Երկուշաբթի՝ 11 Դեկտեմբեր 2017ի կէսօրուան ժամը 2ին, Գեղամ Արք. Խաչերեան այցելեց Գավալայի Ս. Խաչ եկեղեցին՝ ընկերակցութեամբ հոգեւոր հովիւ Պարէտ Քհնյ. Խաչերեանի։ Սրբազան Հօր դիմաւորեցին Թաղային Խորհուրդի ատենապետ պրն. Աբրահամ Աշրեան եւ ատենադպիր տիկ. Մարի Գալայճեան։ Հոգեւոր հովիւն ու պատասխանատու անձինք զեկոյց տուին քաղաքի հոգեւոր, ազգային, կրթական ու բարեսիրական կեանքին շուրջ։ Ինչպէս նաեւ անդրադարձան տեղւոյն մտահոգութիւններուն ու դժուարութիւններուն։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախ գնահատեց տարուած աշխատանքները, ապա՝ իր գաղափարներն ու ցուցմունքը փոխանցեց կարգ մը պարագաներու վերաբերեալ։ Ետքը՝ Թաղային Խորհուրդը պատուեց իր հիւրը ճաշով մը։
Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 7ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այցելեց Քսանթի։ Տեղւոյն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի նախաձեռնութեամբ, հաւատացեալ ժողովուրդը եկեղեցւոյ մէջ դիմաւորեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր։ Ներկայ էին Ազգային Վարչութեան անդամ տիկ. Զապէլ Այվազեան եւ Կ. Կոմիտէի անդամ տիկ. Ատրիկ Ստեփանեան։
Հոգեւոր հովիւ Պարէտ Քհնյ. Խաչերեան, յանուն Քսանթիի հայկական գաղութին, բարի գալուստ մաղթեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ ժողովուրդին ներկայացուց Սրբազանի ամփոփ կենսագրականը։ Ապա՝ Թաղային Խորհուրդի ատենապետ պրն. Թագւոր Քարաօղլանեան, իր կարգին բարի գալուստ մաղթելէ ետք Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ներկայացուց Քսանթիի հայկական գաղութը եւ աշխատանքները։
Այնուհետեւ խօսք առաւ Գեղամ Արք. Խաչերեան։ Ան յայտնեց, թէ անցեալին մեր հայրերը տագնապեցան շիներու համար հայ եկեղեցին ու դպրոցը։ Իսկ մենք հիմա կը տագնապինք շինուածը պահելու համար։ Անոնք հաւատքի զօրութեամբ շինեցին եւ մենք հաւատքի զօրութեամբ պէտք է պահենք, որովհետեւ եկեղեցին հայուն ոգին ու շունչն է՝ հայ ընտանիքին ու դպրոցին կողքին։ Ան քաջալերեց բոլորին, որպէսզի գիտակցութեամբ ու մասնակցութեամբ ամուր պահեն երեք կառոյցները։ Աւարտին, ժողովուրդը երգեց «Հայր մեր»ը, որմէ ետք Սրբազան Հայրը օրհնեց բոլորը եւ մաղթեց քաջառողջութիւն ու յաջողութիւն։
Ընդունելութեան ծրագրին յաջորդեց պաշտօնական ճաշկերոյթ մը ազգային սրահին մէջ։
Ընդունելութենէն առաջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հանդիպում մը ունեցաւ Թաղային Խորհուրդին հետ, որու ընթացքին տեղեակ մնաց գաղութի հայութեան իրավիճակին մասին, կրթական, բարեսիրական եւ հոգեւոր գործունէութեանց մարզերէն ներս, ինչպէս նաեւ՝ լսեց դժուարութիւնները։ Սրբազան Հայրը այդ առթիւ փոխանցեց իր մտածումները եւ կատարեց որոշ ցուցմունքներ։

Թղթակից