Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը հանդէս եկած է հերթական ապատեղեկատուութեան փորձով՝ տարածելով սուտ լուրեր, թէ արցախեան-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ ոչնչացուցած են հրամանատարական դիտակէտ եւ տեսադիտարկման համակարգ, հաղորդակցութեան կցելով անյաջող բեմադրուած տեսագրութիւն մը:
Նոյն այս լուրը շուտով տարածուած է TRT.net.tr թրքական կայքէջին կողմէ եւս:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես», Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կոչ կ’ընէ հակառակորդ կողմի հերթական ապատեղեկատուութիւնը ընդունելու որպէս տուեալ երկրի ռազմաքաղաքական քարոզիչներու վառ երեւակայութեան հերթական արգասիք:
Առաջնագիծին վրայ կը շարունակուի պահպանումը յարաբերական հանգիստ իրադրութեան: