան խաչուհիները ամէն ջանք թափեցին գոհացնելու համար հիւրերը։
Անոնք ալ իրենց կարգին հայկական ջերմ մթնոլորտ ստեղծեցին երգերով ու պարերով։ Երկու տուտուկահարները, թմբկահարը, երգիչներ եւ երգչուհիներ մեզի պարգեւեցին բացառիկ ապրումներու պահեր։ Հաճելի անականկալ էր մասնակցութիւնը Հայաստանէն հիւրաբար մեր քաղաքը գտնուող պրն. Արմէն Չիլոյեանի, որ դաշնակի ընկերակցութեամբ ճոխացուց տեղւոյն վրայ յառաջացած յայտագիրը։
Ուշ երեկոյեան, ակամայ բաժնուեցանք իրարմէ՝ մաղթելով, որ ապագային եւս նման հանդիպումներու շնորհիւ ամրապնդենք մեր հայու ոգին ու կամքը։

Մ. Ա.