Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ ա­պօ­րի­նա­բար բռնագ­րաւո­ւած՝ Ար­ցա­խի հա­զա­րա­մեայ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան հե­տե­ւո­ղա­կան կոր­ծա­նու­մը, լու­սար­ձա­կի տակ առ­նո­ւե­ցաւ բա­ցա­ռիկ դա­սա­խօ­սա­կան ներ­կա­յա­ցու­մով մը, որ կա­տա­րեց ­Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս տոքթ. Ար­մի­նէ ­Տիգ­րա­նեան։
Իւ­րա­յա­տուկ տե­ղե­կա­տո­ւա­կան ե­լոյ­թը կազ­մա­կեր­պո­ւած էր ­Հայ-յու­նա­կան բա­րե­կա­մու­թեան միու­թեան կող­մէ եւ կը վա­յե­լէր Հ.Հ. ­Յու­նաս­տա­նի մէջ դես­պա­նա­տան հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը։ Ե­լոյ­թը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ուր­բաթ, 28 ­Մարտ 2025-ի ե­րե­կո­յեան, Ա­թէն­քի թեր­թե­րու խմբա­գիր­նե­րու միու­թեան սրա­հէն ներս։ ­Ներ­կա­յաց­ման մաս­նակ­ցե­ցան բազ­մա­թիւ հայ եւ յոյն ան­ձեր, ա­նոնց կար­գին էին նաեւ գա­ղու­թա­յին գոր­ծօն­նե­րը եւ պատ­մամ­շա­կու­թա­յին հար­ցե­րով զբա­ղող­ներ։
Ե­լոյ­թի սկիզ­բը, ցու­ցադ­րո­ւե­ցաւ տե­սա­նիւթ մը, ո­րուն մէ­ջէն ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան փաս­տագ­րա­կան տո­ւեալ­ներ՝ ատր­պէյ­ճան­ցի զի­նո­ւոր­նե­րուն կող­մէ հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րու եւ յու­շար­ձան­նե­րու ոչն­չաց­ման սրտաճմ­լիկ տե­սա­րան­նե­րէ:
­Կա­րե­ւոր դա­սա­խօ­սա­կան ե­լոյ­թի մեկ­նար­կը կա­տա­րեց ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ա­ռա­ջին դես­պան ­Լէո­նի­տաս Խ­րի­սան­թո­փու­լոս, որ հա­կիրճ խօս­քե­րով բա­ցատ­րեց ներ­կա­յաց­ման բնոյ­թը եւ տո­ւաւ յար­գե­լի դա­սա­խօ­սի կեն­սագ­րա­կան գի­ծե­րը։
Ող­ջոյ­նի խօսք ար­տա­սա­նեց դես­պան ­Տիգ­րան Մկրտ­չեան, որ անդ­րա­դար­ձաւ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ կա­տա­րո­ւած մշա­կու­թա­յին ցե­ղաս­պա­նու­թեան՝ կրօ­նա­կան հա­զա­րա­մեայ կո­թող­նե­րու, յու­շար­ձա­նե­րու հա­մա­կար­գո­ւած պղծու­մին ու ոչն­չաց­ման։ Ան շեշ­տը դրաւ Ար­դա­րա­դա­տու­թեան մի­ջազ­գա­յին դա­տա­րա­նի ո­րո­շում­նե­րու ոտ­նա­կոխ­ման վրայ, շեշ­տե­լով մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քը զօ­րա­շար­ժի են­թար­կե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը, կա­սեց­նե­լու հա­մար հայ­կա­կան հետ­քե­րու վե­րաց­ման ե­ղեռ­նը։
­Հայ-յու­նա­կան բա­րե­կա­մու­թեան միու­թեան նա­խա­գահ Ան­տո­նիս ­Փաւ­լի­տիս իր խօս­քին մէջ նշեց, թէ Ար­ցա­խի պատ­մամ­շա­կու­թա­յին գան­ձա­րա­նի պղծու­մը, որ­պէս մշա­կու­թա­յին ցե­ղաս­պա­նու­թիւն, ա­ւե­լի ծանր կրնայ կշռել՝ նոյ­նիսկ կեան­քեր խլե­լու ո­ճի­րէն, ո­րով­հե­տեւ յու­շար­ձան­նե­րը ժո­ղո­վուրդ­նե­րու գո­յու­թեան ու պատ­մա­կան եր­թին խօ­սուն վկա­նե­րը կը հան­դի­սա­նան։ Ա­ռա­ւել, ան նշում ը­րաւ ­Նա­խի­ջե­ւա­նի հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին հետ­քե­րու ոչն­չաց­ման մա­սին եւ ընդգ­ծեց «ՈՒՆԵՍՔՕ»-ի պար­տա­ւո­րու­թիւ­նը տէր կանգ­նե­լու հայ ժո­ղո­վուր­դի գան­ձե­րու պղծու­մի կա­սեց­ման։
­Դա­սա­խօ­սա­կան ե­րե­կո­յի բա­նա­խօս, մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան փոր­ձա­գէտ եւ հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս Ար­մի­նէ ­Տիգ­րա­նեան ման­րա­մասն ներ­կա­յա­ցուց իր զե­կոյ­ցը` Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ Ար­ցա­խի մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան ոչն­չաց­ման եւ ար­ցա­խա­հա­յե­րու մշա­կու­թա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ:
Ան շեշ­տեց, թէ Ար­ցա­խի մշա­կու­թա­յին կո­թող­նե­րու ոչն­չա­ցու­մը կը կա­տա­րո­ւի եր­կու ուղ­ղու­թեամբ։ ­Նախ՝ գետ­նին հա­ւա­սա­րեց­նե­լով պատ­մա­կան վան­քեր, հնա­մեայ խաչ­քա­րեր, ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան կո­թող­ներ, Ար­ցա­խի ա­զա­տագրա­կան պայ­քա­րի հե­րոս­նե­րու յու­շար­ձան­ներ, ա­պա՝ այ­լա­փո­խե­լով մեծ թի­ւով վան­քե­րու եւ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող պատ­մամ­շա­կու­թա­յին կո­թող­նե­րու դի­մա­գի­ծը, ներ­կա­յաց­նե­լով զա­նոնք որ­պէս ա­ղո­ւա­նա­կան մշա­կոյ­թի նմուշ­ներ։ Ն­կար­նե­րու եւ փաս­տագրա­կան նիւ­թե­րու սփռու­մի ընդ­մէ­ջէն, վտան­գո­ւած յու­շար­ձան­նե­րու շար­քին թո­ւեց Ա­մա­րա­սի վան­քը, ­Վան­քա­սա­րը, Ե­ղի­շէ Ա­ռա­քեա­լի վան­քը, ­Դա­դի­վանքն ու ­Գան­ձա­սա­րը, ­Ծի­ծեռ­նա­վան­քը, ­Կա­տա­րո­յի վան­քը, Ս. Ա­մե­նափր­կի­չը, ­Կա­նաչ ժա­մը, ինչ­պէս նաեւ հա­զա­րա­ւոր խաչ­քա­րեր, գե­րեզ­մա­նա­քա­րեր եւ բազ­մա­թիւ այլ հնա­մեայ ու ար­դի կո­թող­ներ։ ­Զե­կոյ­ցը կ­՚ընդգր­կէր համապարփակ եւ ան­վի­ճե­լի փաս­տեր Ար­ցա­խի մշա­կու­թա­յին գան­ձա­րա­նի խե­ղա­թիւր­ման եւ պատ­մա­կան հետ­քի ոչն­չաց­ման վե­րա­բե­րեալ:
­Դա­սա­խօ­սը, հա­զա­րա­մեակ­նե­րով կանգ­նած կո­թող­նե­րու ոչն­չաց­ման ի­րա­կա­նու­թեան զու­գա­հեռ, անդ­րա­դառ­նա­լով Ար­ցա­խի բնիկ ժո­ղո­վուր­դի տե­ղա­հան­ման, ա­հա­զան­գեց նաեւ մշա­կոյ­թի այլ բնա­գա­ւառ­նե­րու ան­հե­տաց­ման վտան­գին մա­սին, ինչ­պի­սին են թան­կա­գին հրա­տա­րա­կու­թիւն­ներ, քա­ղա­քակր­թա­կան նմուշ­ներ, թան­գա­րան­ներ, կեն­ցա­ղի ու ա­ւան­դա­կան սո­վո­րու­թիւն­նե­րու վտան­գու­մը, ո­րոնք մաս կը կազ­մեն դա­րե­րով ապ­րած հա­յու­թեան կա­րե­ւոր մէկ մաս­նի­կի քա­ղա­քակր­թա­կան հարս­տու­թեան։ ­Տիգ­րա­նեան իր զե­կոյ­ցին մէջ ընդգ­ծեց բռնի տե­ղա­հա­նո­ւած ար­ցա­խա­հա­յե­րու մշա­կոյ­թի ի­րա­ւուն­քի պաշտ­պա­նու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը` դէ­պի յու­շար­ձան­նե­րու տա­րածք­նե­րը մուտ­քի ի­րա­ւուն­քի ե­րաշ­խա­ւոր­ման, ժա­ռան­գու­թիւ­նը կեն­սու­նակ եւ ճշմար­տա­ցի գի­տե­լի­քով սե­րունդ­նե­րուն փո­խան­ցե­լու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը: Ան նաեւ խօ­սե­ցաւ Ար­ցա­խի պատ­մա­շա­կու­թա­յին գան­ձա­րա­նի բռնի ան­հե­տաց­ման ի­րա­ւա­կան ծալ­քե­րուն մա­սին, ընդգ­ծե­լով մի­ջազ­գա­յին ա­տեան­նե­րու ան­յա­պաղ մի­ջամ­տու­թիւ­նը՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի կրած մշա­կու­թա­յին ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը կա­սեց­նե­լու պար­տա­ւո­րու­թեամբ։
Ար­մի­նէ ­Տիգ­րա­նեա­նի անգ­լե­րէն ներ­կա­յա­ցու­մը ձեռն­հա­սօ­րէն թարգ­մա­նեց եւ յու­նա­րէն լայն բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րով տուաւ ընկ. Ա­րաք­սի Ա­բէ­լեան-­Գո­լա­նեան։
Ն­շենք նաեւ, որ խրա­խու­սիչ էր Հ.Կ.­Խա­չի «­Ճէ­նա­զեան» ազ­գա­յին միջ­նա­կար­գի ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նի ներ­կա­յու­թիւ­նը՝ ի­րենց տնօ­րէ­նու­թեան ու­ղեկ­ցու­թեամբ։ Ա­շա­կերտ­նե­րը ա­մե­նայն հե­տաքրք­րու­թեամբ հե­տե­ւե­ցան դա­սա­խօ­սա­կան ե­լոյ­թին եւ ի­րա­զեկ դար­ձան մեր ար­ծո­ւա­բոյն Ար­ցա­խի մէջ՝ մարդ­կու­թեան դէմ կա­տա­րո­ւող մշա­կու­թա­յին ցե­ղասպա­նու­թեան։
­Նաեւ, ­Հայ-յու­նա­կան բա­րե­կա­մու­թեան միու­թիւ­նը տրա­մադ­րեց հայ­րե­նի գիտ­նա­կա­նի դա­սա­խօ­սա­կան նիւ­թի յու­նա­րէն եւ անգ­լե­րէն գրա­ւոր զե­կու­ցու­մը ներ­կայ ե­ղող հան­դի­սա­տես­նե­րուն։