Ուրբաթ՝ 17 Նոյեմբեր 2017ի կէսօրուան ժամը 2։00էն սկսեալ, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ Տիկնաց Միութեան կազմակերպութեամբ, եկեղեցւոյ կից «ՀԱՅԱՍՏԱՆ» սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ մտերմիկ մթնոլորտ եւ ճաշ՝ Թեսաղոնիկէի ազգային կառոյցներուն եւ միութիւններուն հետ, ի պատիւ յունահայոց թեմի նորընտիր եւ բարեջան առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանի՝ Սրբազանի ընտրութեան ուրախ առիթով, ինչպէս նաեւ՝ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 114րդ տարեդարձի նախօրեակին, ներկայութեամբ Հ.Հ. դեսպանին, գաղութի նորանշանակ Հոգեւոր Հովիւին, ազգային կառոյցներու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն։
Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազան Հօր սեղանի օրհնութենէն ետք, ստեղծուեցաւ մտերմիկ մթնոլորտ՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ ազգային կառոյցներուն ու միութիւններուն հետ. անցեալի յուշեր, յիշատակներ, յուզումնալից պահեր վերակենդանացան սրահէն ներս. այլ խօսքով՝ 114 տարուան Թեսաղոնիկէի եկեղեցին անգամ մը եւս տեղւոյն հայութիւնը համախմբեց իր շուրջ, որպէսզի նոյն հաւատքով եւ եռանդով շարունակուին բոլոր տեսակի գործերն ու պարտաւորութիւնները հանդէպ մեր եկեղեցւոյ, ազգին, հայրենիքին ու մանաւանդ մեր ժողովուրդին։
Այս ուրախ մթնոլորտին մէջ, բնականաբար, կատարուեցան բաժակաճառեր եւ արտասանուեցան սրտի խօսքեր։
Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց բոլորը եւ յատկապէս Տիկնաց Միութեան անդամուհիները, որոնք այս մտայղացումը ունեցան քով-քովի գալու, աւելի եւս մտերմանալու եւ նոյն ոգիով շարունակելու իրենց երթը։