Քսանթիի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի կազմակերպութեամբ Կիրակի՝ 13 Օգոստոս 2017ին, հանդիսաւոր կերպով տօնակատարուեցաւ եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը։
Շրջանի հոգեւոր հովիւ Պարէտ Քհնյ. Խաչերեան Շաբաթ երեկոյեան օրհնեց գառնուկները եւ աղը, որմէ ետք սկսաւ մատաղի պատրաստութեան աշխատանքը։ Ժամը 7ին մեծ թիւով ընտանիքներ քահանայ հօր հետ այցելեցին ազգային գերեզմանատուն, ուր կատարուեցաւ հոգեհանգիստ եւ ապա անուններու յիշատակում։ Իսկ գիշերը, Թաղային Խորհուրդի անդամներն ու ներկաները եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ մասնակից եղան աւանդութիւն դարձած ընթրիքին, ուր հայկական մթնոլորտի մը մէջ կենացներով ու տօնին հետ կապուած բարեմաղթութիւններով ժամանակը առաւել եւս քաղցրացաւ։
Կիրակի օր Պատարագը սկսաւ առաւօտեան ժամը 10ին։ Պատարագեց արեւելեան Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ հոգեւոր հովիւ Պարէտ Քհնյ. Խաչերեան։ Երգեցողութիւնը կատարեցին Քսանթիի ու Գոմոթինիի դպրաց դասերը։ Ընդառաջելով Քսանթիի Թաղային խորհուրդի հրաւէրին, ներկայ գտնուեցան Քսանթիի Տ. Բանտելէյմոն Մետրապոլիտը, Հ.Հ. դեսպան պրն. Ֆաթէյ Ջարչօղլեան, Ազգային Վարչութեան ատենադպիր պրն. Թագւոր Յովակիմեան եւ անդամ տիկ. Զապէլ Այվազեան, Ինչպէս նաեւ՝ Հ.Յ.Դ. Կ. Կոմիտէի անդամ տիկ. Ատրիկ Ստեփանեան, Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի ատենապետ պրն. Գասպար Կարապետեան, Միջ-Թաղայինի ատենապետ պրն. Պետրոս Մելքոնեան, շրջակայ քաղաքներու Թաղային Խորհուրդներու ատենապետներ ու անդամներ, Պոլիսէն Տէր եւ Տիկ. Մկրտիչ եւ Սօնա Սերթշիմշէկ ընտանիքը եւ ուխտաւոր ժողովուրդը։
Պարէտ Քահանայ քարոզի ընթացքին յատուկ կերպով անդրադարձաւ Մարիամ Աստուածամօր «Շնորհալի կին» ըլլալու արժանիքին։ Ան յայտնեց, թէ արարիչն Աստուած իւրաքանչիւր մարդու կը պարգեւէ աշխարհի ամենաթանկագին երկու նուէրները. ԿԵԱՆՔ ու ՇՆՈՐՀՔ։ Մարդը Աստուածատուր շնորհքով իր կեանքը կը տնօրինէ։ Շնորհքը անոր ապրելակերպի ու գործելակերպի ամուր հիմքը կը կազմէ։ Շնորհքը անոր կարողութեանց եւ կամ ստեղծագործութեանց աղբիւրը կը հանդիսանայ։ Կեանքի ընթացքին իւրաքանչիւր յաջողութիւն շնորհքի ճշգրիտ արժեւորման ու շահարկման արդիւնքն է։ Այլ խօսքով՝ շնորհքը պայման է կամ անհրաժեշտութիւն։ Եւ մարդ իր յաջողութեամբ կÿուրախանայ, կը հպարտանայ եւ ապա կը գոհանայ։ Տէր Հայրը հրաւիրեց ու քաջալերեց բոլորին, որպէսզի ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը բաժնեն շնորհքը նուիրով Աստուծոյ հետ եւ փառք ու շնորհակալութիւն յայտնեն Անոր։
Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ աւանդական խաղողօրհնէք եւ եկեղեցւոյ մէջ ծառայած հոգեւոր հովիւներու, դպրաց դասի ու Թաղային Խորհուրդի անդամներու եւ բարերարներու հոգիներուն համար հոգեհանգիստ։
Ետքը խօսք առաւ Տ. Բանտելէյմոն Մետրապոլիտը։ Ան եկեղեցւոյ տօնին առիթով ի սրտէ շնորհաւորեց Հոգեւոր Հովիւը, Թաղային Խորհուրդն ու Քսանթիի հայկական գաղութը։ Ան մեծապէս արժեւորեց ու գնահատեց տեղւոյն հայութեան համախմբուած ու կազմակերպուած գործելակերպը, ինչպէս նաեւ իր ուրախութիւնը յայտնեց գաղութիս պատասխանատուներուն ու ժողովուրդին հետ իր ծանօթութեան ու գործակցութեան համար։
Կէսօրուան ժամը 1։30ին, Թաղային Խորհուրդի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ «Թօ Գթիմա» ճաշարանին մէջ։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Խորհուրդի ատենապետ պրն. Թագւոր Քարաօղլանեան։ Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն ու յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեց պրն. դեսպանին եւ Վարչութեան ատենադպիրին ներկայութեան համար։ Հարկ է նշել, թէ պրն. դեսպանը առաջին անգամ կÿայցելէր արեւելեան Մակեդոնիոյ ու Թրակիոյ շրջանը։ Ետքը հրաւիրուեցաւ պրն. Ջարչօղլեան իր խօսքը ուղղելու։ Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց Քսանթի այցելութեան համար։ Մօտէն հետաքրքրուելէ ետք Քսանթիի հայկական գաղութի հոգեւոր եւ ազգային կեանքով, ան շնորհաւորեց ու քաջալերեց Հոգեւոր Հովիւն ու Թաղային Խորհուրդը՝ մաղթելով յաջողութիւն, աւելցնելով թէ Հ.Հ. դեսպանութիւնը միշտ պատրաստ է օգտակար դառնալու եւ նեցուկ կանգնելու իւրաքանչիւր հայուն։ Ապա պրն. Թագւոր Յովակիմեան յանուն Ազգային Վարչութեան շնորհաւորեց Քսանթիի գաղութը մաղթելով յաջողութիւն։ Ան յատկապէս գնահատեց արեւելեան Մակեդոնիոյ ու Թրակիոյ շրջաններէն ներս ապրող ու գոյատեւող հայկական գաղութները եւ յայտնեց, թէ Ազգային Վարչութիւնը մօտէն կը հետաքրքրուի աշխատանքներուն եւ օգտակար կը հանդիսանայ կարիքներուն։
Ողջոյնի խօսքերու աւարտին, Թաղային Խորհուրդը յատուկ յուշանուէրներով մեծապէս պատուեց պրնք. Հրաչ Հայրապետեան, Օննիկ Գլըճեան, Արմէն Քիւրքճեան, Կարօ Թէրզեան ու Արիս Պետրոսեան, մօտ քառասուն երկար տարիներ Թաղային Խորհուրդէն եւ դպրաց դասէն ներս նուիրեալ իրենց ծառայութեան համար։ Արժանաւորները խոր յուզումով շնորհակալութիւն յայտնեցին Հոգեւոր Հովիւին եւ Թաղային Խորհուրդին ու քաջալերեցին երիտասարդները, որպէսզի սկսին ստանձնել եկեղեցւոյ պատասխանատուութիւնը։
Ետքը Պարէտ Քհնյ. Խաչերեան հրաւիրեց Պոլիսէն ժամանած պրն. Մկրտիչ Սերթշիմշէկը։ Ընդառաջելով Տէր Հօր փափաքին՝ ան եկեղեցւոյ տօնին բարեպատեհ առիթով նուիրեց Ս. Միւռոնի աղաւնի, խորանի երկու մեծ մոմակալներ եւ հայկական մեծ խաչ։ Տէր Պարէտ Քահանայ յանուն Թաղային Խորհուրդին խորին շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց նուիրատու ընտանիքին։ Իսկ Ատենապետ պրն. Թագւոր Քարաօղլանեան յուշանուէր մը յանձնեց պրն. Սերթշիմշէկին։ Ողջոյնի խօսքերէն ու պարգեւատրումի յայտագրէն ետք, տօնական մթնոլորտով ու բարձր տրամադրութեամբ ներկաները շարունակեցին ճաշկերոյթը։
ԹՂԹԱԿԻՑ
Քսանթի, 15 Օգոստոս 2017