Շաբաթ՝ 18 Նոյեմբեր 2017ի կէսօրուան ժամը 12։30էն սկսեալ, Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան, Հ.Հ. լիազօր եւ արտակարգ դեսպան պրն. Ֆաթէյ Չարչօղլեան, Յունաստանի Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեան, ընկերակցութեամբ եկեղեցւոյ նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեանի, ինչպէս նաեւ՝ Ազգ. Վարչութեան, Թաղականութեան, Միութիւններու ներկայացուցիչներուն, այցելութիւն տուին Թեսաղոնիկէի Հայ Գթութեան Խաչի Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութիւնը վայելող Թեսաղոնիկէի «Ծաղկոց Մալաքեան-Գասպարեան» շաբաթօրեայ դպրոցին։
Սրբազան Հայրն ու անոր ընկերակցող հիւրերն ու ներկայացուցիչները դիմաւորուեցան դպրոցի տնօրէնուհի տիկ. Զապէլ Գալֆայեանի եւ Հ. Գթ. Խաչի Շրջանային Վարչութեան հին եւ նոր անդամուհիներուն կողմէ։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, իւրաքանչիւր դասարան այցելելով, աշակերտ-աշակերտուհիներուն յորդորեց ու օրհնեց՝ ըսելով.- «Ձեր մայրենի լեզուն մաքուր ու անարատ պահեցէք, սորվեցէք հայ լեզուն ու հայոց պատմութիւնը եւ օգտագործեցէք զանոնք յատկապէս ու մասնաւորաբար օտարներուն ներկայացնելով մեր պատմութիւնն ու մշակոյթը…»։
Իրենց կարգին՝ Ազգային Վարչութեան պրն. ատենապետն ու Յունաստանի մօտ Հ.Հ. պրն. դեսպանը քաջալերեցին աշակերտ-աշակերտուհիները եւ մաղթեցին յարատեւ յաջողութիւն ու բարի աշխատանք։ Ի պատիւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ ընկերակից հիւրերուն՝ աշակերտ-աշակերտուհիներուն կողմէ եղան արտասանութիւններ։
Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Ազգ. Վարչութեան ատենապետն ու Հ.Հ. դեսպանը շնորհաւորեցին դպրոցի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը, ինչպէս նաեւ՝ Հ.Գ.Խ.ի Շրջանային Վարչութեան անդամուհիները՝ անոնց նուիրեալ եւ կամաւոր աշխատանքին համար։
Այս առիթով՝ ի պատիւ հիւրերուն, տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն եւ առնուեցաւ յիշատակելի խմբանկար։
Նշենք, որ Թեսաղոնիկէի «Ծաղկոց Մալաքեան-Գասպարեան» շաբաթօրեայ դպրոցի ուսումնական-կրթական այս տարեշրջանին (2017-2018) աշակերտութեան թիւը հասած է մօտաւորապէս 120ի։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր անդրանիկ այցելութիւնը՝ Թեսաղոնիկէ
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այցելեց Թեսաղոնիկէի «Ծաղկոց Մալաքեան-Գասպարեան» շաբաթօրեայ դպրոցը