ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

­Նել­սոն ­Փա­լո­յեա­նը ծնած է ­Սան­թիա­կօ, ­Չի­լի: Ան երկ­րա­չափ է եւ մաս­նա­գի­տա­ցած` հա­մա­կար­գիչ­նե­րու մէջ: Ան ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէ ճո­ղոպ­րած եր­րորդ սե­րուն­դի հայ է: ­Կը խօ­սի եւ կը կար­դայ հա­յե­րէն եւ ստա­ցած է հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թիւն` իր հայ ծնող­քէն: ­Նել­սոն իր մաս­նա­գի­տու­թեան կող­քին նաեւ հե­տե­ւած է ե­րաժշ­տու­թեան եւ այ­սօր իր կա­րե­ւոր բա­ժի­նը կը բե­րէ ­Սան­թիա­կո­յի հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին կեան­քին մէջ: ­Կազ­մած է երգ­չա­խումբ մը` հայ­կա­կան գա­ղու­թին ան­դամ­նե­րէն, բո­լորն ալ` սի­րո­ղա­կան եւ կո­չած է զայն` «­Ծի­ծեռ­նակ», եւ թե­րեւս կը փոր­ձէ ծի­ծեռ­նա­կին շի­նած  բոյ­նին նման` հե­ռա­ւոր ­Սան­թիա­կո­յի մէջ շի­նել իր հայ­կա­կան բոյ­նը:
­Բայց ­Նել­սոն «հարս­տա­ցու­ցած» է իր կեան­քը, եւ այս հարս­տու­թիւ­նը ան­պայ­մա­նօ­րէն նիւ­թա­կան չէ: Ան կո­չում զգա­ցած է պայ­մա­նա­ւո­րո­ւիլ Ե­րե­ւա­նի ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նին հետ եւ տա­րին քա­նի մը ան­գամ կը մեկ­նի ­Հա­յաս­տան` դա­սա­խօ­սե­լու: Եւ ինչ­պէս ինք ը­սաւ, «Երբ որ ­Հա­յաս­տան սկսայ եր­թալ, ա­ւե­լի լաւ սոր­վե­ցայ հա­յե­րէն, հի­մա ին­ծի հա­մար ա­ւե­լի դիւ­րին է ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէն խօ­սի­լը»:
10 Յու­նիս 2017: ­Նել­սոն բա­րի գտնո­ւե­ցաւ` իր տան մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու զիս, երբ աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեամբ դար­ձեալ կը գտնո­ւէի ­Սան­թիա­կօ: ­Բայց կար նաեւ ա­ւե­լին: Ան նաեւ հրա­ւի­րած էր իր «­Ծի­ծեռ­նակ» երգ­չա­խում­բին կարգ մը ան­դամ­նե­րը, ո­րոնք վեր­ջերս ­Հա­յաս­տան այ­ցե­լած էին եւ վե­րա­դար­ձած` մեծ ո­գե­ւո­րու­թեամբ: Ե­թէ մէկ կող­մէ պի­տի վա­յե­լէի ­Սան­թիա­կո­յի «­Ծի­ծեռ­նակ»-ի ան­դամ­նե­րը, բայց նաեւ` ա­նոնց հայ­րե­նի կա­րօ­տի վկա­յու­թիւն­նե­րը…
­Հե­ռա­ւոր ­Սան­թիա­կո­յի մէջ հայ­կա­կան այս փոք­րիկ «բոյ­նը» կը դի­տէի: «Լ­ման» հայ` հայ ծնող­նե­րուն ժա­ռան­գու­թիւ­նը, «կէս» հայ` խառ­նա­ծին ա­մուս­նու­թիւն­նե­րու ար­դիւնք, եւ տա­կա­ւին` «քա­ռո՞րդ»: ­Խառն ա­մուս­նու­թիւն­նե­րու յա­ջոր­դա­կա­նու­թի՞ւն: Իսկ այս բո­լո­րը հե­տե­ւանքն են ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան, ո­րուն պատ­ճա­ռով հա­յը տե­ղա­հան ե­ղաւ իր բնօր­րա­նէն եւ տա­րա­ծո­ւե­ցաւ աշ­խար­հով մէկ: Այս բո­լո­րին վկա­յու­թիւ­նը ­Նել­սո­նին մեծ ծնող­ներն են, ո­րոնց նկար­նե­րը իր տան հիւ­րա­սե­նեա­կի պա­տին վրայ զե­տե­ղո­ւած` կը խօ­սին այդ ապ­րո­ւած կեան­քին մա­սին, ա­նոնք ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէ ճո­ղոպ­րած` հա­սած էին ­Սան­թիա­կօ:
«­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը իմ ըն­տա­նի­քիս պատ­մու­թիւնն է, ի՛մ պատ­մու­թիւնն է: Իմ ժո­ղո­վուր­դիս պատ­մու­թիւնն է». ­Նել­սոնն է խօ­սո­ղը: «Ա­սի­կա շատ անձ­նա­կան բան մըն է ին­ծի հա­մար», շա­րու­նա­կեց ան:
­Նել­սոն ա­մուս­նա­ցած է Անտ­րէի հետ, որ տե­ղա­ցի է: Ու­նին եր­կու զա­ւակ­ներ` ­Մա­րալ եւ ­Գէորգ:  Անտ­րէի հա­մար յստակ էր հայ­կա­կա­նու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, երբ ա­մուս­նա­ցած էր ­Նել­սո­նին հետ: «­Հայ­կա­կան ըն­տա­նի­քի մէջ մտած էի եւ հի­մա ա­նոր մէկ ան­դամն եմ», ը­սաւ ան: Անտ­րէ ­Նել­սո­նին հետ քա­նի մը ան­գամ այ­ցե­լած է ­Հա­յաս­տան, ապ­րած է հայ­րե­նի­քի գե­ղեց­կու­թիւ­նը եւ ջեր­մու­թիւ­նը: «­Փա­րի­զը գե­ղե­ցիկ է, բայց Ե­րե­ւա­նը ա­ւե­լի դիւր կու գայ ին­ծի», ը­սաւ ան:
Է­մի­լիա Ալ­մար­զա ­Նա­զար` հայ­րը, տե­ղա­ցի է, իսկ մայ­րը` հայ: Այս­պէս ը­սած ան` «կէս» հայ է, բայց ­Հա­յաս­տա­նէն վե­րա­դար­ձին ան ար­դէն «լման» հայն է եւ ա­ւե­լին: «Ա­ռա­ջին իսկ օ­րէն զգա­ցի, որ ­Հա­յաս­տա­նի հո­ղը զիս գրկեց», ը­սաւ Է­մի­լիան: Ան շատ բան ու­նէր պատ­մե­լու եւ կը փոր­ձէր չմոռ­նալ իր ը­սե­լիք­նե­րը: «­Շատ հպարտ զգա­ցի, որ հայ էի,  երբ ­Հա­յաս­տան կը գտնո­ւէի», ը­սաւ Է­մի­լիան: «Ու­զե­ցի ­Հա­յաս­տա­նէն ա­մէն ինչ հետս բե­րել»: Է­մի­լիան հեւ­քի մը մէջ էր` հայ­րե­նի­քին եւ ա­նոր ջեր­մու­թեան հեւ­քը: «Ո՛չ միայն ա­րիւ­նը կը կա­պէ ե­ղեր, բայց նաեւ`հո­ղը: Եւ զգա­ցի հո­ղին զօ­րու­թիւ­նը»:
Է­մի­լիան սկսած էր հա­յե­րէն սոր­վիլ եւ ­Հա­յաս­տա­նէն վե­րա­դար­ձին`ո­րո­շած է ա­ւե­լիով զարկ տալ հա­յե­րէն սոր­վե­լու: «Կ­՛ու­զեմ եր­թալ եւ ­Հա­յաս­տան ապ­րիլ», ը­սաւ ան:
Է­մի­լիա­յին աչ­քե­րուն մէջ ակ­նե­րեւ էր հա­յուն` իր վե­րագ­տած հպար­տու­թիւ­նը: «Երբ մէ­կը ին­ծի հարց­նէ այ­սօր, թէ ուր­կէ՞ ես, կ­՛ը­սեմ ի­րենց` ­Չի­լիէն, բայց հայ եմ»: Ան այ­սօր հա­յը եւ ­Հա­յաս­տա­նը կ­՛ապ­րի ­Սան­թիա­կո­յի մէջ: «Երբ ­Սան­թիա­կո­յի լեռ­նե­րուն կը նա­յիմ, Ա­րա­րա­տը կը տես­նեմ»:
­Մա­րիա ­Թե­րե­զան Է­մի­լիա­յին քոյրն է: Ա­ռա­ջին ան­գամ էր, որ ­Հա­յաս­տան կ­՛այ­ցե­լէր: «Զ­գա­ցի, որ շուրջս ա­մէն մարդ հայ էր, եւ շատ ա­րագ բո­լոր հա­յե­րը իմ ըն­տա­նիքս դար­ձան»: ­Մա­րիան կը փոր­ձէր ներ­կա­յաց­նել իր ապ­րած հայ­րե­նի հո­ղին ջեր­մու­թիւ­նը: «­Բայց նաեւ զգա­ցի, որ ես շատ ա­ւե­լի հայ էի, քան  ինչ որ կը կար­ծէի»:
­Շա­քէ ­Զի­քիի ծնող­քը ­Պո­լի­սէն հաս­տա­տո­ւած են ­Սան­թիա­կօ: Ան ծնած է ­Չի­լի: ­Քիչ-քիչ կը խօ­սի հա­յե­րէն: «­Շատ զգա­ցա­կան էր ­Հա­յաս­տա­նը: Զ­գա­ցի, որ ես ­Հա­յաս­տանն եմ, եւ թէ` ես հայ եմ», ը­սաւ ­Շա­քէն: «­Գե­ղե­ցիկ է Ե­րե­ւա­նը եւ չու­նի բար­դու­թիւն­ներ: Ա­րո­ւես­տը եւ ե­րաժշ­տու­թիւ­նը զիս շատ կա­պե­ցին քա­ղա­քին եւ շատ ան­գամ լա­ցի…»: Եւ չու­շա­ցաւ ­Շա­քէին վճռա­կա­մու­թիւ­նը: «­Պէտք է ա­ւե­լի շատ բան սոր­վիմ մեր` հա­յոց պատ­մու­թեան մա­սին»:
­Խում­բին մէջ էին ­Վի­սեն­թէն, Ք­րիս­թո­պա­լը եւ ­Մար­թի­նը: Ե­րեք ե­րի­տա­սարդ­ներ, այս­պէս ը­սած` «քա­ռորդ» հա­յեր, ո­րոնք այ­ցե­լած էին ­Հա­յաս­տան: Ե­րեքն ալ` հա­մալ­սա­րա­նա­կան ու­սա­նող­ներ, բայց նաեւ ե­րաժշ­տա­սէր­ներ եւ «­Ծի­ծեռ­նակ»-ի խում­բի ան­դամ` իբ­րեւ եր­գող ու նո­ւա­գող:
Ե­րեքն ալ այ­ցե­լած էին ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բերդ եւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րա­նը:
«­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի մէջ ապ­րե­ցայ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ա­հա­ւո­րու­թիւ­նը»,  Ք­րիս­թո­պալն է խօ­սո­ղը: Ան հե­տը տա­րած է ծա­ռի հունտ եւ ցա­նած է ­Հա­յաս­տա­նի մէջ: «­Վե­րապ­րե­լու եւ նոր կեան­քի նշան է», ը­սաւ ան:
­Վի­սեն­թէն կրցած էր զգալ այն, որ լսած է իր մեծ-մեծ մօր տե­ղա­հա­նու­թեան կեան­քի պատ­մու­թեան մա­սին: «­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րա­նին մէջ մա­նուկ­նե­րու նկար­նե­րը տես­նե­լով` կրցայ ապ­րիլ իմ մեծ-մեծ մօրս դժբախտ կեան­քը», ը­սաւ ան:
­Մար­թի­նին հա­մար ­Հա­յաս­տա­նի «տուֆ» քա­րե­րը ինք­նու­թեան նշան դար­ձած էր: «Զ­գա­ցի, թէ այն ա­րիւ­նը, որ հայ­կա­կան է իմ մէջս, որ ինչ­քան կա­պեց զիս ­Հա­յաս­տա­նին»: ­Բայց ­Մար­թին տա­կա­ւին ու­նէր պատ­մե­լիք: «­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի մէջ տե­սայ մէկ կող­մէ ցա­ւը, բայց միւս կող­մէ` հա­յուն կեան­քին զգայ­նու­թիւն­նե­րը: ­Ցա­ւը եւ զգայ­նու­թիւն­նե­րը ի­րա­րու միա­ցած են հա­յու կեան­քին մէջ», ը­սաւ ան:
Տ­ղա­քը ­Հա­յաս­տա­նէն ի­րենց հետ բե­րած էին շո­ւի, տու­տուկ եւ թմբուկ: Ա­նոնք նո­ւա­գե­ցին ­Խա­չա­տու­րեա­նէն մէկ յօ­րի­նում ու նաեւ` քո­չա­րի: Եւ նո­ւա­գէն ետք ին­ծի նա­յե­լով` ը­սին: «­Միայն նո­ւա­գա­րան չբե­րինք մե­զի հետ, այլ նաեւ ­Հա­յաս­տա­նէն մաս մը մեր սրտե­րուն մէջ դնե­լով` մե­զի հետ բե­րինք»:
Ու դար­ձեալ ­Նել­սոնն է: ­Կը խօ­սի, թէ ին­չո՛ւ ո­րո­շած է ստանձ­նել Ե­րե­ւա­նի մէջ իր մաս­նա­գի­տու­թեան առն­չու­թեամբ իր կա­տա­րած գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րը: «­Կը սի­րեմ ­Հա­յաս­տա­նը: Այն, ինչ որ կ’ը­նեմ, ազ­գա­յին պար­տա­կա­նու­թիւն է: ­Հա­յաս­տա­նը ին­ծի հա­մար տուն է»:
­Պէտք էր մեկ­նէի: ­Կա­րե­լի էր տա­կա­ւին շատ եր­կար խօ­սիլ: ­Նել­սո­նը ու­զեց, որ երգ­չա­խում­բին իր սոր­վե­ցու­ցած «­Հայր ­Մեր»-ով բաժ­նո­ւէինք: Ա­նոնք եր­գե­ցին « ­Հայր ­Մեր»-ը` հա­յե­րէ­նով. ա­ղօթք եւ օրհ­նու­թիւն: Կր­ցայ տես­նել, թէ ինչ­պէս ­Նել­սոն հայ եր­գի մի­ջո­ցով կը փոր­ձէր հայ­կա­կան «բոյ­ներ»` ի­մա «տու­ներ» շի­նել ­Սան­թիա­կո­յի իւ­րա­քան­չիւր հա­յու սրտին մէջ:
­Նել­սոն դար­ձեալ ին­ծի նա­յե­ցաւ: Ան դրա­կան եւ ի­րա­պաշտ հայ է: «Ե­թէ հայ­կա­կան զգա­ցու­մը եւ ինք­նու­թիւ­նը զօ­րա­ւոր պա­հենք, այդ մէ­կը պի­տի քա­ջա­լե­րէ, որ հա­յեր հա­յե­րէն սոր­վին: Ե­թէ ­Չի­լիի մէջ հա­յե­րէն խօ­սող գա­ղութ պի­տի չու­նե­նանք, բայց պի­տի ու­նե­նանք հայ զօ­րա­ւոր գա­ղութ», ը­սաւ ան: «Եւ այս զօ­րու­թիւ­նը ­Հա­յաս­տա­նէն պի­տի առ­նենք»:
«­Հա­յաս­տա­նը ին­ծի հա­մար տուն է»: ­Նել­սո­նին տու­նը, բայց նաեւ` իւ­րա­քան­չիւր հա­յու­նը: Եւ ­Սան­թիա­կո­յի հա­յե­րը գա­ցին ի­րենց «տու­նը» եւ վե­րա­դար­ձան ա­ւե­լի «զօ­րա­ւոր»: «­Զօ­րա­ւոր հա­յեր»:
Եւ սփիւռ­քի մեր ներ­կայ օ­րե­րու հայ­կա­կան ի­րա­կա­նու­թեան այս մեծ խճան­կա­րին մէջ հա­յը ու­նի մէկ մեծ ա­ռա­քե­լու­թիւն-պար­տա­կա­նու­թին` հա­յը զօ­րա­ւոր պա­հել:
Ե­թէ իւ­րա­քան­չիւնր սփիւռ­քա­հայ գա­ղութ ու­նի իր տո­ւեալ­նե­րը, ա­նոնց­մէ բխող եւ ստեղ­ծո­ւած ի­րա­վի­ճակ­նե­րը` իր յա­ռաջ­խա­ղացք­նե­րով թէ բաց­թո­ղում­նե­րով, բայց բո­լորն ալ ու­նին մէկ հա­սա­րա­կաց մար­տահ­րա­ւէր՝ մը`հա­յը զօ­րա­ւոր պա­հել:
­Զօ­րա­ւոր, որ­պէս­զի հա­յը ապ­րի եւ ապ­րեց­նէ:
­Զօ­րա­ւոր, որ­պէս­զի հա­յը յի­շէ եւ պա­հան­ջէ:
­Զօ­րա­ւոր, որ­պէս­զի հա­յուն պատ­մու­թիւ­նը շա­րու­նա­կո­ւի հո­րի­զո­նէն ան­դին:
Եւ հա­յը իր այս «զօ­րու­թիւ­նը» պի­տի առ­նէ իր «տու­նէն»:
Եւ «տու­նը» ­Հա­յաս­տանն է…: