Յունահայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան, Երկուշաբթի՝ 11 Դեկտեմբեր 2017ի առաւօտեան ժամը 11ին, հանդիպում մը ունեցաւ Գոմոթինիի Տ. Բանտելէյմոն Մետրապոլիտին հետ, արքեպիսկոպոսարանի գրասենեակէն ներս։ Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէին հոգեւոր հովիւ Պարէտ Քհնյ. Խաչերեան եւ Թաղային Խորհուրդի ատենապետ պրն. Ստեփան Մատթէոսեան։
Մետրապոլիտը, բարի գալուստ մաղթելէ ետք Առաջնորդ Սրբազան Հօր, շնորհաւորեց անոր ընտրութիւնը եւ մաղթեց յաջողութիւն։ Ապա՝ գնահատանքով արտայայտուեցաւ քաղաքի հայկական գաղութին մասին՝ շեշտելով հայութեան կարեւոր ներդրումը քաղաքի առօրեայ կեանքին մէջ։
Սրբազան Հայրը իր գոհունակութիւնը յայտնեց Մետրապոլիտին հետ ծանօթացման համար։ Ապա՝ խօսեցաւ յունահայ գաղութի հոգեւոր ու ազգային կեանքին մասին։ Հանդիպման աւարտին Սրբազան Հայրը փայտի վրայ փորագրուած Տէրունական աղօթքը նուիրեց Մետրապոլիտին, իսկ փոխադարձը՝ ստացաւ Մետրապոլիտի հրատարակած աստուածաբանական գիրքը։
Նոյն Երկուշաբթի օրը, կէսօրուան ժամը 1։30ին, Գեղամ Արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ հոգեւոր հովիւ Պարէտ Քհնյ. Խաչերեանի, Գավալայի Թաղային Խորհուրդի ատենապետ պրն. Աբրահամ Աշրեանի եւ ատենադպիր տիկ. Մարի Գալայճեանի, հանդիպում մը ունեցաւ Գավալայի Սթեֆանոս նորընտիր Մետրապոլիտին հետ, յունաց արքեպիսկոպոսարանէն ներս։
Հանդիպման ընթացքին Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Մետրապոլիտի ընտրութիւնը եւ մաղթեց քաջառողջութիւն ու յաջողութիւն։ Իր կարգին Տ. Սթեֆանոս Մետրապոլիտը շնորհաւորեց Գեղամ Սրբազան Հօր առաջնորդական պաշտօնին ընտրութիւնը՝ մաղթելով բեղուն գործունէութիւն։ Երկու Առաջնորդները անդրադարձան իրենց վարած նախորդ պաշտօններուն, որմէ ետք անդրադարձան երկու եկեղեցիներու կարեւոր առաքելութեան։ Մետրապոլիտը յայտնեց, թէ Թեսաղոնիկէի մէջ իր գործունէութեան տարիներուն ծանօթացած էր հայկական գաղութին ու ազգայիններու։
Աւարտին, Գեղամ Արք. Խաչերեան Մետրապոլիտին նուիրեց խաչքար մը, իսկ Մետրապոլիտը նուիրեց սրբանկար եւ գիրք մը։
Երեքշաբթի՝ 12 Դեկտեմբեր 2017ի կէսօրուան ժամը 12ին, Գեղամ Արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ հոգեւոր հովիւ Պարէտ Քհնյ. Խաչերեանի, Ազգային Վարչութեան անդամ տիկ. Զապէլ Այվազեանի, Քսանթիի Թաղային Խորհուրդի ատենապետ  պրն.  Թագւոր Քարաօղլանեանի  եւ  անդամներ պրնք. Արթին Քիւրքճեանի, Միսաք Փափազեանի ու Վարդան Չիչէքեանի, այցելեց Քսանթիի Տ. Բանտելէյմոն Մետրապոլիտին։
Մետրապոլիտը ջերմօրէն ընդունեց իր հիւրերը գրասենեակէն ներս։ Ան նախ շնորհաւորեց Գեղամ Արքեպիսկոպոսի յունահայոց առաջնորդ ընտրութիւնը՝ մաղթելով անոր յարատեւ յաջողութիւն։ Ան յայտնեց, թէ վախճանեալ Տ. Խրիսթոտուլոս Արքեպիսկոպոսին հետ 1991ին այցելած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանը։ Տ. Բանտելէյմոն Մետրապոլիտը իր ուրախութիւնը յայտնեց նաեւ Քսանթիի հայկական գաղութի աշխատանքին ու բերած նպաստին կապակցութեամբ։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Մետրապոլիտի լաւ խօսքերուն ու տպաւորութեան համար։ Ապա՝ միասնաբար զրուցեցին երկու եկեղեցիներու գործունէութեան ու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն շուրջ։
Հանդիպումի աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յանձնեց քարի վրայ փորագրուած հայերէն այբուբենը, իսկ Մետրապոլիտը նուիրեց պատմական գիրք մը։

ԹՂԹԱԿԻՑ