Հինգշաբթի՝ 16 Նոյեմբեր 2017էն սկսեալ մինչեւ Կիրակի՝ 19 Նոյեմբեր 2017, Յունաստանի հայոց թեմի նորընտիր եւ բարեջան առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ՝ Յունաստանի հայոց Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեանի, քառօրեայ իր անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ Թեսաղոնիկէ։ Այցի ընթացքին Սրբազան Հայրը մասնակցեցաւ տեղւոյն եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 114ամեակի հանդիսաւոր տօնախմբութիւններուն, տեսակցութիւն ունեցաւ Թեսաղոնիկէի յոյն-ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Տ. Անթիմոս Սրբազանի հետ, հանդիպում ունեցաւ միութիւններու եւ ազգային կառոյցներու հետ, այցելեց «Ծաղկոց» շաբաթօրեայ դպրոցը, ինչպէս նաեւ՝ եղաւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ։
Բոլոր մանրամասն հաղորդագրութիւններն ու տեղեկութիւնները կը տեսնէք յաջորդական լուրերուն մէջ։
Թղթակից
***
Առաջնորդ Սրբազան Հօր տեսակցութիւնը՝ Թեսաղոնիկէի Մետրոպոլիտ Անթիմոս Արք. Ռուսասի հետ
Ուրբաթ՝ 17 Նոյեմբեր 2017ի առաւօտեան ժամը 11։45ին, նախապէս Թեսաղոնիկէի հայոց Թաղական Խորհուրդի կողմէ առնուած ժամադրութեամբ, Յունաստանի հայոց բարեջան առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Թեսաղոնիկէ «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեանի, ինչպէս նաեւ՝ Թաղական Խորհուրդի անդամներ պրն. Արթին Աբրահամեանի (ատենապետ), պրն. Պետրոս Հալլաճեանի եւ եկեղեցւոյս Սարկաւագներէն պրն. Վահրամ Պէքթաշեանի, տեսակցութիւն մը ունեցաւ Թեսաղոնիկէի Մետրոպոլիտ Անթիմոս Արք. Ռուսասի հետ՝ Առաջնորդարանի յարկին տակ։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորած պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցաւ յոյն-ուղղափառ եկեղեցւոյ հայրերէն՝ Եւսեբիոս Վարդապետի կողմէ։
Տեսակցութեան ընթացքին, Թեմակալ Առաջնորդը իր գոհունակութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց Անթիմոս Արքեպիսկոպոսին՝ Թեսաղոնիկէի հայութեան հանդէպ անոր ցուցաբերած հոգատարութեան եւ գուրգուրանքին համար, ինչպէս նաեւ՝ փափաքեցաւ, որ հայեւյոյն սերտ յարաբերութիւնները աւելիո՛վ ամրապնդուին ու զարգանան։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յայտնեց նաեւ, որ միշտ կողք-կողքի ըլլանք՝ քրիստոնեայ ժողովուրդի բարօրութեան համար, ինչպէս նաեւ յիշեցուց Սուրիոյ հայութեան տխուր կացութիւնը՝ տեղի ունեցած արտագաղթին հետեւանքով։
Իր կարգին, Անթիմոս Մետրոպոլիտ առաջին հերթին շնորհաւորեց եւ իր խնդակցութիւնն ու ուրախութիւնը յայտնեց որպէս Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Սրբազան Հօր ընտրութեան առիթով եւ մաղթեց բարի առաքելութիւն ու աշխատանք։
Մետրոպոլիտը յայտնեց նաեւ, որ հայ գաղութը եւս, իր ժողովուրդով, մեծ տեղ եւ նշանակութիւն ունի իրեն համար եւ ինքզինք եւս կը համարէ հայ գաղութի պատասխանատու։
Տեսակցութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պատմական յուշանուէր մը յանձնեց՝ Հաղբատէն գեղեցիկ խաչքար մը նուիրելով Անթիմոս Մետրոպոլիտին։