Շաբաթ, 22 Մարտ 2025-ին, երեկոյեան ժամը 8-ին,
Թեսաղոնիկէի «Տէր Զաքարեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ
«Ազատ Օր»-ի 80-ամեակին նուիրուած երեկոյ:
Գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն՝
— Երգչուհիներ Յասմիկ Բեգլարեան եւ Հռիփսիմէ Դանիէլեան
— «Մալաքեան-Գասպարեան» ծաղկոցի աշակերտներու երգչախումբ
— Համազգայինի «Կիլիկիա» պարախումբ
Մասնակցութեան սակ՝ 15 եւրօ (կը ներառնէ ճաշ եւ խմիչք), փոքրերու համար՝ 5 եւրօ:
Սեղան ապահովելու համար հեռաձայել՝ 2310275352 (ժամը 10:00-14:00):
Ազատ Օրի վարչութիւն