­­Պա­րէտ Քհնյ. ­­Խա­չե­րեան­­

Մեծ պա­հոց վե­ցե­րորդ ­­Կի­րա­կին կը կո­չո­ւի ­­Գալս­տեան ­­Կի­րա­կի։ ­­Մեր ե­կե­ղեց­ւոյ մեծ հայ­րա­պետ­նե­րուն հա­մա­ձայն, այդ օ­րը ու­նի իր յա­տուկ բա­ցատ­րու­թիւ­նը, ի­մաստն ու պատ­գա­մը ուղ­ղո­ւած բո­լոր քրիս­տո­նէա­նե­րուն։ ­­Գալստեան ­­Կի­րա­կին, ­­Յի­սու­սի երկ­րորդ գա­լուս­տին բա­րի լու­րը փո­խան­ցող օրն է:
­­Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղե­ցին, ­­Մեծ պա­հոց կի­րա­կի­նե­րու ա­րա­րո­ղու­թեանց ըն­թաց­քին, ա­ղօթք­նե­րու ու քա­րոզ­նե­րու ճամ­բով, հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը հո­գե­պէս ու մտա­պէս կը պատ­րաս­տէ ու կը զօ­րաց­նէ կեան­քի դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը դի­մագ­րա­ւե­լու։ ­­Սա­կայն վե­ցե­րորդ ­­Կի­րա­կի օ­րո­ւան ­­Գալս­տեան խոր­հուր­դը, մեր բո­լո­րին դի­մաց կը յա­ռա­ջաց­նէ եր­կու հիմ­նա­կան ու յա­ջոր­դա­կան խոր­հուրդ­ներ։
Ա­րա­րիչն Աս­տո­ւած, ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին տե­սաւ թէ Իր իսկ ստեղ­ծած մար­դը, ար­դա­րու­թեան ու ճշմար­տու­թեան ուղ­ղիէն սկսած էր շե­ղիլ ու մո­լո­րիլ։ Իր իսկ ստեղծած մար­դը մեղ­քե­րու մէջ ընկղ­մե­լով, հո­գեմ­տա­ւոր ու բա­րո­յա­կան մեծ ան­կու­մի ան­դուն­դին մէջ կը գտնո­ւի։ Ուս­տի Իր որ­դին՝ ­­Յի­սուս ա­ռա­քեց աշ­խարհ, մար­դու փրկու­թեան հա­մար։ ­­Հե­տե­ւա­բար ­­Յի­սուս իր ա­ռա­ջին գա­լուս­տով ե­կաւ որ­պէս սի­րոյ ու խա­ղա­ղու­թեան թա­գա­ւոր։ ­­Հե­տե­ւա­բար Ա­նոր մար­դե­ղու­թեամբ, փրկա­գոր­ծու­թեան երկ­նա­յին ծրա­գի­րը ի­րա­կա­նա­ցուց:
­­Յի­սու­սի յա­րու­թե­նէն ետք, քրիս­տո­նէա­կան վար­դա­պե­տու­թիւ­նը իր հե­տե­ւորդնե­րուն քա­րո­զեց ­­Յի­սու­սի երկ­րորդ գա­լուս­տին մա­սին։ Ա­նոնց մէջ հաս­տա­տեց ­­Յի­սու­սի երկ­րորդ գալս­տեան գա­ղա­փարն ու հա­ւատ­քը։ ­­Բայց երկ­րորդ գա­լուս­տը պի­տի ըլ­լայ այլ նպա­տա­կով ու ձե­ւով։
­­Յի­սուս իր երկ­րորդ գա­լուս­տով, պի­տի ներ­կա­յա­նայ որ­պէս ար­դար դա­տա­ւոր, ող­ջերն ու մե­ռել­նե­րը դա­տե­լու հա­մար:
­­Յի­սուս իր ա­ռա­ջին գա­լուս­տով մար­դը փրկեց, իսկ երկ­րորդ գա­լուս­տով պի­տի դա­տէ բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք Աս­տո­ւա­ծա­յին պատ­գամ­նե­րուն հան­դէպ անհ­նա­զանդ գտնո­ւե­ցան: ­­Յի­սու­սի երկ­րորդ գա­լուս­տը, ու­րա­խու­թիւն եւ գո­հու­նա­կու­թիւն պի­տի պատ­ճա­ռէ բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք Ա­նոր հա­ւա­տա­ցին եւ հե­տե­ւե­ցան։
­­Մեր ­­Տէ­րը պատ­գամեց հե­տե­ւեա­լը. «Երբ եր­թամ եւ ձե­զի հա­մար տեղ պատ­րաս­տեմ, դար­ձեալ պի­տի գամ եւ ձեզ քովս առ­նեմ, որ­պէս­զի ըլ­լաք հոն՝ ուր ես կը գտնո­ւիմ» (Յհ 14.3):
­­Յի­սու­սի երկ­րորդ գա­լուս­տը, մար­դուն ուղ­ղո­ւած երկ­նա­յին խոս­տում մըն է։ ­­Սա կը նշա­նա­կէ, թէ Ա­նոր յա­րու­թեամբ քրիս­տո­նէա­կան վար­դա­պե­տու­թիւ­նը վերջ չգտներ այլ կրօն­նե­րու նման։ Ք­րիս­տո­նէա­կան վար­դա­պե­տու­թիւ­նը, յա­տուկ պա­րա­գա­յի կամ ժա­մա­նա­կի ու­սու­ցում մը չէ։ Այլ բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րու ա­ռա­քի­նի կեանք մը ապ­րե­լու ուղ­ղե­ցոյց։ Ըստ Ս. ­­Գիր­քին, ­­Յի­սու­սի երկ­րորդ գա­լուս­տը պի­տի ըլ­լայ յան­կար­ծա­կի կեր­պով: Եւ այս մա­սին, ­­Յի­սուս ա­ռի­թով մը ակ­նար­կեց իր ա­ռա­քեալ­նե­րուն ը­սե­լով. «Ար­թուն մնա­ցէք եւ պատ­րաստ ե­ղէք. ո­րով­հե­տեւ չէք գի­տեր թէ ձեր ­­Տէ­րը երբ կու գայ» (Մտ 24.42-44):
Ար­դա­րեւ մեր ­­Տի­րոջ՝ ­­Յի­սու­սի երկ­րորդ գա­լուս­տին գա­ղա­փա­րը կը հան­դի­սանայ քրիս­տո­նէա­կան վար­դա­պե­տու­թեան ա­ռանց­քը: Ե­թէ այս հիմ­նա­կան ճշմար­տութիւ­նը կորսնց­նենք, մեր հա­ւատքն ու կեան­քի ի­մաս­տը կորսն­ցու­ցած կ’ըլ­լանք: Իսկ ե­թէ այս հա­ւատ­քով ապ­րինք, մեր մէջ կ’ապ­րի նաեւ զ­­Յի­սուս։ Եւ Ա­նոր ներ­կա­յու­թիւ­նը մե­զի կը պար­գե­ւէ մտա­յին հանգս­տու­թիւն, հո­գե­կան խա­ղա­ղու­թիւն եւ գո­հու­նա­կութիւն։
­­Մեծ ­­Պա­հոց ­­Գալս­տեան ­­Կի­րա­կիին պատ­գա­մը, մե­զի կը մղէ ապ­րե­լու մարդկա­յին ար­ժա­նիք­նե­րով հա­րուստ կեանք մը։ Այլ խօս­քով Աս­տո­ւա­ծա­հա­ճոյ կեանք մը։ Օ­րո­ւան խոր­հուր­դը մե­զի կը քա­ջա­լե­րէ, Ս. Ա­ւե­տա­րա­նի հա­մա­ձայն, ար­դա­րու­թեան ու ճշմար­տու­թեան ո­գիով մար­դա­վա­յել կեանք մը ապ­րե­լու։ Ա­ռա­ւել եւս, քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քի վա­հա­նով զի­նո­ւե­լու, որ­պէս­զի կա­րո­ղա­նանք վա­նել չա­րին ար­ձա­կած նե­տե­րը եւ պատ­րաստ ըլ­լանք դի­մա­ւո­րե­լու ­­Տի­րոջ երկ­րորդ ­­Գա­լուս­տը։ Ի վեր­ջոյ, ե­րանի ար­դար­նե­րուն ու ճշմա­րիտ­նե­րուն, ո­րոնք ար­ժա­նի պի­տի ըլ­լան ­­Յի­սու­սի երկ­րորդ գալս­տեան։ Ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք բախ­տը պի­տի ու­նե­նան ապ­րե­լու ­­Տի­րոջ ներ­կա­յութիւ­նը եւ ստա­նա­լու Ա­նոր օրհ­նու­թիւ­նը։