Մա­լա­քեան-­Գաս­պա­րեան դպրո­ցի տօ­նա­կան հան­դէս­

Շա­բաթ, 20 ­Դեկ­տեմ­բեր 2025-ին, ­Թե­միս բա­րե­ջան ա­ռաջ­նորդ Տ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեան նա­խա­գա­հեց ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ­Մա­լա­քեան-­Գաս­պա­րեան շա­բա­թօ­րեայ վար­ժա­րա­նի ա­մա­նո­րեայ հան­դէ­սին:
­Բաց­ման խօս­քով ե­լոյթ ու­նե­ցաւ դպրո­ցի տնօ­րէ­նու­հի տիկ. ­Ռու­զան­նա ­Զա­քա­րեան, որ գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց Սր­բա­զան հօր պատ­րաս­տա­կա­մու­թեան հա­մար, ըն­դա­ռա­ջե­լու տնօ­րէ­նու­թեան հրա­ւէ­րին եւ նա­խա­գա­հե­լու ե­րե­խա­նե­րուն հան­դէ­սին։ Ա­պա, բա­րի գա­լուստ մաղ­թե­լով ներ­կա­նե­րուն, շնոր­հա­ւո­րեց բո­լո­րին ­Նոր ­Տա­րին եւ ­Սուրբ Ծ­նուն­դը։
­Յա­ջոր­դա­բար, հրա­ւի­րեց Հ.Գ.­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հին, որ­պէս­զի փո­խան­ցէ իր խօս­քը: ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դին կող­մէ իր խօս­քը ուղ­ղեց տիկ. ­Մարգ­րիտ ­Գոս­տի­կեան, ուր իր գո­հու­նա­կու­թիւնն ու խոր ու­րա­խու­թիւ­նը յայտ­նեց ու­սուց­չա­կան կազ­մին, ո­րոնք ի­րենց նո­ւի­րեալ ու մշտա­կան ներ­կա­յու­թեամբ ա­ռանց­քա­յին դեր կը ստանձ­նեն մեր գա­ղու­թա­յին կեան­քին մէջ եւ յատ­կա­պէս մեր միօ­րեայ դպրո­ցի շրջա­նա­կէն ներս, ուր սի­րով եւ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեամբ մեր ե­րե­խա­նե­րուն կը փո­խան­ցեն ու կը սոր­վեց­նեն հա­յոց գիրն ու պատ­մու­թիւ­նը։
Ա­ւար­տին, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը իր հայ­րա­կան եւ սրտա­ռուչ խօսքն ու օրհ­նու­թիւն­նե­րը փո­խան­ցեց ծնող­նե­րուն, ո­րոնք ի­րենց զա­ւակ­նե­րը վստա­հած են մեր դպրո­ցին։ Ան իր բարձր գնա­հա­տան­քը յայտ­նեց նաեւ տնօ­րէ­նու­թեան եւ ու­սու­ցիչ­նե­րուն, ո­րոնք ա­մէն ­Շա­բաթ ա­ռա­ւօտ սի­րա­յօ­ժար նո­ւի­րու­մով կը ծա­ռա­յեն դպրո­ցին մէջ։

Ս. Ս­տե­փա­նո­սի տօն եւ սար­կա­ւա­գա­կան ձեռ­նադ­րու­թիւն

­Կի­րա­կի, 21 ­Դեկ­տեմ­բեր 2025-ին, ­Յու­նաս­տա­նի թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեա­նի նա­խա­գա­հու­թեամբ, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, նշո­ւե­ցաւ Ս. Ս­տե­փա­նոս նա­խա­սար­կա­ւա­գի տօ­նը։
Ե­պիս­կո­պո­սա­կան ­Սուրբ ­Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը կի­սա­սար­կա­ւա­գու­թեան կարգ շնոր­հեց ­Թագ­ւոր Ա­ւե­տի­սեա­նին, ­Պետ­րոս ­Հա­լա­ճեա­նին եւ ­Պատ­րիկ ­Մա­րու­քեա­նին, իսկ սար­կա­ւա­գու­թեան կարգ շնոր­հեց ­Կա­րա­պետ կիս. Սրկ. ­Նա­տեա­նին։
Իր քա­րո­զին մէջ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը շեշ­տեց ծա­ռա­յու­թեան իւ­րա­յա­տուկ եւ պա­տաս­խա­նա­տու դե­րը։ ­Վեր առ­նե­լով փա­րի­սե­ցիի եւ մաք­սա­ւո­րի ա­ռա­կը, սար­կա­ւագ­նե­րուն յոր­դո­րեց ըլ­լալ պար­կեշտ ու ան­կեղծ ի­րենց յանձ­նո­ւած ծա­ռա­յու­թեան եւ պաշ­տօ­նին մէջ։ ­Թե­լադ­րեց, որ հե­ռու մնան կեղ­ծա­ւո­րու­թե­նէ եւ ցու­ցա­մո­լու­թե­նէ եւ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար ա­ղօ­թեն ան­կեղ­ծու­թեամբ ու մա­քուր սիր­տով։
Ա­պա, Սր­բա­զան հայ­րը շնոր­հա­ւո­րեց բո­լոր սար­կա­ւագ­նե­րը եւ զա­նոնք հրա­ւի­րեց Աս­տու­ծոյ քաղցր լու­ծին, որ­պէս հո­գե­ւոր խթան ի­րենց ծա­ռա­յու­թեան եւ կեան­քին։

ԹՂԹԱԿԻՑ