80-ա­մեայ բե­ղմ­նա­ւոր եւ ար­դիւ­նա­ւէտ շրջան մը բո­լո­րեց ­­Յու­նաս­տա­նի հայ­կա­կան օ­րա­թեր­թը՝ «Ազատ Օր»-ը, ան­ցեալ տա­րի Ա­թէն­քի մէջ, ա­պա ներ­կա­յիս ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ նշե­լով յո­բե­լե­նա­կան այս կա­րե­ւոր թո­ւա­կա­նը։
Ան­ցեալ ­­Շա­բաթ գի­շեր, 22 ­­Մարտ 2025-ին, ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­­Տէր ­­Զա­քա­րեան» ըն­դար­ձակ սրա­հէն ներս, տե­ղի ու­նե­ցաւ «Ա­զատ Օր»-ի 80-ա­մեա­կին նուի­րո­ւած ե­լոյ­թը, լե­ցուն հան­դի­սասրա­հի մը մէջ։ «Ա­զատ Օր»-ի ըն­թեր­ցող­նե­րու եւ հե­տե­ւորդ­նե­րու պատ­կա­ռե­լի թիւ մը ներ­կայ գտնո­ւե­ցաւ, տօ­նե­լու հա­մար օ­րա­թեր­թի եր­կար եր­թը, ու­րա­խա­նա­լու եւ հպար­տա­նա­լու հա­մար՝ բո­լո­րին ճի­գե­րով պա­հո­ւող եւ ճա­նա­պարհ եր­կա­րող հայ­կա­կան մեր լրա­գի­րին հա­մար։
­­Ներ­կայ գտնո­ւե­ցան ­­Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­­Վի­գէն ­­Չո­լա­քեան, ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Ե­ղիա վրդ. ­­Մալ­խա­սեան, Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէն, շրջա­նի Հ.Յ.Դ. կո­մի­տէն, ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ ­­Հա­յաս­տա­նի պա­տո­ւոյ հիւ­պա­տո­սը, ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի ­­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դը, միու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ ան­դամ­ներ։ Ո­գե­ւո­րիչ ու յու­զիչ էր  մթնո­լոր­տը, բո­լոր ա­նոնց հա­մար, ո­րոնք եր­կար տա­րի­ներ կը հե­տե­ւին եւ կը քա­ջա­լե­րեն «Ազատ Օր»-ի հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը։
­­Բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ ընկ. ­­Յո­վիկ ­­Գա­սա­պեան, որ հա­կիրճ պատ­մա­կան անդ­րա­դարձ մը կա­տա­րեց թեր­թի հրա­տա­րա­կու­թեան կա­պո­ւած պայ­ման­նե­րուն, խմբա­գիր­նե­րուն եւ նուի­րեալ­նե­րուն մա­սին, ո­րոնց ճի­գե­րով ա­պա­հո­վուած է թեր­թի հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը։
­­Յու­նա­հա­յոց թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. ­­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեա­նի ող­ջոյ­նի խօսքն ու սրտա­գին մաղ­թանք­նե­րը փո­խան­ցեց ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Ե­ղիա վրդ. ­­Մալ­խա­սեան, շնոր­հա­ւո­րե­լով թերթն ու գա­ղու­թի ե­րախ­տա­ւոր­նե­րը, ո­րոնց ջան­քե­րուն շնոր­հիւ կը շա­րու­նա­կո­ւի հայ գի­րի ու գրա­կա­նու­թեան պահ­պա­նու­մը եւ հայ մշա­կոյ­թի տա­րա­ծու­մը։
Ա­պա բեմ հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ եւ «Ա­զատ Օր»-ի նախ­կին խմբա­գիր ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­­Յա­րու­թիւ­նեան, որ խօ­սե­ցաւ Հ.Յ.­­Դաշ­նակ­ցու­թեան գա­ղա­փա­րա­կան ա­կունք­նե­րէն ճամ­բայ ա­ռած մեր թեր­թի հրա­տա­րա­կու­թեան ու ա­նոր տա­րած­ման մա­սին։
­­Յու­զիչ ե­ղաւ պար­գե­ւատ­րում­նե­րու պա­հը, երբ բեմ հրա­ւի­րո­ւե­ցան թեր­թի հա­ւա­տա­ւոր ըն­թեր­ցող­նե­րը, գնա­հա­տան­քի յու­շա­տախ­տակ մը ստա­նա­լու հա­մար։ Եր­կու թե­սա­ղո­նի­կա­հայ նո­ւի­րեալ­ներ՝ ընկ. ­­Վահ­րամ ­­Պեք­թա­շեան եւ ընկ. Ա­ւե­տիս Ա­ւե­տի­սեան, ինչ­պէս նաեւ Թ­րա­կիոյ Օ­րես­թիա­տա­յի մէջ ապ­րած տի­կին Ա­նա­յիս ­­Գա­սա­պեան, յու­շա­տախ­տակ­ներ ստա­ցան, որ­պէս նուա­զա­գոյն գնա­հա­տանք ի­րենց հա­յան­պաստ գոր­ծու­նէու­թեան եւ «Ա­զատ Օր»-ին հան­դէպ ի­րենց ցու­ցա­բե­րած քա­ջա­լե­րան­քին ու գուր­գու­րան­քին հա­մար։ ­­Տի­կին ­­Գա­սա­պեա­նի յու­շա­տախ­տա­կը յանձ­նո­ւե­ցաւ իր թոռ­նե­րուն, իսկ յա­ջորդ օր, թեր­թի տնօ­րէն ընկ. ­­Մայք ­­Չի­լին­կի­րեան շնոր­հա­ւո­րա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տո­ւաւ ա­նոր բնա­կա­րա­նը։
­­Գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գի­րը ճո­խա­ցաւ ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­­Մա­լա­քեան-­Գաս­պա­րեան» ծաղ­կո­ցի ա­շա­կերտ­ներուն կող­մէ բաղ­կա­ցած երգ­չա­խում­բի կա­տա­րում­նե­րով եւ ­­Հա­մազ­գա­յի­նի «­­Կի­լի­կիա» պա­րա­խում­բի գե­ղե­ցիկ պա­րե­րով։ Ա­պա, ե­րե­կոն շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ սի­րո­ւած երգ­չու­հի­ներ ­­Յաս­միկ ­­Բեգ­լա­րեա­նի եւ Հ­ռիփ­սի­մէ ­­Դա­նիէ­լեա­նի հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­յին եր­գե­րով, ո­րոնք ստեղ­ծե­ցին ջերմ ու խան­դա­վառ մթնո­լորտ։
«Ա­զատ Օր»-ի 80-ա­մեա­կի զոյգ ձեռ­նարկ­նե­րը Ա­թէն­քի եւ ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ ա­ռիթ մը ե­ղան նշե­լու, թէ մեծ նուա­ճու­մի հա­մա­զօր ե­րե­ւոյթ է՝ դա­սա­կան մա­մու­լին պատ­կա­նող թեր­թի մը 80-ա­մեայ ան­խա­փան եր­թը, մա­նա­ւանդ այ­սօր, տե­ղե­կատուա­կան բաց հա­մա­կար­գի եւ ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու ներ­կայ պայ­ման­նե­րուն մէջ։ «Ա­զատ Օր» Ս­փիւռ­քի հայ­կա­կան օ­րա­թեր­թե­րու եւ Հ.Յ.Դ. մա­մու­լին որ­պէս մէկ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը իր պա­տուա­բեր պա­տո­ւան­դա­նը յա­ջո­ղած է նո­ւա­ճել ու պա­հել։
­­Բա­րի երթ՝ դէ­պի 100-ա­մեակ։

Ըն­կեր ­Յո­վիկ ­Գա­սա­պեա­նի խօս­քը

Ս­փիւռ­քա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ հա­յա­տառ մա­մու­լը ե­ղաւ այն հո­գե­ւոր հայ­րե­նի­քը, ո­րուն մի­ջո­ցով սնու­ցա­նուե­ցան եւ դաս­տիա­րա­կո­ւե­ցան տա­րագրեալ ա­րեւմ­տա­հա­յու­թեան սե­րունդ­նե­րը։
Ա­ռա­ւել եւս, ­Դաշ­նակ­ցա­կան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւ­նը ար­ծար­ծող խօսքն ու գի­րը՝ կազ­մե­ցին այն հո­գե­ւոր զի­նա­նո­ցը, որ պատ­րաս­տեց հայ­կա­կան Ս­փիւռ­քի պա­հան­ջա­տէր եւ քա­ղա­քա­կա­նա­ցած տե­սա­կը, որ այդ­քան ալ յատ­կան­շա­կան չէ այլ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու սփիւռ­քաց­ման պա­րա­գա­յին։
­Յու­նա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, հա­յա­լե­զու ազ­գի, գրա­կա­նու­թեան, լրա­հո­սի, կրօ­նա­կան եւ վեր­ջա­պէս գա­ղա­փա­րա­կան դարբ­նո­ցի ջա­հա­կի­րը ե­ղաւ 1923-ին՝ Ա­թէն­քի մէջ հիմ­նո­ւած եր­բեմ­նի «­Նոր Օր»-ը, այ­սինքն մե­րօ­րեայ բո­լո­րին ծա­նօթ «Ա­զատ Օր»-ը։ Այն օ­րա­թեր­թը, որ ա­ռա­ջին հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը ե­ղաւ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ՝ նա­ցիա­կան ա­զա­տագ­րու­մէն եւ յու­նա­կան ազ­գա­մի­ջեան պա­տե­րազ­մի ա­ւար­տէն ետք, 25 ­Փետ­րո­ւար 1945-ին։
­Գաբ­րիէլ ­Լա­զեա­նի, Ան­տոն ­Կա­զէ­լի, ­Պօ­ղոս Ս­վա­ճեա­նի եւ Ա­րամ ­Շի­րի­նեա­նի մտա­ւո­րա­կան ու յե­ղա­փո­խա­կան ան­ցեա­լը կրող լու­սա­ւոր կեր­պար­նե­րը, ո­րոնք հիմ­նե­ցին «­Նոր Օր»-ը, փո­խան­ցե­ցին հայ գի­րի պաշ­տա­մուն­քը յա­ջորդ սե­րուն­դին։ ­Վազ­գէն Ե­սա­յեան ու ­Սեդ­րակ ­Գո­հա­րու­նի ստանձ­նե­ցին «Ա­զատ Օր»-ի խմբագ­րա­կան աշ­խա­տան­քը։
­Յա­ջոր­դող տա­րի­նե­րուն ար­դէն՝ լե­զուամ­շա­կոյ­թի եւ գրա­կան հան­դէ­սի կիր­քը կը վա­րա­կէ ­Յով­սէփ ­Պա­րա­զեա­նի, ­Նա­զիկ ­Ճա­մու­զեա­նի, Գ­րի­գոր ­Դա­ւի­թեա­նի եւ ­Շա­ղիկ ­Մա­րու­խեա­նի հո­գի­նե­րը, — վեր­ջինս վա­ղա­ժամ հե­ռա­ցած այս կեան­քէն։ Անժխ­տե­լի է նաեւ խմբագ­րա­տան հետ գոր­ծակ­ցող յօ­դո­ւա­ծա­գիր­նե­րու ներդ­րու­մը, ինչ­պէս օ­րի­նակ՝ ­Միհ­րան ­Քիւր­տօղ­լեան, ­Յա­րու­թիւն ­Քիւրք­ճեան, ­Նա­զա­րէթ ­Պէր­պէ­րեան եւ ու­րիշ­ներ, ո­րոնց զօ­րա­ւոր գրա­կան բնա­ծին տա­ղան­դը օժ­տեց թեր­թի է­ջե­րը։
Այ­սօր, ա­մէն ա­ռա­ւօտ, շա­տե­րուս բջի­ջա­յին հե­ռա­խօ­սի ստա­ցած ե­լեկտ­րո­նա­յին նա­մա­կի ձայ­նը կը յի­շեց­նէ, որ «Ա­զատ Օր»-ը հա­սաւ։ Ար­դիա­կան, գու­նա­ւոր, պատ­կե­րա­զարդ եւ թարմ նո­րու­թիւն­նե­րով լե­ցուն ե­լեկտ­րո­նա­յին տար­բե­րա­կը մեզ կը կա­պէ այն ժա­մա­նակ­նե­րուն հետ, երբ թուղ­թի ու թա­նա­քի հո­տը կար. ա­նոնք կա­րօ­տի զգա­ցում մը կը ստեղ­ծեն եր­բեմն։
Ա­յո՛, շատ բա­ներ փո­խո­ւած են ան­շուշտ այդ հին ստոր­գետ­նեայ տպա­րան­նե­րու ժա­մա­նակ­նե­րէն, սա­կայն կայ բան մը, որ կը մնայ նոյ­նը եւ այն է ո­րա­կը, լե­զո­ւի ո­ճը, հա­րուստ բո­վան­դա­կու­թիւ­նը, բայց ա­մէ­նա­կա­րե­ւո­րը՝ հայ­րե­նա­սի­րու­թիւն դաս­տիա­րա­կող ո­գին։ ­Ներ­կայ օ­րե­րուս խմբագ­րա­տու­նը ­Մայք ­Չի­լին­կի­րեա­նի տնօ­րէ­նու­թեան ներ­գոյ՝ կը բաղ­կա­նայ ­Քե­րոբ Է­քի­զեա­նէ եւ Ա­լիս ­Յա­րու­թիւ­նեա­նէ, ո­րոնք նոյն ժա­ռան­գո­ւած ե­ռան­դով կը շա­րու­նա­կեն ծա­ռա­յել հա­յա­տառ տպագրու­թեան ա­ւան­դը։
­Ներ­կա­յիս, «Ա­զատ Օր»-ի է­ջե­րը հարստա­ցած են յու­նա­րէն յա­ւե­լո­ւա­ծով մը, որ լոյս կը տես­նէ շա­բա­թա­կան հեր­թա­կա­նու­թեամբ, որ­պէս­զի ըն­թեր­ցա­նե­լի ըլ­լայ այն հայ­րե­նա­կից­նե­րուն կող­մէ, ո­րոնք կը դժուա­րա­նան հա­յե­րէ­նի մէջ, սա­կայն այս ձե­ւով ի­րենց հա­սա­նե­լի կը դառ­նայ օ­րա­գի­րի բո­վան­դա­կու­թիւ­նը եւ հայ­կա­կան շուն­չը։
Արդ, «Ա­զատ Օր» բո­լո­րեց իր գոր­ծու­նէու­թեան 80-ա­մեա­կը, ո­րու նո­ւի­րո­ւած է ե­զա­կի այս տօ­նախմ­բու­թիւ­նը թե­սա­ղո­նի­կա­հայ գա­ղու­թէն ներս։ 80-ա­մեակ, որ կ­՚ըն­թա­նայ մի­ջազ­գա­յին բա­ւա­կան վտան­գա­ւոր մթնո­լոր­տի մը մէջ, յատ­կա­պէս մայր հայ­րե­նի­քի եւ հայ ազ­գին հա­մար, որ 2020-23-ի Ար­ցա­խի առ­ժա­մեայ ան­կու­մէն ետք պէտք է ա­պա­քի­նի, ոտ­քի կանգ­նի, վերս­տին հա­ւա­քե­լով իր ու­ժը եւ զի­նո­ւի մեր ժո­ղո­վուր­դը յատ­կանշող յաղ­թա­կան եւ պայ­քա­րու­նակ ե­ռան­դով։ ­Մեր սրտա­գին մաղ­թանքն է, որ մօտ ա­պա­գա­յին, ազ­գա­յին յաղ­թա­նակ­նե­րու ու­րա­խա­լի լու­րե­րը ստա­նանք՝ յա­րա­տե­ւող «Ա­զատ Օր»-ին մի­ջո­ցով։

­Յու­շա­տախ­տակ­նե­րու յանձ­նում

«Ա­զատ Օր» լոյս կը տես­նէ Ա­թէն­քի մէջ, սա­կայն կը սփռո­ւի յու­նա­հայ բո­լոր հա­մայնք­նե­րուն մօտ։ 1946-47-ի մեծ հայ­րե­նա­դար­ձու­թե­նէն ետք, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի եւ ընդ­հան­րա­պէս հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տա­նի մէջ չտպո­ւե­ցան այլ թեր­թեր, բայց ա­նոնց պա­կա­սը ե­կաւ լրաց­նե­լու «Ա­զատ Օր»-ի ա­ռա­քու­մը, մե­զի փո­խան­ցե­լով հա­մայն­քա­յին, հա­մաս­փիւռ­քեան եւ ­Հա­յաս­տա­նի նո­րու­թիւն­նե­րը։
­Պէտք է նշո­ւի, որ ան­ցեալ ժա­մա­նակ­նե­րուն քա­ղա­քիս մէջ հրա­շա­լի սե­րունդ մը գո­յու­թիւն ու­նե­ցած է, որ հա­յե­րէ­նը գրե­թէ ինք­նա­վար­ժու­թեամբ սոր­ված է եւ ինք­նա­դաս­տիա­րա­կու­թեամբ դրսե­ւո­րած է լե­զո­ւամ­շա­կու­մի բարձր ճա­շակ, թղթակ­ցա­կան կապ պա­հե­լով «Ա­զատ Օր»-ի խմբագ­րու­թեան հետ եւ մե­զի հասց­նե­լով մեր գա­ղութ­նե­րու ազ­գա­յին կեան­քի ապ­րած պա­հե­րը։
Կ­՚ար­ժէ յի­շել ա­նուն­ներ, ինչ­պէս՝ ­Կա­րա­պետ ­Գաս­պա­րեա­նը, ­Ռու­բէն ­Գաս­պա­րեա­նը, ­Ժի­րայր ­Նա­տեա­նը, ­Կա­րա­պետ ­Գալ­ֆա­յեա­նը, ­Վա­հէ Ա­ւե­տի­սեա­նը, Ար­մե­նու­հի Ա­բէ­լեա­նը, ­Յա­կոբ ­Գա­սա­պեա­նը, ­Գա­լուստ ­Չա­մա­սեա­նը եւ ու­րիշ­ներ, ո­րոնք ի­րենց գրի­չով զար­դա­րե­ցին «Ա­զատ Օր»-ի է­ջե­րը, Ա­տի­կէի եւ հա­մայն հա­յու­թեան մա­տու­ցե­լով թե­սա­ղո­նի­կա­հայ ազ­գա­յին կեան­քի սիր­տին զար­կը։
Այդ ան­մո­ռա­նա­լի եւ դժբախ­տա­բար անկրկ­նե­լի սե­րուն­դին կը պատ­կա­նին նաեւ մեր մէջ գտնո­ւող ընկ. Ա­ւե­տիս Ա­ւե­տի­սեան եւ ընկ. ­Վահ­րամ ­Պէք­թա­շեան, ինչ­պէս նաեւ քա­ղաքս ծնած բայց Թ­րա­կիոյ Օ­րես­թիա­տա­յի մէջ ծա­ւա­լուն ազ­գան­պաստ ա­ռա­քե­լու­թիւն մա­տու­ցած մեր բո­լո­րին հա­րա­զատ տի­կին Ա­նա­յիս ­Գա­սա­պեա­նը։ Այս ե­րեք վե­հանձն հայ­րե­նա­կից­նե­րը ծա­ռա­յե­ցին ան­նա­հանջ ու­ժով՝ մեր ե­կե­ղեց­ւոյ, մեր մշա­կոյ­թին, մեր միու­թեանց, եւ ներ­կայ ե­ղան ազ­գա­յին կեան­քի բո­լոր մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն առ­ջեւ, իսկ տա­րի­նե­րէ ի վեր բա­ժա­նոր­դագրո­ւած ըլ­լա­լով «Ա­զատ Օր»-ին՝ նե­ցուկ կանգնե­ցան օ­րա­թեր­թի զար­գաց­ման եւ յա­րա­տեւ­ման դժո­ւար ճա­նա­պար­հին։
«Ա­զատ Օր»-ը, իր 80-ա­մեա­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թեան ա­ռի­թով, իբ­րեւ նո­ւա­զա­գոյն գո­հու­նա­կու­թեան ար­տա­յայ­տում, ի­րենց եր­կա­րա­մեայ անձ­նու­րաց ծա­ռա­յու­թեան դի­մաց, կը պար­գե­ւատ­րէ մեր ե­րեք ար­ժա­նի ազ­գա­յին­նե­րը։

***

Ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեա­նի խօս­քը

­Սի­րե­լի հայ­րե­նա­կից­ներ,

­Մեծ ու­րա­խու­թեամբ եւ յու­զու­մով հա­մախմ­բո­ւած ենք այ­սօր հոս, նշե­լու հա­մար ­Յու­նաս­տա­նի օ­րա­թերթ «Ա­զատ Օր»-ի 80-ա­մեա­կը եւ գնա­հա­տե­լու հա­մար բո­լոր այն նո­ւի­րեալ­նե­րուն եր­կար շար­քը, ո­րոնք կը ծա­ռա­յեն՝ մեր մա­մու­լը, մեր ա­կումբ­նե­րը, մեր ազ­գա­յին եւ միու­թե­նա­կան կեան­քը աշ­խուժ ու կազ­մա­կեր­պո­ւած պա­հե­լու հա­մար։
Ս­փիւռ­քի մէջ ապ­րե­լով լաւ գի­տենք, թէ որ­քան խիստ ու ա­մէ­նօ­րեայ պայ­քար է հա­յու ինք­նու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու աշ­խա­տան­քը։ ­Հայ­րե­նի հո­ղէն կտրուած, ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն մա­զա­պուրծ փրկուած հա­յու­թեան բե­կոր­նե­րուն հա­մար՝ նոր հանգ­րո­ւան մը կը սկսէր, ուր հայ մար­դը այլ եր­կիր­նե­րու մէջ ապ­րե­լով՝ պի­տի պաշտ­պա­նէր իր լե­զուն ու մշա­կոյ­թը, պի­տի դաս­տիա­րա­կէր նոր սե­րունդ­նե­րը եւ նոր ե­րանդ եւ ուժ պի­տի տար հա­յու­թեան ազ­գա­յին պա­հանջ­նե­րու հե­տապն­դու­մին։ Այդ­պէս կը ծնէր ­Հայ ­Դա­տը, այդ­պէս հայ ե­րի­տա­սար­դը իր ու­սե­րուն վրայ կ­՚առ­նէր մեր ազ­գի ի­րա­ւունք­նե­րը պաշտ­պա­նե­լու պար­տա­կա­նու­թիւ­նը։ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թիւնն էր, որ հա­ւա­տա­լով գոր­ծի էու­թեան՝ իր ու­ժե­րը կը լա­րէր եւ գա­ղու­թը կազ­մա­կեր­պե­լու աշ­խա­տան­քը կը տա­նէր։ Իւ­րա­յա­տուկ նո­ւի­րու­մով, յա­մառ, ու եր­բեմն ա­պե­րախտ պայ­ման­նե­րով, բայց բարձր գի­տակ­ցու­թեամբ ու ան­շա­հախնդիր հա­ւատ­քով։
Այս­պէս կը սկսէր նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի «­Նոր Օր» օ­րա­թեր­թի պատ­մու­թիւ­նը 1923-ին։
­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Յու­նաս­տա­նի ­Պա­տաս­խա­նա­տու ­Մար­մին­նե­րու հե­տե­ւո­ղա­կան ու խիստ ջան­քե­րուն շնոր­հիւ, ­Նոր Օ­րը կը գոր­ծէր, ա­պա կը վե­րա­նո­ւա­նո­ւէր «Ա­զատ Օր», որ կը շա­րու­նա­կէ ան­խա­փան հ­րա­տա­րա­կո­ւիլ մին­չեւ օրս։
Ո­մանք պի­տի ը­սեն, որ «Ա­զատ Օր»-ը լրա­գիր մըն է։ ­Պի­տի չհա­մա­ձայ­նինք։
«Ա­զատ Օր»-ը հայ­կա­կան լրա­գիր մըն է, բայց յու­նա­հայ գա­ղու­թին հա­մար «Ազատ Օր»-ը իր ա­մէ­նօ­րեայ զար­կե­րակն է, որ մեզ բո­լորս միաց­նող ոս­կեայ օ­ղա­կը կը դառ­նայ, մեր բո­լոր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն հա­մար՝ Ա­թէն­քէն ­Թե­սա­ղո­նի­կէ, Թ­րա­կիա, Կ­րե­տէ եւ ­Պե­ղո­պո­նէզ։
­Թեր­թի բո­վան­դա­կու­թեան պատ­րաս­տու­թե­նէն զատ, հայ օ­րա­թեր­թի խմբագրա­տու­նը կեն­դա­նի վայր ու ժո­ղո­վուր­դին հետ ա­մէ­նօ­րեայ երկ­խօ­սու­թիւն պա­հող ազ­դակն է, ուր խմբագ­րա­կան աշ­խա­տան­քին կող­քին՝ յօ­դո­ւա­ծա­գիր­նե­րու եւ միու­թե­նա­կան կա­ռոյց­նե­րու հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան, գա­ղու­թա­յին ձեռ­նարկ­նե­րու թղթակ­ցու­թիւն­նե­րու, միու­թե­նա­կան աշ­խու­ժու­թիւն­նե­րու լու­սա­բա­նու­թիւն­նե­րու լայն դաշտ մը կայ։ Իսկ զգա­ցա­կան կա­պը, որ ու­նին ըն­թեր­ցող­նե­րը ի­րենց ա­ռօ­րեայ ըն­կե­րոջ՝ «Ազատ Օր»-ին հետ, թան­կա­գին այն թթո­ւա­ծինն է, որ խմբագ­րա­կան կազ­մեր եւ պա­տաս­խա­նա­տու մար­մին­ներ յա­ւե­լեալ պար­տա­կա­նու­թեան առ­ջեւ կը բե­րէ։
­Բայց այս կա­պը միայն ե­թէ փո­խա­դարձ ձե­ւով ըլ­լայ, կրնայ թեր­թը կեն­դա­նի պա­հել յա­ջոր­դող սե­րունդ­նե­րուն հա­մար ալ։
Մ­ղիչ ու­ժը այս գոր­ծին մէջ ե­ղած է միշտ ժո­ղո­վուր­դի վստա­հու­թիւ­նը, քա­ջա­լե­րանքն ու գուր­գու­րան­քը հայ թեր­թին հան­դէպ։
Եւ այ­սօր, այս տօ­նա­կան օ­րո­ւան ա­ռի­թով, մեր առ­ջեւ բա­ցո­ւող մեծ մար­տահրա­ւէ­րը՝ վա­ղո­ւան օ­րը մտա­ծե­լու եւ այն ա­ւե­լի ար­դիւ­նա­բեր դարձ­նե­լու մտա­սե­ւե­ռումն է։ ­ Պա­հե­լով մեր օ­րա­թեր­թի հիմ­քը հան­դի­սա­ցող լրա­տո­ւու­թեան, կար­ծիք­նե­րու փո­խա­նակ­ման եւ վեր­լու­ծու­մի ու գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան յօ­դուած­նե­րու հրա­պա­րա­կը, պէտք է ա­պա­հո­վել թեր­թի յա­ւե­լեալ տա­րա­ծու­մը եւ իւ­րա­քան­չիւր յու­նա­հայ ըն­տա­նի­քի, թէ ան­հա­տի մօտ հա­սա­նե­լիու­թիւ­նը։
Երբ հա­յե­րէն ըն­թեր­ցա­նու­թիւ­նը տար­բեր պատ­ճառ­նե­րով նա­հանջ կ­՚ապ­րի՝ հա­յա­խօ­սու­թեան նո­ւա­զում, ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու չա­փա­զանց օգ­տա­գոր­ծում, լա­տի­նա­տառ հա­յե­րէն, ոչ բա­ւա­րար ժա­մա­նակ, գրա­կա­նու­թեան գոր­ծե­րու սահ­մա­նա­փակ վե­րահ­րա­տա­րա­կում, հա­յու­թեան հար­ցե­րէ մե­կու­սա­ցում, եւ այլն եւ այլն, նոյն­չափ կա­րե­ւոր կը դառ­նայ ըն­թեր­ցող մար­դու պատ­րաս­տու­թեան հար­ցը, այն­քան՝ որ­քան ե­րի­տա­սարդ սե­րունդ­նե­րու հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեան ջամ­բու­մը։ ­Նոյն պա­հուն, թեր­թը ին­քը պար­տի նոր ձե­ւեր գտնել, յու­նա­րէն լե­զուն նաեւ օգ­տա­գոր­ծել, որ­պէս­զի հաս­նի բո­լո­րին։
­Թե­սա­ղո­նի­կէի եւ Թ­րա­կիոյ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն հա­մար յատ­կա­պէս, պէտք է ը­սել, որ ե­ղած են այն հա­ւա­տա­ւոր ըն­թեր­ցող­նե­րը, ո­րոնք ե­թէ նոյ­նիսկ մէկ օր ու­շա­նա­յին թեր­թը ստա­նա­լու, ան­մի­ջա­պէս խմբագ­րա­տուն հե­ռա­ձայ­նե­լով կը պա­հան­ջէին ի­րենց ա­ռօ­րեայ կա­պը հայ թեր­թին հետ։
­Յու­նա­հայ գա­ղու­թը «ԱԶԱՏ ՕՐ»-ի սի­րա­հարն է, ո­րով­հե­տեւ թեր­թի 80-ա­մեայ հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը ա­պա­հո­ված է ինք՝ մեր գա­ղու­թը, իր տաս­նեակ գրող­նե­րով, թղթա­կից­նե­րով, աշ­խա­տա­կից­նե­րով, հա­ւա­տա­րիմ բա­ժա­նորդ­նե­րով, ըն­թեր­ցող­նե­րով։ Ա­նոնք փաս­տած են, թէ կան­գուն պա­հել թեր­թը, կը նշա­նա­կէ ա­պա­հո­վել ա­պա­գայ սե­րունդ­նե­րու ժա­ռան­գը, փո­խան­ցե­լով սէրն ու տե­սիլ­քը՝ հայ մա­մու­լի նո­րա­նոր սպա­սա­ւոր­նե­րուն։