Շարք մը միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններ Մայիս 31ին հաղորդեցին ու դատապարտեցին Թիֆլիսի մէջ անհետացած ատրպէյճանցի ընդդիմադիր լրագրող Աֆղան Մուխթարլիի վրացական ապահովական մարմիններուն կողմէ առեւանգումն ու Պաքուի իշխանութեանց յանձնումը:
Լրագրողը Վրաստան ապաստանելու իրաւունք ստացած էր երեք տարի առաջ, երբ Ալիեւներու զեղծարարութիւնները բացայայտող անոր գրութիւնները զինք Պաքուի իշխանութիւններուն թիրախ դարձուցած էին:
Յատկանշական է, որ առեւանգուելէն միայն քանի մը օր առաջ, Մուխթարլի ըսած էր, թէ Վրաստան այլեւս ապահով երկիր չէ ատրպէյճանցի այլախոհներուն համար: