Անկեալ թագաւորը
Անձրեւոտ օր էր: Ղուկասը պատուհանէն դուրս կը դիտէր եւ սեւ, առանց շաքարի սուրճ կը խմէր: Յանկարծ ներս կը մտնեն թոռնիկները: Անոնք կ‘ուզէին խաղալ, բայց Ղուկասը շատ յոգնած էր եւ մտածումներով լեցուած: Կը յիշէր իր անցեալի կեանքը, որ շատ տարբեր էր…
Ամէն բան կը սկսի Սպանիոյ Մատրիտ քաղաքը, ուր Ղուկասը թագաւոր էր: Ամէն օր հիանալի՛ օր էր իրեն համար: Կը յիշէր իր պտոյտները պարտէզին մէջ, երբ տերեւները կը հոտոտար եւ կը ցանէր նոր բոյսեր: Կը յիշէր երբ տօնական օրերուն կ‘այցելէր որբանոցներ եւ հիւանդանոցներ, օգնելու համար փոքր մանչուկներ եւ տարեցներ: Երբ ճամբան կը քալէր, ամէն մարդ իրեն կը խօսէր եւ նուէրներ կը յանձնէր: Իր մեծ պալատը կը յիշէր, մեծ սենեակներով, եւ իր ամենասիրածը՝ ճաշասրահը, ուր կ‘ուտէր թագաւորական ճաշերը:
Ղուկասը շատ մեծ թագաւոր մըն էր, բայց կը սիրէր ապրիլ պարզ մարդոց նման: Խանութները կ’երթար գնում ընելու եւ ոտնագնդակ կը խաղար պարզ մարդոց հետ, որոնք իր ընկերներն էին: Իր ամենասիրած ընկերը որբ մըն էր:
Բայց օր մը պատերազմ եղաւ իր երկրին մէջ: Զինք գահընկեց ըրին ու աքսորեցին Վրաստան, ուր մինչեւ հիմա կ‘ապրի իր նոր կազմած ընտանիքին հետ:
Յանկարծ իր յիշողութիւններէն վերադարձաւ նորէն իր որդիին եւ թոռնիկներուն, որոնք այցելած էին իրեն այդ աղքատիկ տան մէջ: Եկած էինիրեն օգնելու եւ քիչ մը ուրախութիւն տալու: Իր մտածումները հոն վերջացան: Հիմա կ‘երթայ իր ընտանիքին հետ շարունակելու իրենց նոր կեանքը:
Ստեփան Կարինեան
Գ. Կարգ
***
Գարուն
Փայլուն արեւը ծագեցաւ.
Անուշ գարունը ժպիտով եկաւ.
Կանանչ անտառը արթնցաւ.
Բարձր ծառերը կանգնեցան.
Գոյնզգոյն ծաղիկները բուսան.
Կարմիր վարդը հոգի առաւ.
Գեղեցիկ մանուշակը լույս բերաւ.
Սոխակին թեւերը բացուեցան.
Փափուկ կակաչը հպարտ աճեցաւ.
Նուրբ արեւածաղիկը մեծցաւ.
Մեխակը քնքուշ ու համեստ սիրտը բացաւ.
Փոքր անմոռուկը՝ մեզի անմոռանալի….
Բոլոր ծաղիկները կը պարեն հողին վրայ
Ու կեանք կը բերեն
Ամբողջ աշխարհին:
Մարիքրիստին Պարղուտեան
Ա. Կարգ
***
Ընկերներէ… սիրահարուած
Կարծեմ բոլորս ալ մեր մանկութեան ընթացքին, գոնէ մէկ անգամ, սիրահարուած ենք:
Այսպէս ալ Նայիրին՝ պզտիկ աղջիկ մը, մօտ վեց տարեկան, նման փորձառութիւն մը ունեցած էր:
Դպրոցին վերամուտն էր: Նայիրին նախակրթարան անցած էր: Ուրեմն, նոր դպրոցական տարի, կը նշանակէ նոր դասընկերներ ալ:
Այսպէս Նայիրին, նոր դասընկեր մը ունեցաւ՝ Պետրոսը: Ան, Նայիրիին հակառակ, շատ երկչոտ տղայ մը կ’երեւէր, բայց իր երեւոյթը՝ շատ գեղեցիկ էր:
Նայիրին որոշեց մօտենալ Պետրոսին.
-Բարեւ: Անունդ ի՞նչ է,- հարցուց Նայիրին:
-Պետրոս,- պատասխանեց տղան կարմրացած:
-Իմս Նայիրի է: Կ’ուզե՞ս ընկերներ ըլլանք:
-Ինչո՞ւ չէ,- ըսաւ տղան:
Յաջորդ օրը, դպրոցի առաջին դասի օրն էր, ուրեմն պէտք էր որոշել, որուն հետ նստիլ:
Նայիրին, իր ընկերուհիներէն մէկուն քովը նստելու փոխարէն, ուզեց Պետրոսին հետ նստիլ:
-Պետրոս, կ’ուզե՞ս հետս նստիլ:
-Այո, լաւ պիտի ըլլար,- պատասխանեց ան:
Զբօսանքին զանգը հնչեց: Բոլոր պզտիկները դուրս վազեցին, բացի Նայիրիէն ու Պետրոսէն:
-Չե՞ս ուզեր երթալ խաղալու, ըսաւ աղջիկը:
-Ո՛չ, լաւ եմ հոս, ըսաւ տղան:
-Ուրեմն, քանի որ դուրս չես ուզեր ելլել, պէտք է հոս նստինք եւ աւելի լաւ ծանօթանանք իրարու:
-Կարծեմ լաւ գաղափար մըն է ասիկա,- ըսաւ տղան: -Չէ՞ որ ընկերները պէտք է իրարու մասին ամէն բան գիտնան:
-Այո, ճիշդ ես: Ուրեմն, պիտի սկսինք իրարու հարցում հարցնել: Ո՞վ պիտի սկսի:
— Թո՛ղ ես սկսիմ: Նայիրի, դուն շատ ընկերներ ունի՞ս:
-Շատ ալ չեն,- պատասխանեց ան,- սակայն քիչ եւ լաւ են: Իսկ դո՞ւն:
-Ոչ, շատ չունիմ: Իմ քանի մը ընկերներս իմ հին դպրոցէս են, ուրեմն իրենց շատ չեմ հանդիպիր
այլեւս,- ըսաւ տխրած Պետրոսը:
-Վնաս չկա՛յ: Հոս ալ ընկերներ պիտի ունենաս: Տե՛ս. արդէն մէկ հատ ունիս,- ըսաւ ինքզինք ցոյց
տալով Նայիրին:
Պետրոսը ուրախութենէն կարմրեցաւ:
-Ուրիշ բան մըն ալ կրնա՞մ հարցնել,- ըսաւ տղան:
-Անշու՛շտ:
-Նայիրի, երբեւիցէ մէկու մը հետ սիրահարուա՞ծ ես:
-Հըմմ… չե՛մ գիտեր: Անցեալին ոչ, բայց կարծեմ մէկը սկսած եմ սիրել քիչ մը:
-Ո՞վ է,- հարցուց հետաքրքրուած տղան:
-Տղայ մը, որուն այնքան ալ ծանօթ չեմ, բայց առաջին վայրկիանէն որ տեսայ, սիրտս գրաւեց: Ան շա՜տ գեղեցիկ է: Աչքերը երկինքին պէս անուշիկ, մազերը փափուկ, իր սրտին պէս… քիչ մը երկչոտ է, սակայն իր հոգին բարի է…
-Ես ալ կարծեմ սիրահարուած եմ աղջնակի մը հետ, երկար գեղեցիկ մազերով, մեծ կապուտակ աչուկներով եւ շատ բարի սրտով մը: Ես ալ անոր շատ լաւ չեմ ծանօթացած դեռ, բայց արդէն սիրահարուած եմ անոր հետ:
-Ո՞վ է այս աղջիկը, հարցուց Նայիրին:
-Դո՛ւն ես, — ըսաւ տղան:
-Իրա՞ւ: Այն տղան որ կը նկարագրէի քիչ առաջ, դո՛ւն ես,- ըսաւ Նայիրին յուզուած, ու փաթթուկ մը
տուաւ Պետրոսին:
Այսպէս երկու երեխաները ընկերներէ քիչ մը աւելի բան մը դարձան. երկու սիրահարուած երեխաներ:
Անայիս Լուլումարի
Բ. Կարգ
***
Դասախօսական երեկոյ
Ուրբաթ 28 Մարտ 2025-ին, տեղի ունեցաւ Արցախի յուշարձաններու մասին ներկայացում մը: Մեր դպրոցի Գ. Միջնակարգի տղաքը ներկայ եղան այս հիանալի ձեռնարկին:
Ներկայացումը սկսաւ եւ բացման խօսքէն ետք, խօսք առաւ Հայաստանի դեսպանը՝ պրն. Տիգրան Մկրտչեանը: Ապա ելոյթ ունեցաւ յունա-հայկական ընկերութեան ատենապետը՝ պարոն Անդոնիս Փաւլիդիս, երկու խօսք ըսելու համար:
Յաջորդաբար Երեւանէն հրաւիրուած պատմութեան դասախօս, որ կը զբաղի Արցախի մշակութային ժառանգութեամբ տիկին Արմինէ Տիգրանեան, խօսքը առաւ եւ սկսաւ ներկայացումը: Տոքթ. Արմինէ Տիգրանեանը ներկայացուց Արցախի յուշարձաններու հանդէպ անմարդկային քայլերը եւ որքան մեծ վտանգ կայ աւերելու եւ ջնջելու զանոնք:
Գերեզմաններ, խաչքարեր, վանքեր, եկեղեցիներ եւ արձաններ որոնք կը պահպանուին դարերէ ի վեր, օրէ-օր ալ աւելի մեծ վտանգի մէջ կը գտնուին: Տոքթ. Արմինէ Տիգրանեանը տեսերիզի մը միջոցով ցոյց տուաւ որքան գէշ կը վարուին Ազերիները Արցախի յուշարձաններուն հանդէպ: Այս տեսերիզով տոքթ. Արմինէ Տիգրանեանը ներկայացումը փակեց:
Վանա Պարղուտեան
Անի Յակոբեան
Գ. Կարգ
***
Երազային արձակուրդ Վենետիկ եւ Սուրբ Ղազար կղզի
Մարտ ամսուան մէջ ես եւ ընդանիքս գացինք Վենետիկ։ Ան քաղաք մըն է, որ գրաւեց իմ երեւակայութիւնս իր ջուրոտ փողոցներով եւ կոնդոլներով։
Երբ հոն հասանք ամէն վայրկեան կը զգայի, որ հեքեաթային աշխարհի մը մէջ էի։ Հիացած էի գեղեցիկ եւ նեղ փողոցներով, եկեղեցիներով եւ աշտարակներով։
Երկու օր յետոյ մենք այցելեցինք Վենետիկի Սուրբ Լազարոսի վանքը, քանի որ իմ զարմիկիս հարսանիքը հոն եղաւ։ Կ’ըսուի, որ Մխիթար Սեբաստացին երազին մէջ տեսած էր, որ պէտք է Վենետիկին մէջ հայկական կղզի մը հիմնէ։ Ուրեմն 1717 թուականին ան եւ անոր տասնեօթը վարդապետները կառուցած ու հիմնած են Սուրբ Ղազարոսին վանքը։ Ան դարձած է հայագիտութեան, եւ լեզուի կենդրոնը։ Նաեւ ունի իր մէջը հին գրադարան եւ արուեստի արժէքաւոր գործեր։
Հոն Լորդ Բայրոն բնակած եւ աշխատած է։ Ան մէկ տարի հայերէն կը սորվէր։ Այնքան շատ կը սիրէր հայոց լեզուն, որ ինքըզինք կը կոչէր «կէս չափով հայ»։ Նաեւ Այվազովսկիին յայտնի նկարներ եւ գործեր հոն կը պահուին։ Տարբեր մշակոյթներ նուէրներ տուած են Սուրբ Ղազար կղզիին.
օրինակ՝ Եգիպտոսը՝ մումիա, Ճապոնիան՝ կատանա սուրեր եւ Յունաստանը՝ պատմական իրեր եւ արձաններ։ Հին հայկական գիրքերը կը պահուին կոնդոլներու մէջ, որպէսզի միշտ պատրաստ ըլլան ջրհեղեղի պարագային։
Վստահաբար նորէն պիտի այցելեմ մինակս Սուրբ Ղազար, որպէսզի աւելի լաւ ուսումնասիրեմ կղզին։
Լազարոս Զատիկեան
Գ. Կարգ
***
Մեծ մեծ մօր պատմութիւնները
Ամէն անգամ որ դպրոցէն պարտականութիւն ունիմ նախնիներուս մասին պատմութիւն մը բերել, մեծ մօրս կը հեռաձայնեմ: Այս անգամ հեռաձայնեցի, յունարէնի դասին համար:
Ուսուցչուհին պարտականութիւն տուած էր, մեր մեծ մեծ մայրերէն կամ հայրերէն պատմութիւն մը բերել: Մայրս, նիւթը լսելով, ըսաւ որ այս անգամ պէտք չկար մեծ մայրս խանգարեմ, որովհետեւ ամէն անգամ, որ մէկը այդպիսի բան կը խնդրէ իրմէ, նոյնը կը պատմէր: Ու մայրս սկսաւ պատմել (այնքան լաւ սորված էր…):
— Մեծ մայրս, Ցեղասպանութենէն ետք, այս երկիրը եկած էր իր մօրեղբօր կնոջ, իր քրոջ եւ քանի մը զարմիկներու հետ: Մեծ մայրս մօրեղբօրը կինը, կը կոչէր Կոճա նէնէ, թէեւ իր բնական մեծ մայրը չէր:
Ուրեմն, երբ նոր եկած էին այս երկիրը, հիւղաւաններու մէջ կ‘ապրէին: Ամէն օր Կոճա նէնէն «տան» դրան առջեւ գտնուող գորգին տակէն դրամ կը գտնէր: Ու այսպիսով, միս մինակ կին մը պզտիկները կը խնամէր:
Օր մը մեծ մայրս հարցուց Կոճա նէնէին, թէ ուրկէ՛ կը գտնէր դրամը, եւ ան պատասխանեց.
«երեւի քովի խրճիթներէն մէկը լսեր էր դրամի մասին եւ ա՛լ դրամ չ‘երեւիր»: Կոճա նէնէն երբեք չէր փնտռած, ո՛վ էր դրամը ձգողը, բայց գիտէր, որ իր բախտը վերջացած էր:
Մայրս, այս պատմութիւնը շատ չսիրելով, որոշեց պատմել ուրիշ պատմութիւն մըն ալ, որ քիչ մըն ալ յուզիչ էր:
— Բ. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, մեծ մեծ մայրը դրամ ունենալով, կ‘օգնէր
շուրջիններուն: Շատ տարիներ ետք, իր թաղումին օրը, եկաւ տարիքոտ կին մը, զոր մէկը չէր ճանչնար: Երբ անոր հարցուցինք, թէ ո՛վ էր, ան պատասխանեց, թէ անցեալին մեր մեծ մեծ մօրը օգնածներէն մէկն էր:
Երկու պատմութիւներէն մէկը զատելը, աւելի դժուարացուց պարտականութիւնս։
Արամ Եզեկիէլեան
Գ. Կարգ
***
ՈՒԽՏ
Ամէն մարդու համար շատ մեծ կարեւորութիւն ունին իր ազգը, երկիրը, մայր լեզուն: Ներկայիս ես կը գտնուիմ Յունաստան, Աթէնք, եւ կը գրեմ մեր հայկական դպրոցի յարկին տակ, մեր տարիներով տանջուած Հայ Ազգի մասին, որ դեռ կը գոյատեւէ, դեռ կը զարգանայ եւ կը յառաջանայ: Կը գրեմ մեր բոլոր դժուարութիւններուն մասին: Ես հայուհի եմ եւ ծնած՝ արտերկրի մէջ. կը համարուիմ «նոր սերունդ»: Ամենամեծ փափաքս է՝ ունենալ ազատ, անկախ եւ միացեալ հայրենիք:
110 տարի առաջ, Ա. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, Հայոց Ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցաւ: Փոքր Ասիոյ մէջ բոլոր ոչ թրքական ցեղերը պէտք էր ջնջուէին, որպէսզի իրականանայ համաթրքական ծրագիրը:
Սելճուկներու, մոնկոլներու, թիւրքմէններու եւ այլ ցեղերու խառնուրդը գործի անցաւ: Քանի մը տարուան մէջ սպաննեցին մէկ ու կէս միլիոն հայ, շատ դաժան, անմարդկային կերպով տանջամահ ըրին մեր ժողովուրդը:
Սպառնալով, անօթի ձգելով, ժամերով գործի դնելով, ժողովուրդը ուժասպառ կը ձգէին, որպէսզի մահանան:
Մնացորդները գաղթեցին դէպի աշխարհի ծայրամասերը:
Հայերուն դէմ յարձակումները շարունակական էին, մինչեւ որ 2020 թուականին որոշեցին 1915-ի պատմութիւնը «կրկնել»: Արցախի վրայ յարձակեցան: Յետոյ մօտ մէկ տարի շրջափակեցին զայն: Ժողովուրդը չունէր նախնական անհրաժեշտութեան պարագաներ, ուտելիք, դեղորայք… հասցուցին այն աստիճանի, որ մարդիկ լիովին սովի մէջ մնան:
Մարդիկ չէին կրնար միմեանց օգնել, որովհետեւ բուժօգնութեան պարագաներ չկային: 44-օրեայ պատերազմէն ետք, ո՛չ զինամթերք, ո՛չ օգնութիւն կար… Նոյները՝ թուրքերուն զարմիկները մշակեցին այս ծրագիրը, որպէսզի գրաւեն ամբողջ Արցախը՝ մեր մայրենի երկրի կարեւոր մասնիկը, համարելով որ իրենցն է: Մօտ 120.000 հայ նորէն գաղթականութեան ճամբան առին:
Այսօր ամէն հայու սրտին մէջ այդ սեւ օրերը, այդ ցաւը եւ կորուստը կան: Ամէն մէկը կ’ապրի հայրենիքի կարօտով եւ վէրքը սրտին:
Մենք, մեր փոքր ազգով եւ պզտիկ հայրենիքով, դեռ հայ ենք, դեռ հպարտ ենք: Երբե՛ք պիտի չմոռնանք մեր ու մեր պապերուն ո՛վ ըլլալը: Պիտի չուրանանք մեր կրօնն ու հայութիւնը: Մենք կը գոյատեւե՛նք հակառակ թշնամիին ծրագիրներուն: Պիտի յիշենք մեր ազգի հերոս զինուորները եւ պիտի պայքարինք մեր պապենական հողերուն համար: Աստուած լա՛ւ գիտէ, ո՛վ արդար եղած է: Ցեղասպանները պիտի ստանան իրենց պատիժը:
Անի Յակոբեան
Գ. Կարգ
***
Կորսուած մանկութիւնը
Դուրսը ամառ է: Կը մտածեմ երթալ լողալու. արդէն 40 աստիճան հասած է: Բայց չեմ գիտեր եթէ իրապէս կ‘ուզեմ, թէ ոչ…
Կը յիշեմ, երբ մանուկ էի, ամառը գրեթէ ամէն օր ծով կ‘երթայինք քոյրիկիս հետ: Ի՜նչ լաւ ժամանակ կ‘անցընէինք. աւազով կը խաղայինք, ծովուն մէջ խնդալիք բաներ կ‘ընէինք: Յետոյ կ‘երթայինք տուն, կը լոգնայինք, որ աղի ջուրը «վրէքներէս յելնի», ինչպէս կ‘ըսէր մայրս: Լոգնալէն յետոյ նախաճաշ կ‘ուտէինք եւ քոյրիկս ու ես կ‘երթայինք մեր ննջասենեակները խենթ բաներ ընելու: Ամէն տեղ միասին կ‘երթայինք: Ատկէ արժէքաւոր բան չկայ:
Կը յիշեմ անգամ մը քոյրիկիս հետ շատ վատ կռուած էինք պուճուր բանի մը համար: Քիչ մնացած էր, իրար պիտի ծեծէինք: Երկու ժամ յետոյ քոյրիկս բան մը առաւ ուտելու, եւ իբր թէ թաքուն, ինծի հարցուց.
— Կ’ուզե՞ս ուտել. ա՛ռ:
Ես ի հարկ է չհրաժարուեցայ եւ կտորիկ մը առի: Մեկ ժամ անցաւ եւ ես ննջասենեակս նստած էի: Յանկարծ քոյրիկս ներս մտաւ եւ զիս շատ ջերմօրէն գրկելով ու լալով, ներողութիւն խնդրեց: Կը փորձէի հանդարտեցնել զինք ըսելով. «հոգ չէ»…
Ո՞ւր են այդ օրերը… Հիմա կը կարծեմ ա՛լ իմաստ չկայ եթէ մինակդ ես եւ ոչ ոք ունիս, որ հետը լաւ ժամանակ անցընես: Մինակ եմ: Բայց միւս կողմէն ալ կը մտածեմ, որ պէտք է ելլեմ մահճակալէս, նախաճաշեմ… ջանամ մինակս լաւ ըլլալ: Ելայ տեղէս, հագուեցայ եւ գացի ծով, ուր ամբողջ մանկութիւնս անցուցած եմ:
Վալենթինա Առաքելեան
Գ. Կարգ
***
Յուզիչ խաղավայրը
Ամառ էր: Դպրոցները նոր գոցուած էին, եւ ընկերներովս որոշած էինք առաջին անգամ դուրս ելլել բոլորս միասին, որ լաւ ժամանակ անցընենք: Բայց մեր այս մտածածը այնքան ալ չյաջողեցաւ: Կը պտտէինք փողոցներուն մէջ առանց բան մը ընելու. սկսած էինք ձանձրանալ: Այն ատեն ընկեր մը առաջարկեց, երթանք իմ տան մօտի խաղավայրը:
Բոլորս համաձայնեցանք:
Շատոնց չէի գացած հոն: Վերջին անգամ մանուկ էի եւ չէի յիշեր ինչպէս էր այդ խաղավայրը, բայց երբ նորէն տեսայ զայն, մէկ մէկ յիշողութիւնները սկսան արթննալ: Կարծես տարի մը անգամ չէր անցած այն ատենէն, երբ մանկական ընկերոջս՝ Նարեկին հետ հոս կը խաղայինք: Ժամերով հոս կը նստէինք. առտուընէ մինչեւ գիշեր: Ու կը խաղայինք, կը վազէինք եւ երկար կը խօսէինք իրարու: Ա՜հ… Ի՜նչ բաներ կ‘ըսէինք: Կը յիշեմ օր մը ծառի մը տակ նստած էինք եւ կ‘ըսէինք, որ մեծերը, բոլո՛րը այլմոլորակայիններ էին եւ գիշերը երեք աչք ու ոտք կը հանէին:
Մեր բերդն ալ ունէինք, սահնակին վերի մասը, ուրկէ մէկն ալ չէր անցներ մեզմէ զատ:
Նարե՜կը… Ի՜նչ լաւ տղայ: Յանկարծ, ձեւով մը կորսուեցաւ կեանքէս եւ տարիներ անցան մինչեւ իմանամ ի՛նչ պատահած էր իրեն իսկապէս: Սկիզբը մայրս ինծի ըսաւ, որ տուն պիտի փոխէր եւ պիտի երթար հեռու տեղ մը հաստատուելու ընտանիքին հետ: Բայց երբ մեծցայ, իր մայրը տեսայ: Ան կը քալէր մեր թաղին մէջ: Ես իրեն հարցուցի ինչպէ՛ս էր Նարեկը: Եւ այն ատեն ան ինծի ըսաւ իրականութիւնը:
Նարեկը մահացած էր արկածէ մը, երբ իր հայրիկին շարժանիւին վրայ էր: Հայրը բան չեղաւ, բայց Նարեկը… Նարեկը կեանքը կորսնցուցած էր անարդար ձեւով մը:
Հիմա, երբ մեր «բերդին» վրայ ելայ, կարծես թէ լսեցի իր ձայնը. «Հէ՜յ, ուրիշ մէկը չելլէ մեր բերդին վրայ»:
Անտոնիս Լուլումարիս
Գ. Կարգ