ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Ա­յո՛, անց­նող շա­բա­թը, ժո­ղովր­դա­յին լե­զո­ւով, կա­տակ չէր։
Սկ­սինք թո­ւելու ոչ ան­պայ­ման ժա­մա­նա­կագ­րա­կան կար­գով.
Ա­ռա­ջին, ­Սեպ­տեմ­բեր 2ին, Ար­ցա­խը պե­տա­կա­նօ­րէն նշեց իր ան­կա­խու­թիւ­նը։
Երկ­րորդ, եր­կու օր յետոյ, ­Հայ օգ­նու­թեան միու­թիւ­նը Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մէջ բա­ցու­մը կա­տա­րեց ­Սօ­սէ ման­կա­պար­տէ­զին՝ այդ ա­ռի­թով կազ­մա­կեր­պե­լով նաեւ հա­րիւ­րա­ւոր Հ.Օ.­Մ.ու­հի­նե­րու այ­ցե­լու­թիւ­նը Ար­ցախ, աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րէն։ Այս ձեռ­նար­կը կա­յա­ցաւ պե­տա­կան մաս­նակ­ցու­թեամբ՝ նա­խա­գա­հի մա­կար­դա­կով։
Եր­րորդ, նոյն օ­րը, Ե­րե­ւա­նի մէջ, Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պեց խորհր­դա­ժո­ղով մը՝ Ատրպէյ­ճա­նի ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան ոտնձ­գու­թիւն­նե­րուն դէմ մեր ը­նե­լիք­նե­րուն մա­սին ընդ­հա­նուր նիւ­թով։
­Չոր­րորդ, դար­ձեալ Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան 26րդ ­տա­րե­դար­ձին ա­ռի­թով, Հ.Յ.Դ. ­Հա­յաս­տա­նի կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը Ե­ռաբ­լու­րի մէջ տօ­նախմ­բեց այս ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին թո­ւա­կա­նը, միա­ժա­մա­նակ՝ կազ­մա­կեր­պեց նո­րա­գիր­նե­րու երդ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն, ո­րուն ըն­թաց­քին Հ.Յ.Դ.ին միա­ցան ա­ւե­լի քան 100 ե­րի­տա­սարդ­ներ։
­Հին­գե­րորդ, Մ. Ա­րե­ւել­քի ­Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րը ­Պէյ­րու­թի մէջ գու­մա­րե­ցին ի­րենց խորհր­դա­ժո­ղո­վը, ինչ­պէս նաեւ հրա­պա­րա­կա­յին զե­կոյ­ցով մը ներ­կա­յա­ցան հան­րու­թեան։
­Վե­ցե­րորդ, ­Սեպ­տեմ­բեր 5ին, ­Շու­շիի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հ.Յ.Դ. «­Վա­հան ­Նա­ւա­սար­դեան» ա­նո­ւա­նա­կո­չո­ւած կեդ­րո­նի շէն­քին բա­ցու­մը, որ տնտե­սա­ւո­րո­ւած էր Հ.Յ.Դ. ­Գա­նա­տա­յի կա­ռոյ­ցին կող­մէ։
Եօ­թե­րորդ, այս բո­լոր ձեռ­նարկ­նե­րու ըն­թաց­քին, տպա­գիր կամ սփռո­ւող մա­մու­լին տրո­ւած հար­ցազ­րոյց­նե­րու կամ ե­լոյթ­նե­րու ճամ­բով, հան­րու­թեան տրո­ւե­ցան լայն լու­սա­բա­նու­թիւն­ներ, ո­րոնց հիմ­նա­կան ա­ռանց­քը բնա­կա­նա­բար ­Հա­յաս­տա­նի ամ­րապն­դու­մը, Ար­ցա­խի ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան դիր­քե­րուն ու­ժե­ղա­ցու­մը, ինչ­պէս նաեւ Ս­փիւռ­քի մէջ մեր կա­տա­րե­լիք աշ­խա­տան­քա­յին դաշ­տի ընդ­հա­նուր ար­ժե­ւո­րումն էր։
Ու­թե­րորդ, ­Հա­յաս­տա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցաւ զի­նո­ւո­րա­կան ճար­տա­րա­րո­ւես­տի ար­տադ­րու­թիւն­նե­րու իւ­րա­յա­տուկ ցու­ցա­հան­դէս, որ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ մեր թշնա­մի­նե­րուն ուղ­ղո­ւած պատ­գամ մըն էր՝ ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ։
­Թե­րեւս (հա­ւա­նա­կան տա­սե­րոր­դը…) ե­ռօ­րեայ խորհր­դա­ժո­ղով մը անհ­րա­ժեշտ է այս բո­լո­րին հան­րա­գու­մա­րը ը­նե­լու, վեր­լու­ծե­լու եւ անհ­րա­ժեշտ դա­սե­րը քա­ղե­լու հա­մար։ ­Սա­կայն փոր­ձենք ա­րագ նշում­ներ կա­տա­րել, թար­մաց­նե­լու հա­մար լու­րե­րու այս տե­ղա­տա­րա­փին մէջ կքող յի­շո­ղու­թիւն­նե­րը։ Ին­նե­րորդ, եւ­րո­պա­կան մա­մու­լը լայ­նօ­րէն ար­ձա­գան­գեց Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ ե­լեւմ­տա­կան ա­պօ­րի­նի գոր­ծառ­նու­թիւն­նե­րու մա­սին լու­րե­րուն, յստակ դարձ­նե­լով այն հան­րա­յատ փաս­տը, որ ա­ւե­լի քան 2 մի­լիառ տո­լա­րի այս գոր­ծառ­նու­թիւն­նե­րը կը նե­րա­ռեն նաեւ այն կա­շառք­նե­րը, ո­րոնք տրո­ւած են զա­նա­զան քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րու։
Ա­ռա­ջին հեր­թին, Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան պաշ­տօ­նա­կան նշու­մին, Լ.Ղ.Հ. նա­խա­գա­հը, վար­չա­պե­տը եւ խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հը ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ ու մաս­նակ­ցու­թե­ամբ իսկ յստա­կօ­րէն «յայ­տա­րա­րե­ցին», թէ կառ­չած կը մնանք Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին կամ­քի ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը հան­դի­սա­ցող ան­կա­խու­թեան։
Հ.Օ.­Մ.ը իր նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ «յայ­տա­րա­րեց», թէ յանձ­նա­ռու կը մնայ Ար­ցա­խի մէջ ըն­կե­րա­յին ու կրթա­կան կա­րիք­նե­րուն նկատ­մամբ, եւ թէ այս կե­ցո­ւած­քը կը մի­տի ա­ւե­լիով կազ­մա­կեր­պել հան­րա­յին կեան­քը։
Ե­ռաբ­լու­րի մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւած ձեռ­նար­կին, Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ ­Կի­րօ ­Մա­նո­յեան 7 կէ­տե­րու մէջ խտա­ցուց ­Դաշ­նակ­ցու­թեան կե­ցո­ւած­քը Ար­ցա­խի կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ա­ռա­ջին, յար­գել 1991ին ան­կա­խու­թեան եւ ան­կէ ետք սահ­մա­նադ­րա­կան հան­րա­քո­ւէով ար­ձա­նագ­րո­ւած ժո­ղովր­դա­յին կամ­քը եւ ո­րե­ւէ լու­ծում, որ չ’ա­պա­հո­վեր Լ.Ղ.Հ. ան­կախ կար­գա­վի­ճա­կը եւ հո­ղա­յին ամ­բողջ­կա­նու­թիւ­նը, ըն­դու­նե­լի չէ։ Ան նաեւ եզ­րա­փա­կեց ը­սե­լով.- «Այ­սօր մենք այս­տեղ, Ե­ռաբ­լու­րում հա­ւա­քո­ւել ենք ոչ միայն նշե­լու Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան 26-րդ ­տա­րե­դար­ձը, այլ այս ա­ռի­թով՝ այս­տեղ հանգ­չող մեր հե­րոս­նե­րի շի­րիմ­նե­րի մօտ վե­րա­նո­րո­գե­լու մեր ուխ­տը, որ հա­ւա­տա­րիմ ենք մնա­լու ի­րենց ու­ղուն, հա­ւա­տա­րիմ ենք մնա­լու ի­րենց ճա­նա­պար­հին. չենք թող­նե­լու, որ ի­րենց գե­րա­գոյն զո­հո­ղու­թիւ­նը ի զուր տե­ղը կա­տա­րո­ւած լի­նի։ Ի­րենց սկսած գոր­ծը հասց­նե­լու ենք ա­ւար­տին»։
­Նոյն կե­ցո­ւած­քը ար­տա­յայ­տո­ւե­ցաւ նաեւ Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­մէն ­Ռուս­տա­մեա­նի կող­մէ, Ե­րե­ւա­նի մէջ կա­յա­ցած խորհրդա­ժո­ղո­վին։ Ա­սոր յա­ջոր­դած մամ­լոյ հար­ցազ­րոյց­նե­րուն ըն­թաց­քին, թէ՛ Ար­մէն ­Ռուս­տա­մեան եւ թէ՛ Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հ­րանդ ­Մար­գա­րեան ընդգ­ծե­ցին նաեւ, որ Ատր­պէյ­ճան ի­րա­կա­նու­թեան մէջ բա­նակ­ցող կողմ չէ։ Ընդգ­ծո­ւե­ցաւ նաեւ օ­տար եր­կիր­նե­րու զա­նա­զան քա­ղաք­նե­րու եւ Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մի­ջեւ «քոյր քա­ղաք­նե­րու» դրու­թիւ­նը զար­գաց­նե­լու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը՝ իբ­րեւ ճնշա­մի­ջոց Լ.Ղ.­Հ.ի ան­կա­խու­թեան ճա­նաչ­ման հա­մար։
Այս խորհր­դա­ժո­ղո­վին ի­րենց զե­կու­ցում­նե­րով մաս­նակ­ցե­ցան նաեւ զի­նո­ւո­րա­կան ու քա­ղա­քա­կան փոր­ձա­գէտ­ներ, ո­րոնք ընդգ­ծե­ցին Ատր­պէյ­ճա­նի ոտնձ­գու­թիւն­նե­րուն նկատ­մամբ մեր կող­մէ որ­դեգ­րո­ւած զի­նո­ւո­րա­կան եւ քա­ղա­քա­կան քայ­լե­րը։
Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, այս խորհր­դա­ժո­ղո­վը նաեւ պատ­գամ մըն էր ­Պա­քո­ւին, որ հայ քա­ղա­քա­կան ու զի­նո­ւո­րա­կան միտ­քը ար­թուն կեր­պով կը հե­տե­ւի դէպ­քե­րուն եւ անհ­րա­ժեշ­տու­թեան պա­րա­գա­յին, ­Հա­յաս­տան ի վի­ճա­կի է մար­տա­վա­րա­կան ճշդում­ներ կա­տա­րե­լու իր առ­նե­լիք քայ­լե­րուն մէջ։
Մ. Ա­րե­ւել­քի մէջ գոր­ծող ­Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րու խորհր­դա­ժո­ղո­վը ա­ռիթ մը հան­դի­սա­ցաւ, ըն­դար­ձակ զե­կու­ցում­նե­րու եւ քննար­կում­նե­րու ճամ­բով, որ բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րու մէջ մեր քա­ղա­քա­կան, յա­րա­բե­րա­կան ու քա­րոզ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ յա­ւե­լեալ յստա­կա­ցում­ներ մտցնենք։
­Քա­նի մը օր ա­ռաջ, երբ այս նիւ­թով խօ­սակ­ցու­թիւն մը կ’ու­նե­նա­յինք ըն­կե­րոջ մը հետ, ան կա­տա­րեց հե­տե­ւեալ կա­րե­ւոր մատ­նան­շու­մը. ­Թուր­քիան սան­ձար­ձակ «կ’ար­շա­ւէ» ա­րա­բա­կան աշ­խար­հին մէջ, գրե­թէ ա­ռանց հայ­կա­կան դի­մադ­րու­թեան, ո­րով­հե­տեւ ու­ժե­րը եւ մա­նա­ւանդ մի­ջոց­նե­րը ան­հա­ւա­սար են։ ­Սա­կայն ե­թէ մենք յա­ջո­ղինք ա­րա­բա­կան քա­նի մը բա­նա­լի պե­տու­թիւն­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն հետ մեր կող­մէ ճշդո­ւած յա­տուկ օ­րա­կար­գով հան­դի­պում­ներ ու­նե­նալ, ­Թուր­քիան ան­պայ­ման նեղ կա­ցու­թեան պի­տի մատ­նո­ւի։
Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, ի­րա­պաշտ է այն մօ­տե­ցու­մը, որ ա­րա­բա­կան աշ­խար­հը ինքն իր մէջ կ’ե­ռայ՝ շրջա­նա­յին տագ­նապ­նե­րուն բե­րու­մով։ Իսկ ­Թուր­քիան դե­րա­կա­տար է ա­րա­բա­կան այս խո­ցե­լի ի­րա­վի­ճա­կին մէջ։ ­Հե­տե­ւա­բար, ա­նի­րա­կա­նա­նա­լի պէտք չէ թո­ւի 40 մեթր հե­ռա­ւո­րու­թե­նէն հայ­կա­կան կօլ մը թրքա­կան դար­պա­սէն ներս։ ­Սա ինք­նին ցոյց կու տայ Մ. Ա­րե­ւել­քի մէջ ­Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րու աշ­խա­տան­քա­յին դաշ­տի ըն­դար­ձա­կու­թիւ­նը, ուր դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն կող­քին կան նաեւ հա­մա­պա­տաս­խան կա­րե­լիու­թիւն­ներ։
­Մէկ խօս­քով՝ այս խորհր­դա­ժո­ղո­վը հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քի զար­գա­ցու­մին հա­մար նոր խթան հան­դի­սա­նա­լու ա­մէն պատ­ճառ ու­նի։
­Ցարդ մեր կա­տա­րած նշում­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ, կը մնայ շատ կա­րե­ւոր բան մը։ ­Հայ­կա­կան տպա­գիր կամ սփռո­ւող մա­մու­լը, ­Հա­յաս­տա­նի թէ Ս­փիւռ­քի մէջ, պար­տա­ւոր է քննար­կում­նե­րու, վեր­լու­ծում­նե­րու, կլոր սե­ղա­նի ա­ռողջ բա­նա­վէ­ճի կամ այլ մի­ջոց­նե­րով, հան­րու­թեան ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նաց­նե­լու այս անց­նող շաբ­թո­ւան ի­րա­պէ՛ս հեւ­քոտ ան­ցու­դար­ձե­րուն վրայ։
Այս ը­նե­լով՝ մեր մա­մու­լը նախ անհ­րա­ժեշտ լու­սա­բա­նու­թիւն­նե­րը կու տայ եւ ներ­քին տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը կը բա­ցատ­րէ մեր ժո­ղո­վուր­դին։ Երկ­րորդ, այս ձե­ւով նաեւ, մեր մա­մու­լը մտած կ’ըլ­լայ իր իս­կա­կան դե­րին մէջ՝ հան­րա­յին կար­ծի­քը «հա­ւա­քագ­րել» եւ զի­նո­ւո­րագ­րել ու ­Հա­յաս­տա­նի հա­մար ա­ռանց­քա­յին խնդիր­նե­րու շուրջ։ Եւ եր­րորդ, մեր մա­մու­լը այս ը­նե­լով, նպաս­տած կ’ըլ­լայ մեր ժո­ղո­վուր­դի քա­ղա­քա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան եւ բարձ­րա­ցու­ցած կ’ըլ­լայ ա­նոր քա­ղա­քա­կան գի­տակ­ցու­թեան մա­կար­դա­կը։ Եր­կու շա­բաթ ա­ռաջ այս յօ­դո­ւա­ծա­գի­րը անդ­րա­դար­ձած էր քա­ղա­քա­կա­նա­ցու­մի անհրա­ժեշ­տու­թեան, չէ՞։ Ա­հա­ւա­սիկ բա­ցատ­րու­թեան փորձ մը՝ թէ ինչ կը հասկ­նանք քա­ղա­քա­կա­նա­ցում ը­սե­լով։
(­Փա­կա­գիծ. մին­չեւ ե՞րբ մեր մա­մու­լը պի­տի վխտայ ինք­նա­շար­ժի ար­կած­նե­րու, այս կամ այն տան մէջ օ­ձե­րու յայտ­նա­բե­րու­մին, կամ թէ ո՞ր պաշ­տօ­նեան ինչ­քա­նո՞վ վա­ճա­ռած կամ գնած է իր ինք­նա­շար­ժը ու նման կեղծ լու­րե­րով)։
Այն­պէս որ, մտքե­րու փո­թո­րիկ ստեղ­ծե­լու անհրա­ժեշ­տու­թիւ­նը կայ հայ­կա­կան ընդ­հա­նուր մի­ջա­վայ­րէն ներս, մա­նա­ւանդ երբ աչ­քի առ­ջեւ ու­նե­նանք անց­նող շա­բա­թը, որ ի­րա­պէս…­կա­տակ չէր։