Յովհաննէսի ու Ալբերտի ընկերութիւնը արդէն մէկ տարուան պատմութիւն ունի: Հիւանդանոցին մէջ ծանօթացած այս ընկերները սկիզբը ձեռքով ու ոտքով կը զրուցէին: Այսօր արդէն իրար տեսութեան կ՛երթան, կը խօսակցին եւ կը կատակեն: Երկու երիտասարդները Ապրիլեան պատերազմի մասնակիցներ են: Յովհաննէսը նախ ոտքէն վիրաւորուած է, սակայն չէ իջած դիրքերէն, ապա՝ գլուխէն ծանրօրէն վիրաւորուած է, որմէ ետք կորսնցուցած է իր գիտակցութիւնը:
«Բան չեմ յիշում, տառերն եմ սովորում հիմա…»,- կ՛ըսէ Յովհաննէս: Ապագայի հետ կապուած բոլոր հարցերուն Յովհաննէս մէկ պատասխան ունի՝ «Լաւանամ, յետոյ»:
Ալբերտն ալ գլուխէն ծանր վիրաւորուած էր՝ Քառօրեայ պատերազմէն շաբաթներ անց: Բանակ ծառայելու համար Ռուսիայէն վերադարձած Ալբերտը արդէն սկսած է խօսելու, իսկ յիշողութիւնը դեռ ամբողջովին չէ վերականգնած:
Ապրիլեան պատերազմ
Ապրիլեան պատերազմին վիրաւորուած Յովհաննէսն ու Ալբերտը կ՚ապաքինին