­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մա­կան ե­րես­փո­խա­նա­կան ժո­ղո­վէն՝ ան­ցեալ ա­մառ ընտ­րո­ւած թե­մի նո­րըն­տիր ա­ռաջ­նորդ գերպ. Տ. ­Սա­հակ Ծ. վրդ. Ե­մի­շեան, իր պաշ­տօ­նը ստանձ­նեց ­Սեպ­տեմ­բե­րին։ ­Հայր սուր­բին հա­մար նոր վայր մը չէ ­Յու­նաս­տա­նը, ո­րով­հե­տեւ ան­ցեա­լին ան ծա­ռա­յած է որ­պէս հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հայ հա­մայն­քէն ներս եւ ար­դէն ծա­նօթ է յու­նա­հայ կեան­քին։
Իր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան մեկ­նար­կին ա­ռի­թով, «Ա­զատ Օր» հար­ցազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ ա­ռաջ­նոր­դին հետ։ ­Հայր սուր­բին ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րուն մէջ նկա­տե­ցինք հան­դարտ ու կշռա­դա­տո­ւած խօսք ար­տասանե­լու յատ­կու­թիւ­նը։ Այս­պէս, մեր խօ­սակ­ցու­թիւ­նը ան­ցաւ շա­հե­կան մթնո­լոր­տի մէջ, ո­րուն ըն­թաց­քին ի յայտ ե­կան շարք մը մտա­ծում­ներ եւ ծրա­գիր­ներ ա­պա­գա­յին մա­սին։ ­Մեզ յատ­կա­պէս տպա­ւո­րե­ցին ա­նոր բարձ­րա­գոյն ուս­ման ի­րա­գոր­ծում­նե­րը։ 2018-ին ան ստա­ցաւ Աս­տո­ւա­ծա­բա­նու­թեան եւ ­Հո­վո­ւու­թեան մա­գիստ­րո­սի վկա­յա­կան (M.A.T.M.) ­Պոս­տո­նի հա­մալ­սա­րա­նէն, իսկ 2021-էն ի վեր կը շա­րու­նա­կէ իր ու­սու­մը՝ ­Փի­լի­սո­փա­յու­թեան դոկ­տո­րա­կան աս­տի­ճա­նի նո­ւաճ­ման հա­մար։
Ս­տո­րեւ, կը ներ­կա­յաց­նենք նո­րըն­տիր ա­ռաջ­նոր­դին հետ ու­նե­ցած հե­տաքրքրա­կան զրոյ­ցը՝ ազ­գա­յին եւ հո­գե­ւոր կեան­քի պատ­կե­րա­ցում­նե­րուն մա­սին։

***

Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով նո­րըն­տիր ա­ռաջ­նոր­դին՝ զրոյց ը­նե­լու թեր­թին հետ, ա­ռա­ջին հեր­թին կը խնդրենք ամ­փոփ գի­ծե­րու մէջ ներ­կա­յաց­նել իր հո­գե­ւոր ծա­ռա­յու­թեան գլխա­ւոր ի­րա­գոր­ծում­նե­րը, թեր­թիս ըն­թեր­ցող­նե­րուն հետ ա­ւե­լի լայն ծա­նօ­թու­թիւն ստեղ­ծե­լու մի­տու­մով։
­Հայր սուր­բը նա­խա­պէս իր ող­ջոյն­նե­րը կը յայտ­նէ «Ա­զատ Օր»-ի խմբագ­րա­կան կազ­մին եւ ըն­թեր­ցող­նե­րուն, ա­պա կը շեշ­տէ իր ու­րա­խու­թիւ­նը հար­ցազրոյ­ցի կազ­մա­կերպ­ման հա­մար։ ­Ման­րա­մաս­նե­լով իր հո­գե­ւոր ծա­ռա­յու­թեան հանգրո­ւան­նե­րուն մա­սին, ան կ­՚ը­սէ՝

-«Ար­դէն 18 տա­րի է, որ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ դա­րա­ւոր սուրբ Ա­թո­ռի միա­բան եմ։ Անց­նող տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին, ստանձ­նած եմ թէ՛ վա­նա­կան եւ թէ՛ թե­մե­րու մէջ զա­նա­զան պաշ­տօն­ներ։
­Հո­գե­ւոր ծա­ռա­յու­թեան մէջ բո­լորն ալ գլխա­ւոր ի­րա­գոր­ծում­ներ են, սա­կայն ե­թէ ու­զենք ա­նոնց­մէ քա­նի մը հա­տը ա­ռանձ­նաց­նել, կը յի­շեմ Ան­թի­լիա­սի ար­խի­ւա­տան պա­տաս­խա­նա­տու ե­ղած տա­րի­նե­րուն Ա­տա­նա­յի 100-ա­մեա­կի շատ կա­րե­ւոր ցու­ցա­հան­դէ­սին ի­րա­գոր­ծու­մը, Ե­րի­տա­սար­դա­կան բա­ժան­մուն­քի պա­տաս­խա­նա­տու ե­ղած ժա­մա­նակ 2008-ի ե­րի­տա­սար­դա­կան նշա­նա­կա­լից հա­մա­գու­մա­րը, ո­րուն կը մաս­նակ­ցէին մեր բո­լոր թե­մե­րէն ժա­մա­նած ա­ւե­լի քան 110 ընտ­րեալ ե­րի­տա­սարդ­ներ։
­Թե­մա­կան կեան­քէն ներս կա­րե­ւոր կը նկա­տեմ իմ ա­ռա­ջին հո­վո­ւա­կան պաշ­տօ­նը ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ 2010-2013 տա­րի­նե­րուն։
2019-ին նշա­նա­կո­ւե­ցայ Ա­ռաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նորդ ­Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի ա­րե­ւե­լեան թե­մին։ Եւ վեր­ջա­պէս, հո­գե­ւոր ծա­ռա­յու­թեան գլխա­ւոր ի­րա­գոր­ծում­նե­րէն վեր­ջի­նը՝ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ ընտ­րո­ւիլն էր»։

Ար­դէն չորս ամ­սո­ւան պաշ­տօ­նա­վա­րու­թե­նէ ետք, կը փա­փա­քինք ի­մա­նալ ­Հայր սուր­բէն իր ա­ռա­ջին տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը յու­նա­հայ ազ­գա­յին կեան­քի եւ ընդ­հան­րա­պէս գա­ղու­թին մա­սին։
Ան մեզ կը ներ­կա­յաց­նէ իր կա­տա­րած բազ­մա­թիւ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րուն եւ պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րուն ճամ­բով ծա­նօ­թա­ցու­մը թե­մի գրե­թէ բո­լոր հա­մայք­նե­րուն հետ, բա­ցա­ռու­թեամբ մէկ-եր­կու­քի։ ­Կը մատ­նան­շէ, թէ ինչ­պէս ա­մէն տեղ, բնա­կա­նա­բար ­Յու­նաս­տա­նի ազ­գա­յին կեանքն ալ իր վե­րի­վայ­րում­նե­րը եւ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը ու­նի։ Դ­ժո­ւար է հա­մե­մա­տել ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի կամ Ա­մե­րի­կա­յի թե­մե­րուն հետ։ Անց­նող չորս ա­միս­նե­րուն նկա­տած է, որ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մը իր իւ­րա­յա­տուկ կազ­մա­ւո­րու­մը եւ գոր­ծառ­նու­թիւ­նը ու­նի։
­Փոր­ձե­լով հպել ա­ռաջ­նորդ ­Հայր սուր­բին մտա­ծում­նե­րը յու­նա­հայ ազ­գա­յին կեան­քին մա­սին, կը յի­շեց­նենք, թէ անց­նող տա­րի­նե­րը Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տին կող­մէ հռչա­կո­ւե­ցան որ­պէս «Ս­փիւռ­քի տա­րի­ներ»։
­Նաեւ, ­Վե­հա­փա­ռը ան­ցեալ տա­րի ա­ռի­թը ու­նե­ցաւ լայ­նօ­րէն բա­ցատ­րել իր պատ­կե­րա­ցում­նե­րը յու­նա­հայ գա­ղու­թի ազ­գա­յին մար­մին­նե­րուն։ ­Կը հարցնենք՝ ո­րո՞նք են այն ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը, որ այ­սօր առն­չո­ւած են յու­նա­հայ կեան­քի վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման գոր­ծըն­թա­ցին հետ։ Ան կը բա­ցատ­րէ՝

-«­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը ար­դա­րօ­րէն կը շեշ­տէր «Ս­փիւռ­քի ­Տա­րի»-ն։ ­Կը յի­շեմ իր խօս­քը ուր կ­՚ը­սէր, «­Հա­յաս­տա­նը կը պար­պո­ւի, իսկ Ս­փիւռ­քը կը մա­շի»։
­Լուրջ մար­տահ­րա­ւէր եւ մտա­հո­գու­թիւն է Ս­փիւռ­քի վե­րա­կազ­մա­կեր­պու­մը։ ­Յու­նա­հայ կեան­քի վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րէն է ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը։ ­Մե­ծա­պէս զգա­լի է ե­րի­տա­սար­դին բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը թէ՛ ե­կե­ղեց­ւոյ եւ թէ՛ ազ­գա­յին կեան­քէն ներս։
­Մեր աշ­խա­տանք­նե­րուն ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րէն մէ­կը պի­տի ըլ­լայ փոր­ձել ե­կե­ղե­ցին տա­նիլ ե­րի­տա­սար­դին։ Եւ այդ աշ­խա­տանք­նե­րուն մաս կը կազ­մեն մեր հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րը։ Ս­փիւռ­քի կազ­մու­թեան մէջ մեծ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նին նաեւ մեր հայ­կա­կան ա­մէ­նօ­րեայ, շա­բա­թօ­րեայ եւ կի­րակ­նօ­րեայ դպրոց­նե­րը։ Բ­նա­կա­նա­բար, չմոռ­նանք մեր գոր­ծա­կից միու­թիւն­նե­րու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը. մենք կա­րե­ւոր եւ հրա­մա­յա­կան կը նկա­տենք ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի, ­Հա­մազ­գա­յի­նի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի, Ե­րի­տա­սար­դա­կան եւ Պա­տա­նե­կան միու­թիւն­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ մա­մու­լի` «Ա­զատ Օր»-ի գոր­ծուն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը վե­րա­կազ­մա­կերպ­չա­կան գոր­ծըն­թա­ցին մէջ»։

­Հայր սուր­բին շեշ­տա­ւո­րու­մը հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան ներգ­րաւ­ման մարտ­ա­հա­ւէր­նե­րուն վրայ, ա­ռի­թը կու տայ հարց­նել, թէ ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է մշա­կել ծրա­գիր­ներ եւ գտնել ե­րի­տա­սար­դու­թեան հետ շփո­ւե­լու այն յար­մար ու­ղի­նե­րը, ո­րոնք պի­տի սա­տա­րեն նաեւ ա­նոնց կա­րե­ւոր մաս­նակ­ցու­թեան ազ­գա­յին, ու­սում­նա­գի­տա­կան, ըն­կե­րա­յին եւ վար­չա­կան կեան­քին։ ­Հե­տե­ւեալ կեր­պով կը բա­նա­ձե­ւէ իր մտա­ծում­նե­րը՝

-«­Նա­խա­պէս ար­դէն խօ­սե­ցայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն ներգ­րաւ­ման մա­սին։ Բ­նա­կա­նա­բար ե­րի­տա­սար­դը կը ձգտի իր հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րէն մղո­ւած։ ­Մեր նպա­տակ­նե­րէն մէկն է ստեղ­ծել ե­րի­տա­սարդ­նե­րէ կազ­մո­ւած խումբ, որ պի­տի կազ­մա­կեր­պէ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն հե­տաքրք­րող ձեռ­նարկ­ներ եւ հա­ւա­քոյթ­ներ։ ­Մեր հո­գե­ւոր հո­վիւ­նե­րուն հետ յա­տուկ աշ­խա­տանք­ներ պի­տի տա­նինք ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ճանչ­նա­լու՝ թէ՛ հո­գե­ւոր եւ թէ՛ ազ­գա­յին կեան­քին մէջ կա­մաց կա­մաց ներգ­րա­ւե­լու հա­մար։ Այս աշ­խա­տանք­նե­րը մէկ օ­րէն միւ­սը չեն ըլ­լար, սա­կայն հաս­տատ քայ­լե­րով աշ­խա­տան­քը առ­ջեւ պի­տի տա­նինք, բնա­կա­նա­բար մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րու օգ­նու­թեամբ»։

­Մաս­նա­ւո­րե­լով մեր խօ­սակ­ցու­թիւ­նը հո­գե­ւոր կեան­քի ծաղ­կու­մի կա­րե­ւո­րու­թեան վրայ, կը փա­փա­քինք ի­մա­նալ, թէ ո­րո՞նք են նո­րըն­տիր ա­ռաջ­նոր­դին եւ ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն պատ­կե­րա­ցում­նե­րը հո­գե­ւոր եւ ծա­ռա­յա­կան մա­տու­ցու­մի, ծու­խե­րուն եւ ըն­տա­նիք­նե­րուն հետ շփման ու ա­նոնց հո­գեմ­տա­ւոր սնունդ հայ­թայ­թե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ ­Հայր սուր­բը շարք մը ծրա­գիր­ներ կը բա­նայ մեր առ­ջեւ, ո­րոնք կ­՚ընդգր­կեն ծխա­կան մար­մին­նե­րու մաս­նակ­ցու­թիւ­նը եւ աշ­խու­ժու­թիւ­նը։

-«­Շատ կա­րե­ւոր եւ կեն­սա­կան հարց տուիք։ ­Հո­գե­ւոր ծա­ռա­յու­թեան, ծու­խե­րու եւ ըն­տա­նիք­նե­րու հետ շփման հիմ­նա­կան մի­ջո­ցը մեր հո­գե­ւոր հո­վիւ­ներն են։ ­Յա­ռա­ջի­կա­յին պի­տի կազ­մա­կեր­պենք հո­գե­ւոր հո­վիւ­նե­րու վե­րա­կազ­մա­ւոր­ման սե­մի­նար­ներ եւ ծրա­գիր­ներ։
­Հո­գե­ւոր հո­վիւ­նե­րու կող­քին, կա­րե­ւոր ծա­ռա­յու­թիւն կը մա­տու­ցեն մեր հո­գա­բար­ձու­նե­րը կամ ինչ­պէս ո­րոշ շրջան­նե­րու մէջ կ­՚ը­սեն՝ թա­ղա­կան­նե­րը։ Ե­կե­ղեց­ւոյ կեան­քի վե­րաշ­խու­ժաց­ման մէջ հո­գա­բար­ձու­նե­րը կա­րե­ւոր բա­ժին ու պար­տա­կա­նու­թիւն ու­նին։ ­Թե­մի կա­րե­ւոր աշ­խա­տանք­նե­րէն մէ­կը պէտք է ըլ­լայ հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թեամբ գնա­հա­տել, ար­ժե­ւո­րել, վե­րա­կազ­մա­ւոր­ման աշ­խա­տանք­ներ կա­տա­րել ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ աշ­խու­ժու­թիւն եւ խան­դա­վա­ռու­թիւն ստեղ­ծե­լով։ ­Հո­գեմ­տա­ւոր սնունդ հայ­թայ­թե­լու հա­մար յա­ռա­ջի­կա­յին պի­տի ու­նե­նանք ­Սուրբ Գ­րոց սեր­տո­ղու­թիւն­ներ, հո­գե­ւոր եւ բա­ցատ­րա­կան հրա­տա­րա­կու­թիւն­ներ»։

­Մեր զրոյ­ցը կը կեդ­րո­նա­նայ գա­ղու­թի կրթա­կան մար­զին վրայ։ Եր­կուքս ալ կը հաս­տա­տենք, թէ հա­յակր­թու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ մնալ յու­նա­հայ գա­ղու­թի աչ­քին լոյ­սը։ ­Կը մատ­նան­շենք մեր ազ­գա­յին մար­մին­նե­րու՝ տաս­նա­մեակ­նե­րու վրայ ստանձ­նած Հ.Կ.­Խա­չի ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու մա­տա­կա­րար­ման դժո­ւա­րին գոր­ծը։ ­Նաեւ, ա­մէն գա­ղու­թի նման, հոս եւս դի­մագ­րա­ւած լուրջ տագ­նապ­նե­րը հա­յե­ցի կրթու­թեան ծրա­գիր­նե­րու ար­դիւ­նա­ւոր­ման հա­մար։ ­Կը փա­փա­քինք ի­մա­նալ ­Հայր սուր­բի մտո­րում­նե­րը ծրա­գիր­նե­րու, յու­նա­հայ ըն­տա­նիք­նե­րու ներգ­րաւ­ման ու նոր ու­սու­ցիչ­նե­րու պատ­րաս­տու­թեան նկատ­մամբ, եւ ընդ­հան­րա­պէս մեր կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը սփիւռ­քա­հայ հա­յա­գի­տա­կան ծրա­գիր­նե­րուն մաս­նա­կից դարձ­նե­լու առն­չու­թեամբ։
­Հայր սուր­բը ու­րո­ւագ­ծում մը կը կա­տա­րէ աշ­խա­տան­քի ընդ­հա­նուր շրջա­գի­ծին մա­սին, ընդգ­ծե­լով, թէ հա­յե­ցի կրթու­թեան ծրագ­րումն ու ա­նոր յա­ջո­ղու­թիւ­նը եր­կար վազ­քի վրայ յա­րա­փո­փոխ ըն­թացք մըն է, որ կը պա­հան­ջէ գա­ղու­թի բո­լոր գոր­ծօն­նե­րու հա­ւա­քա­կան զօ­րա­շար­ժը։

-«Բ­նա­կա­նա­բար, Ազ­գա­յին ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի աշ­խա­տանք­նե­րու զգա­լի մա­սը կը կազ­մեն մեր դպրոց­նե­րը։ Դժ­բախ­տա­բար, վեր­ջին տա­րի­նե­րուն նկա­տե­լի է ա­շա­կերտ­նե­րու թի­ւի նո­ւա­զում եւ այս ուղ­ղու­թեամբ Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նը եւ Ու­սում­նա­կան խոր­հուր­դը կը փոր­ձեն մի­ջոց­ներ գտնել ա­շա­կերտ­նե­րու թի­ւը պահ­պա­նե­լու հա­մար։ Այդ մի­ջոց­նե­րէն են՝ ու­սու­ցիչ­նե­րու վե­րա­կազ­մա­ւո­րու­մը մաս­նա­գէտ­նե­րու կող­մէ, ինք­նա­շարժ­նե­րու տրա­մադ­րու­թիւ­նը դիւ­րին փո­խադ­րու­թիւն­նե­րու հա­մար, տար­բեր մի­ջոց­նե­րով ա­պա­հո­վել նիւ­թա­կան պա­հանջ­քը, ե­կե­ղե­ցի­նե­րու աշ­խու­ժա­ցու­մով նպաս­տել նաեւ մեր դպրոց­նե­րու աշ­խա­տան­քին։ Ու­սում­նա­կան խոր­հուր­դին հետ հա­մա­խոր­հուրդ, յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ պի­տի հաս­տա­տո­ւին Ս­փիւռ­քի այլ վար­ժա­րան­նե­րու հետ, փո­խա­նա­կե­լու հա­մար յա­ռաջ ե­կած դժուա­րու­թիւն­նե­րը եւ յա­ջո­ղու­թիւն գտած կրթա­դաս­տիա­րակ­չա­կան լու­ծում­նե­րը», կ­՚ա­ւելց­նէ ան։

­Մեր զրոյ­ցը կ­՚ուղ­ղո­ւի յու­նա­հայ ազ­գա­յին կեան­քի կա­րե­ւոր գոր­ծօն­նե­րէն՝ ­Հիւ­սի­սա­յին եւ ­Հա­րա­ւա­յին ­Յու­նաս­տա­նի հա­մայք­նե­րուն, ո­րոնք Ա­թէն­քէն հե­ռու կը գտնո­ւին եւ ա­նոնց առ­ջեւ ցցո­ւած են բազ­մա­թիւ դժո­ւա­րու­թիւն­ներ ու խնդիր­ներ։ ­Կը հարց­նենք, թէ ինչ­պէ՞ս ա­ռաջ­նոր­դը կը տես­նէ այդ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րու ա­ռա­ւել կազ­մա­կեր­պու­մը եւ ներգ­րա­ւու­մը ազ­գա­յին հա­մայ­նա­կան կեան­քէն ներս, մաս­նա­ւո­րե­լով նաեւ կա­պը գա­ղու­թի մայր մար­մի­նին հետ՝ որ­պէս մէկ ամ­բող­ջու­թիւն։

-«Ինչ­պէս նա­խա­պէս նշե­ցի, հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տա­նի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղե­ցին իմ հո­վո­ւա­կան ծա­ռա­յու­թեան ա­ռա­ջին հա­մայն­քը ե­ղած է։ ­Պատ­մա­կա­նօ­րէն հասկ­նա­լի է ո­րոշ բա­ցու­թիւ­նը հիւ­սի­սա­յին եւ հա­րա­ւա­յին ­Յու­նաս­տա­նի, ոչ միայն հայ­կա­կան, այլ նաեւ յու­նա­կան մա­կար­դա­կի վրայ։
Անց­նող ա­միս­նե­րուն, յա­ճախ այ­ցե­լե­ցի հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տա­նի կարգ մը հա­մայնք­ներ, քա­նի մը շա­բա­թէն դար­ձեալ պի­տի մեկ­նիմ Ա­լեք­սանտ­րու­պո­լիս՝ տօ­նե­լու Ս. ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ 150-ա­մեա­կը։ ­Կա­տա­րո­ւած ան­մի­ջա­կան շփում­նե­րուն եւ յա­ռա­ջի­կայ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին կա­ռու­ցո­ղա­կան հան­դի­պում­նե­րով յա­ճախ կը փոր­ձենք թե­մի ամ­բող­ջու­թիւ­նը շեշ­տել, եւ այս­տեղ բարձ­րօ­րէն գնա­հա­տե­լի են դրա­կան մօ­տե­ցում­նե­րը։ ­Յա­ռա­ջի­կա­յին ծրագ­րած ենք ու­նե­նալ թա­ղա­կան­նե­րու-հո­գա­բար­ձու­նե­րու կազ­մա­ւոր­ման սե­մի­նար­ներ. վստահ ենք, որ գա­ղու­թա­յին կա­պը ա­մուր է եւ հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի գործ­նա­կան ու դրա­կան պի­տի շա­րու­նա­կէ ըլ­լալ»։

­Մեր զրոյ­ցը կ­՚ամ­փո­փենք ­Յու­նաս­տա­նի ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ հետ կա­պե­րու նշու­մով, ո­րոնք միշտ ե­ղած են սի­րա­լիր, իսկ վեր­ջին ե­րե­սուն տա­րի­նե­րուն, յատ­կա­պէս Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տին կող­մէ, այդ կա­պե­րը հա­սած են բարձ­րո­րակ մա­կար­դա­կի։ Ա­ռաջ­նորդ ­Հայր սուր­բը կու տայ իր պատ­կե­րա­ցում­նե­րը ա­ւե­լի սերտ գոր­ծակ­ցա­կան ճամ­բա­ներ ստեղ­ծե­լու կա­պակ­ցու­թեամբ։

-«Ինչ­պէս նշե­ցիք, ի պա­տիւ Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փա­ռին, հայ եւ յոյն ե­կե­ղե­ցի­նե­րու կա­պը իս­կա­պէս սեր­տա­ցած է, ա­նոր վառ ա­պա­ցոյցն է նաեւ վեր­ջերս ­Վե­հա­փա­ռի «­Հայ Ե­կե­ղե­ցին» գիր­քին թարգ­մա­նու­թիւ­նը, որ կա­տա­րած է մետ­րո­պո­լիտ ­Ղաւ­րիի­լը։ ­Գիր­քը ար­դէն տրա­մադրե­լի է հո­գե­ւոր հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու գրա­խա­նութ­նե­րուն մէջ եւ հե­տաքրք­րու­թիւն ստեղ­ծած է ըն­թեր­ցող հա­սա­րա­կու­թեան մօտ։
Անց­նող ա­միս­նե­րուն, շրջան­նե­րու իմ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին, յա­ճախ հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցայ տե­ղա­կան մետ­րո­պո­լիտ­նե­րուն հետ։ Այս տե­սակ­ցու­թիւն­նե­րը միայն զուտ պաշ­տօ­նա­կան կամ ձե­ւա­կան հան­դի­պում­ներ չե­ղան։ Եր­կուս­տեք փոր­ձե­ցինք շրջա­նի յոյն եւ հայ հա­մայնք­նե­րուն մի­ջեւ ա­ւե­լի սերտ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ստեղ­ծե­լու քննար­կում­ներ ու­նե­նալ։ ­Յա­ռա­ջի­կա­յին եւս, հան­դի­պում­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կո­ւին եւ բա­րե­կա­մա­կան կա­պը ա­ւե­լի սեր­տաց­նե­լու հե­ռան­կար­նե­րուն շուրջ քննար­կում­նե­րը ա­ռա­ւել եւս պի­տի զար­գա­նան»։

Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նենք Ա­ռաջ­նորդ Հայր սուր­բին մե­զի տրա­մադ­րած ժա­մա­նա­կին հա­մար։ Ան փո­խա­դար­ձա­բար իր գո­հու­նա­կու­թիւ­նը կ­՚ար­տա­յայ­տէ զրոյ­ցին կա­պակ­ցու­թեամբ ու մաղ­թանք­նե­րով կը փա­կէ մեր հան­դի­պու­մը՝

-«Կ­՚ու­զեմ այս ա­ռի­թը օգ­տա­գոր­ծել եւ շնոր­հա­ւո­րել մեր ժո­ղո­վուր­դի գա­լիք ­Նոր տա­րին եւ ­Սուրբ Ծ­նուն­դը։ ­Թող որ ­Յի­սուս ման­կան խա­ղա­ղու­թիւ­նը պա­րու­րէ բո­լո­րիս հո­գի­նե­րը եւ միա­ւո­րէ մեզ մեր հա­ւատ­քի, մեր պայ­քա­րի եւ մեր ար­ժէք­նե­րուն շուրջ։ Շ­նոր­հա­ւոր ­Նոր ­Տա­րի եւ ­Սուրբ Ծ­նունդ»։

­Հար­ցազ­րոյ­ցը վա­րեց՝ Քերոբ Էքիզեան