2017ի Յուլիսի 1էն 30, առաջին անգամ ըլլալով, Գոքինիոյ «Սուրբ Յակոբ» եկեղեցւոյ մէջ, հոգեւոր հովիւին՝ Վահրիճ Վրդ. Ղարախանեանի կազմակերպութեամբ եւ հսկողութեամբ, տեղի ունեցաւ ամառնային դպրոցի միամսեայ դասընթացք: Այս դասընթացները առաւել չափով իրենց մէջ ամփոփեցին.-
Ա.- Աստուածաշնչային կարճ պատմուածքներ,
Բ.- Երաժշտութիւն,
Գ.- Հայկական եւ օտար պարեր,
Դ.- Ձեռային աշխատանքներ,
Ե.- Նկարչութիւն,
Զ.- Բժշկական առաջին աստիճանի բուժման մեթոդներ,
Է.- Խոհանոցային պատրաստութիւններ,
Ը.- Հեռատեսիլ դիտել,
Թ.- Խմբային աշխատանքներ եւ խաղեր եւ, ամէնէն կարեւորը, հայկական շրջանակի մէջ թրծուիլ եւ հայերէն խօսիլ:
Առաջին օրը դիմաւորեցինք շուրջ 9 փոքրիկներ, բայց կարելի է ըսել, որ թիւը օր ըստ օրէ սկսաւ աճիլ եւ հասաւ մինչեւ 25 աշակերտներու: Հունձքը առատ էր: Իւրաքանչիւր օր ունէր իր յատուկ ծրագիրը եւ փոքրիկները ուրախութեամբ ու նպատակասլաց կերպով կու գային եկեղեցի եւ կը մասնակցէին այս օգտաշատ ծրագիրին:
Ողջունելի էր մասնակցութիւնը նաեւ այն բոլոր կամաւոր օգնականներուն, որոնք իրենց ժամանակը յաճախ կը տրամադրէին գաղութին փոքրիկները զարգացնելու՝ անոնց մէջ հայրենասիրութեան ոգին վառ պահելու հեռանկարով: Ամէն երեկոյ Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ դիմատետրի էջին վրայ (Ս.Յակոբ Եկեղեցի — Εκκλησία Αγίου Ιακώβου) կը տեղադրուէին օրուան հետ առնչութիւն ունեցող փոքրիկներու կատարած աշխատանքներն ու զբաղումները:
Աւարտին՝ բոլոր մասնակիցները իրենց ծնողներուն հետ Հայր Սուրբին թելադրանքով յաճախեցին եկեղեցի, մասնակցելու համար Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին:
Բարի ամառ բոլորին եւ վարձքերնիդ կատար:
Թաղային Խորհուրդ եւ Տիկնաց Մարմին՝
Գոքինիոյ «Սուրբ Յակոբ» եկեղեցւոյ