Հինգշաբթի՝ 16 Նոյեմբեր 2017ի երեկոյեան, ժամը 8։00էն սկսեալ, յունահայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանի փափաքին ընդառաջելով՝ Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցիէն ներս տեղի ունեցաւ երգչախումբի վերականգման փորձ՝ պատրաստուելու համար եկեղեցւոյս 114ամեակի հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագին իրենց մասնակցութեան. երգչախումբը դաշնակի ընկերակցութեամբ կը գլխաւորէր Տիկ. Նունէ Տօնիկեան։
Առ այդ, 20-30 մասնակիցներու ներկայութեամբ՝ երգչախումբի վերականգնման Առաջնորդ Սրբազան Հօր փափաքը իրականացաւ եւ միայն 2 փորձերով երգչախումբը կարողացաւ հանդէս գալ Առաջնորդական հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագին։ Թեմակալ Առաջնորդի ներկայութիւնը այդ փորձին առաւել եւս ոգեշնչեց ու ներշնչեց մասնակիցները, ուր ուրախ մթնոլորտի մէջ շուրջ 3 ժամ տեւողութեամբ փորձը յաջողապէս աւարտեցաւ, որպէսզի Կիրակի օր մեր ժողովուրդի զաւակները վայելէին երգչախումբի ելոյթը։
Մաղթելի է, որ Առաջնորդ Սրբազան Հօր երազը եւ փափաքը լիովին իրականանան, եւ երգչախումբի անդամ-անդամուհիները, գէթ տօնական օրերուն եւ կամ ամիսը անգամ մը, եւ ինչու չէ՝ օր մըն ալ մշտական ներկայութեամբ, ստանձնեն Թեսաղոնիկէի եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ Պատարագներուն երգեցողութեան կատարումը։ Բոլորին վարձքը կատար։
Երգչախումբի փորձէն ետք, եկեղեցւոյ կից «ՀԱՅԱՍՏԱՆ» սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ մեծ ընտանիքի հաւաքը, ուրախ մթնոլորտ, պատշաճ հիւրասիրութիւն իւրաքանչիւրին կողմէ, երջանիկ պահեր, առաւել կողք-կողքի մնալու հրամայական ու շարունակելու աննկուն կամք։ Այս առթիւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց իւրաքանչիւր մասնակիցին եւ յորդորեց շարունակելու նոյն ոգիով ու կամքով։