Շաբաթ՝ 18 Նոյեմբեր 2017ի երեկոյեան ժամը 7։00ին, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ թեմի բարեջան առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանի եւ ներկայութեամբ Թեսաղոնիկէի նախորդ հոգեւոր հովիւ Սմբատ Վրդ. Սապունճեանի եւ նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեանի, ինչպէս նաեւ՝ եկեղեցւոյ Սարկաւագաց եւ Դպրաց Դասերու անդամներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին, տեղի ունեցաւ Կիրակնամուտի Ժամերգութիւն, առ ի պատրաստութիւն յաջորդ օրուան հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագին։
Սաղմոսներով, աղօթքներով եւ շարականներով լեցուն այս հոգեպարար արարողութիւնը եկաւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն հոգիներն ու սրտերը առաւել եւս լեցնելու եւ շեշտելու մեր հաւատքի ամուր կապուածութիւնն ու հաստատակամութիւնը պահպանելու հրամայականը։
Ժամերգութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց ներկաները եւ յատկապէս եկեղեցւոյ Սարկաւագաց ու Դպրաց Դասերը՝ յորդորելով նո՛յն հաւատքով ու աւելի կապուածութեամբ շարունակելու իրենց ծառայական ասպարէզը Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցիէն ներս։
Այս առիթով՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ առնուեցան յիշատակելի ու պատմական նկարներ։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր անդրանիկ այցելութիւնը՝ Թեսաղոնիկէ
Կիրակնամուտի ժամերգութիւն՝ Թեսաղոնիկէի մէջ