Յունահայոց Ազգային Առաջնորդարանի դիւանը կը հաղորդէ.
Եգէական ծովու հարաւ-արեւելեան «Տօտեքանիսոս» կղզէխումբին ազատագրման եւ մայր Յունաստանի հետ միացման 70ամեակին առիթով, Երեքշաբթի՝ 7 Մարտ 2017ին, Յունահայոց Կաթողիկոսական Փոխանորդ Կոմիտաս Արք. Օհանեան յատուկ հրաւէրով գտնուեցաւ Ռոտոս պատմական մեծ կղզին, եւ բերաւ իր մասնակցութիւնը պետական պաշտօնական հանդիսութիւններուն:
Նախօրէին՝ 6 Մարտի երեկոյեան, նմանապէս Ռոտոս կղզիի Ասպետներու Բերդին մայր սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ ներկայացումը Երուսաղեմի Ս. Յարութեան Տաճարի Քրիստոսի Գերեզմանի հիմնական նորոգութեան, զոր հովանաւորած էր Յունաստանի Պետութիւնը, համաձայնութեամբ Սուրբ Տեղեաց կրօնական երեք ազգերու հոգեւոր պետերուն:
Ներկայ էր Յունաստանի Հանրապետության նախագահ պրն. Բրոքոբիս Բավլոբուլոս: Երուսաղէմի յոյն ուղղափառ Պատրիարք Թէոֆիլոս Սրբազանը, Երուսաղէմի հայոց Նուրհան Պատրիարքի ներկայացուցիչ եւ Ս. Յարութեան Տաճարի տեսուչ Հայր Սամուէլ Աղոյեան, ինչպէս եւ Լատին Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսը, եւ Քաբուչին վանական եղբայրութեան վանահայրը՝ Սրբատեղեաց Երեք Եկեղեցիներու պատասխանատուները։ Հայր Սամուէլ Աղոյեան հանդէս եկաւ Նուրհան Ս.Պատրիարքի Խօսքով։
Երեքշաբթի՝ 7 Մարտին տեղի ունեցաւ Գոհաբանական Մաղթանքի արարողութիւն Ս. Աւետման Մայր Տաճարին մէջ, ապա՝ Անծանօթ Զինուորի յուշարձանին առջեւ զետեղուեցան դափնեպսակներ, որու հետեւեցաւ ազգագրական, դպրոցական եւ զինուորական տողանցք:
Գեղեցիկ էր տեսնել, թէ ինչպէ՛ս իւրագանչիւր կղզի տողանցեց իր ազգային գեղջկական տարազներով եւ դրօշներով:
Վերեւ նշուած բոլոր արարողութիւններուն պաշտօնապէս ներկայ գտնուեցաւ Սրբազան Հայրը, ու այս առիթով շնորհաւորեց Հանրապետութեան նախագահը, Ռոտոսի քաղաքապետ պրն. Ֆոթիս Խածիտիաքոսը, Ռոտոսի Յոյն Ուղղափառ Առաջնորդ Գիրիլոս (Կիւրեղ) Սրբազանը եւ յայտնեց անոնց յունահայութեան սէրն ու խնդակցութիւնը պատմական տօնին առիթով: