Ա­զե­րի ծա­գու­մով եւ լե­հա­կան անձ­նագ­րով 26-ա­մեայ ե­րի­տա­սարդ մը ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ յու­նա­կան ոս­տի­կա­նու­թեան կող­մէ, Կ­րե­տէ կղզիի նա­ւա­յին եւ օ­դա­յին խա­րիսխ­նե­րը ա­պօ­րի­նի նկա­րա­հա­նե­լու ամ­բաս­տա­նու­թեամբ։
Լ­րագ­րա­կան տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն հա­մա­ձայն, ա­զե­րի ե­րի­տա­սար­դը կը նկա­րա­հա­նէր ­Սու­տա­յի ռազ­մա­կան խա­րիս­խի շար­ժում­նե­րը եւ նա­ւե­րու եր­թե­ւե­կը։ ­Կը նշո­ւի, թէ օ­րի­նա­ւոր ճամ­բով մուտք գոր­ծած է ­Յու­նաս­տան գոր­ծա­ծե­լով լե­հա­կան անձ­նա­գիր։
­Ձեր­բա­կա­լո­ւա­ծը լրտե­սու­թեան ամ­բաս­տա­նու­թեամբ ե­րէկ ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­ցաւ դա­տա­խա­զին առ­ջեւ, մինչ յու­նա­կան կար­գե­րը յա­տուհ ու­շադ­րու­թեամբ կը հե­տաքն­նեն խնդի­րը։ ­Ձեր­բա­կա­լու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի Ազ­գա­յին Անվ­տան­գու­թեան սպա­սար­կու­թեան հե­տապն­դում­նե­րուն շնոր­հիւ։
­Մա­մու­լէն կը նշո­ւի, թէ ձեր­բա­կա­լո­ւած ա­զե­րին ի­ջե­ւա­նած էր Կ­րե­տէի կեդ­րո­նա­կան հիւ­րա­նոց­նե­րէն մէ­կը եւ ու­զած էր դէ­պի ­Սու­տա­յի ծո­ցը նա­յող սե­նեակ մը։
Ըստ ոս­տի­կա­նու­թեան տե­ղե­կու­թեան, ամ­բաս­տա­նեա­լը գլխա­ւո­րա­բար նկա­րա­հա­նեց ռազ­մա­կան նա­ւե­րու շար­ժում­նե­րը եւ իր մօտ գտնո­ւե­ցան ա­ւե­լի քան 5000 լու­սան­կար­ներ, ո­րոնք այ­լոց կը փո­խան­ցէր ե­լեկտ­րո­նա­յին գաղտ­նի մի­ջոց­նե­րով։
­Նոյն տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն հա­մա­ձայն, 26-ա­մեայ ա­զե­րին կը խօ­սի թրքե­րէն ու ռու­սե­րէն եւ հար­ցապն­դում­նե­րուն ժա­մա­նակ շա­րու­նակ հա­կա­սու­թիւն­նե­րու մէջ ին­կած է։ ­Նաեւ, յու­նա­կան կար­գե­րը կը փնտռեն լու­սան­կար­նե­րը ստա­ցո­ղին ե­լեկտ­րո­նա­յին հետ­քե­րը եւ ինք­նու­թիւ­նը։