­Քա­նի մը օ­րէ ի վեր հրա­պա­րա­կի վրայ է յու­նա­լե­զու ե­ռամ­սեայ «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի 122-րդ ­թի­ւը, որ կը ներ­կա­յա­նայ ճոխ բո­վան­դա­կու­թեամբ եւ նիւ­թե­րու այ­լա­զա­նու­թեամբ։
Խմ­բագ­րա­կա­նին մէջ կը կար­դանք պար­բե­րա­թեր­թին կող­մէ տա­րի­նե­րէ ի վեր մշա­կո­ւող ծրա­գի­րի մը մա­սին, որ ար­դէն մտած է ի­րա­կա­նաց­ման փուլ։ ­Խօս­քը «­Հայ­կա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թեանց եւ մշա­կոյ­թի կեդ­րոն»-ի մը հիմ­նադ­րու­թեան մա­սին է, ո­րուն հա­մար իբ­րեւ վայր նա­խա­տե­սո­ւած է ­Գա­րէա­յի ազ­գա­պատ­կան ա­կում­բը։ Խմ­բագ­րա­կա­նը կը ներ­կա­յաց­նէ այս նա­խա­ձեռ­նու­թեան ի­րա­գործ­ման ուղ­ղու­թեամբ նա­խա­տե­սո­ւած քայ­լե­րը, ինչ­պէս նաեւ ա­նոր հիմ­նա­կան նպա­տակ­նե­րը։
­Վեր­ջին ա­միս­նե­րուն հա­յաշ­խար­հի գլխա­ւոր լու­րե­րու ներ­կա­յա­ցու­մէն ետք, աչ­քի կը զար­նէ քա­ղա­քա­կան վեր­լու­ծում­նե­րու շար­քը՝ նախ «Թ­րամ­փի ու­ղի»-ին մա­սին ընդ­հա­նուր գնա­հա­տա­կա­նով, ա­պա՝ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան եւ ՆԱԹՕ-ի հետ մեր­ձեց­ման ուղ­ղու­թեամբ Ե­րե­ւա­նի վա­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թեան անդ­րա­դար­ձով։ Ա­ռանձ­նա­կի ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նի է նաեւ հայ­կա­կան Ս­փիւռ­քի պատ­մա­կան ու­ղիին եւ ներ­կայ ի­րա­կա­նու­թեան նո­ւի­րո­ւած ծա­ւա­լուն ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը։
­Գի­տու­թեան, գրա­կա­նու­թեան եւ մշա­կոյ­թի բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս ներ­կա­յա­ցո­ւած յօ­դո­ւած­նե­րը եւս ու­շագ­րաւ են։ ­Յու­նա­հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան եւ մշա­կոյ­թին մի­ջեւ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող ան­քակ­տե­լի կա­պին անդ­րա­դար­ձը, UCLA հա­մալ­սա­րա­նի հա­յա­գի­տու­թեան ամ­պիո­նի վա­րիչ ­Փի­թըր ­Քաո­ւիի հետ հար­ցազ­րոյ­ցը, ­Տի­տի­մո­թի­քո­յի Ս. ­Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ մա­սին պատ­մա­կան ակ­նար­կը եւ այլ գրու­թիւն­ներ ըն­թեր­ցո­ղին առ­ջեւ կը բա­նան մեր պատ­մամ­շա­կու­թա­յին բազ­մե­րես աշ­խար­հին տար­բեր բա­ժին­նե­րը։
­Հե­տաքրք­րա­կան հար­ցազ­րոյց մը ներ­կա­յա­ցո­ւած է Ս. Գ­րի­գոր ­Նա­րե­կա­ցիի «­Մա­տեան Ող­բեր­գու­թեան» եր­կը յու­նա­րէ­նի թարգ­մա­նած Ա­րա ­Ման­կո­յեա­նին հետ, որ կը խօ­սի իր թարգ­մա­նա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ հայ գրա­կա­նու­թեան ան­դաս­տա­նին մէջ իր կա­տա­րած թարգ­մա­նու­թիւն­նե­րուն մա­սին։
Ան­մա­հա­նուն երգ­չու­հի­ներ ­Լու­սի­նէ ­Զա­քա­րեա­նի, ­Ռաի­սա Մկրտ­չեա­նի, ինչ­պէս նաեւ յու­նա­հայ հան­րա­ծա­նօթ եր­գիչ ­Հայկ Եա­զը­ճեա­նի մա­սին ծա­ւա­լուն անդ­րա­դարձ­նե­րը ըն­թեր­ցող հա­սա­րա­կու­թեան կը ներ­կա­յաց­նեն մեր ե­րաժշ­տա­կան հա­րուստ ժա­ռան­գու­թեան ար­ժէ­քա­ւոր մէկ մա­սը։
­Հե­տաքրք­րա­կան նիւ­թե­րու շար­քին աչ­քի կը զար­նէ նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի գիւ­ղե­րուն մէջ տղա­մար­դոց բա­ցա­կա­յու­թեան հե­տե­ւան­քով ստեղ­ծո­ւած ըն­կե­րա­յին ի­րա­կա­նու­թեան անդ­րա­դար­ձը։ Ապ­րուս­տի մի­ջոց­ներ ո­րո­նե­լու նպա­տա­կով ար­տա­գաղ­թող տղա­մար­դիկ ի­րենց ե­տին կը ձգեն կի­ներ, ո­րոնք ստի­պո­ւած կ­՚ըլ­լան ա­ռան­ձին ստանձ­նե­լու գիւ­ղա­կան ա­ռօ­րեա­յին ծանր պար­տա­ւո­րու­թիւն­ներն ու դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը։ ­Նոյն­քան հե­տաքրք­րա­կան է ­Յու­նաս­տա­նի ­Թե­սա­լիա շրջա­նին մէջ 18-րդ ­դա­րու սկիզ­բէն ի վեր հա­յե­րու ներ­կա­յու­թեան եւ գոր­ծու­նէու­թեան նո­ւի­րո­ւած պատ­մա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը։
­Պար­բե­րա­թեր­թի 70 մե­ծա­դիր է­ջե­րուն մէջ տեղ գտած են բազ­մա­թիւ այլ յօ­դո­ւած­ներ, գա­ղու­թա­յին, մշա­կու­թա­յին եւ մար­զա­կան լու­րեր, ո­րոնք ի­րենց ամ­բող­ջու­թեամբ բազ­մա­զան եւ հե­տաքրք­րա­կան ըն­թեր­ցա­նու­թեան ա­ռիթ կ­՚ըն­ծա­յեն։
­Յատ­կան­շա­կան է նաեւ խմբագ­րու­թեան գե­ղե­ցիկ նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը՝ ներ­կա­յաց­նե­լու պար­բե­րա­թեր­թին կող­մէ մին­չեւ օրս հրա­տա­րա­կո­ւած գիր­քե­րուն ամ­բող­ջա­կան ցան­կը՝ հա­մա­պա­տաս­խան կող­քի նկար­նե­րով։ Այս ձե­ւով ըն­թեր­ցա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան կը ծա­նօ­թա­ցո­ւի հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու ստո­ւար շար­քը, որ այ­սօր կը կազ­մէ «Ար­մե­նի­քա»ի գոր­ծու­նէու­թեան կա­րե­ւոր ե­րես­նե­րէն մէ­կը։
­Պար­բե­րա­թեր­թը կա­րե­լի է ստա­նալ՝ դի­մե­լով ա­նոր խմբագ­րու­թեան, ինչ­պէս նաեւ «Ա­զատ Օր»ի խմբագ­րա­տու­նը։