Մարտ 10ի այս օրը, 72 տարի առաջ, Փարիզի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ, քայքայուած առողջութեամբ, այլ մանաւանդ ֆրանսահայ համայնավարներու բանսարկու հալածանքին հետեւանքով հոգեպէս ծանրօրէն խոցուած, աչքերը առյաւէտ փակեց Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ վարչապետը՝ Ալեքսանդր Խատիսեան, որ արժանաւորապէս բարձրադիր տեղ կը գրաւէ հայոց պատմութեան նորագոյն շրջանի պետական ղեկավարի լուսաւոր, այլեւ սակաւաթիւ աստղերու հոյլին մէջ։
Հայ պետական օրինակելի գործիչին մահուան 72րդ տարելիցին նուիրուած յուշատետրի այս ոգեկոչական սիւնակը այդպէս՝ պատահականօրէն չէ, որ կը սկսինք Ալ. Խատիսեանի կեանքի վերջալոյսին Մեծ Հայուն բաժին հանուած հոգեկան ծանր խոցին ընդգծումով։
Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ազատութեան, անկախութեան եւ ամբողջացման ի խնդիր իր ողջ կեանքն ու մեծարժէք կարողութիւնները նուիրաբերած Պետական Այրը արժանի չէր նման անհիմն ամբաստանութիւններով… բանտարկութեան։
Պատմական դառն իրողութիւն է, որ Ալ. Խատիսեանի վախճանումէն քանի մը ամիս առաջ, երբ Երկրորդ Աշխարհամարտը արդէն կը մօտենար իր աւարտին, նացիական Գերմանիոյ գրաւումէն ազատագրուած Ֆրանսայի մէջ, հայ համայնավարները իբրեւ նացիզմի գործակալ ամբաստանեցին օրին Հայ Գաղթականութեան Մարմնի նախագահութիւնը ստանձնած Ալ. Խատիսեանը, որ անհիմն այդ մեղադրանքով ալ ձերբակալուեցաւ ու երկու ամիս բանտ մնաց, մինչեւ որ ֆրանսական իշխանութիւնները անդրադարձան սխալին եւ ազատ արձակեցին զինք, բայց արդէն քայքայուած առողջութեամբ։
Ալ. Խատիսեան նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետութիւնը ստանձնած շրջանին թիրախ դարձած էր հայ համայնավարներու այդօրինակ ապերախտ վերաբերումին։ Մինչ Խատիսեանի վարչապետութեամբ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ազատ մուտք շնորհած էր Անդրկովկասի մէջ հալածուած հայ պոլշեւիկներուն, այս վերջինները փաստօրէն իրենց «երախտագիտութիւն»ը արտայայտած էին 1920ի մայիս-մէկեան խռովութիւններով՝ պատճառ դառնալով Խատիսեանի կառավարութեան հրաժարումին եւ Բիւրօ-կառավարութեամբ փոխարինումին։
Այս բոլորով հանդերձ՝ «Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումը» անուն կոթողական իր աշխատասիրութեան եզրափակիչ հատուածով, Ալ. Խատիսեան հետագայ խորհրդածութեամբ խտացուց ազգային-քաղաքական իր կտակը.
«Ժողովուրդներու եւ պետութիւններու կեանքը կը տեւէ դարեր, հազարաւոր տարիներ։ Իմ յուշերու մէջ առնուած է պզտիկ ժամանակաշրջան մը, պատմական տեսակէտով՝ վայրկեան մը միայն, բայց անհունօրէն կարեւոր վայրկեան։ Ասիկա այն վայրկեանն է, երբ մեր ազգը՝ միացած խանդավառութեան մը մէջ՝ նորէն ստեղծեց իրեն համար անկախ ազգային կեանք։
«Ես ջանացի ցոյց տալ ծագումը այդ կեանքի եւ անոր զարգացման ելեւէջները, մանաւանդ այն վայրկեանները, երբ ես ինքս եղայ դէպքերու ականատեսը։ Բայց կեանքը կանգ չ’առներ։ Եւ միշտ կը շարժի առաջ։ Եւ կեանքի մէջ ամէն բան կը փոխուի։ Պիտի փոխուին, ի հարկէ, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կեանքի զարգացման ապագայ պայմանները։ Ան շատ ուրախութիւն եւ վիշտ պիտի տեսնէ դեռ։ Բայց թո՛ղ անոր համար ալ հարազատ դառնայ նշանաբանը այն քաղաքի, որի մէջ կը գրուին սոյն տողերը.
«Կը տատանի, բայց չի սուզուիր»։
Ալ. Խատիսեան ծնած է 17 Փետրուար 1874ին, Թիֆլիս, մեծատուն Խատիսեան ընտանիքի յարկին տակ։ Չորս եղբայրներու երկրորդն էր։ Տան անդրանիկ զաւակը՝ Կոնստանդին Խատիսեան մաս կազմեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադիր սերունդին։ Ալեքսանդր Խատիսեան շատ ուշ, միայն 1917ին միացաւ Դաշնակցութեան, հակառակ անոր որ ազգային, հանրային եւ պետական-քաղաքական իր գործունէութեան ամբողջ շրջանին միշտ ալ համակիր եւ սերտ գործակից եղաւ Դաշնակցութեան։
Սիմոն Վրացեանի վկայութեամբ՝ 1905ին արդէն, հայեւթաթարական բախումներու շրջանին, ի տես Դաշնակցութեան վարած ինքնապաշտպանական կռիւներուն, Ալ. Խատիսեան անդամակցութեան դիմում կատարած էր Դաշնակցութեան, բայց օրին՝ Ռոստոմի եւ Համօ Օհանջանեանի խորհուրդով մնացած էր համակիր, որովհետեւ այդ կարգավիճակով կրնար աւելիով օգտակար հանդիսանալ հայոց ազգային-ազատագրական պայքարին։
Թիֆլիսի Գիմնազիան աւարտած եւ Մոսկուայի ու Խարկովի համալսարաններուն մէջ բժշկական մասնագիտութեան տիրացած Ալ. Խատիսեան անունը անբաժան պիտի մնայ Թիֆլիսէն, որուն նախ քաղաքային վարչութեան խորհրդական (1902ին), ապա՝ փոխ-քաղաքապետ (1906ին) եւ, հուսկ, քաղաքապետ ընտրուեցաւ 1909ին, օրինակելի ձեռնհասութեամբ իրեն վստահուած պաշտօնը վարելով մինչեւ 1917։
Թիֆլիսի քաղաքապետութեան իր շրջանին, 1914ին, Ալ. Խատիսեան նախաձեռնեց եւ յաջողութեամբ իրագործեց Կովկասեան Քաղաքներու Միութեան ստեղծումը՝ ապահովելով 44 քաղաքներու մասնակցութիւնը եւ ստանձնելով միութեան նախագահութիւնը։
Հանրային-պետական այդ պատասխանատու դիրքերէն՝ Ալ. Խատիսեան տիրացաւ քաղաքական եւ տնտեսական հզօր լծակներու, զորս առաւելագոյնս ծառայեցուց ոչ միայն Թիֆլիսի հայկական դիմագծի պահպանման եւ զարգացման, այլեւ՝ թրքահայաստանի ազատագրութեան սուրբ գործին։
Հայ ժողովուրդի դիմագրաւած ազգային-քաղաքական տագնապներուն, հարուածներուն եւ մարտահրաւէրներուն յաղթահարման մէջ մեծակշիռ եղաւ Ալ. Խատիսեանի անձնական ներդրումը։ Յաջողակ բժիշկ, ան կանուխէն ձեռք քաշեց բժշկութենէն ու ամբողջապէս նուիրուեցաւ ազգային-հանրային եւ քաղաքական-պետական գործունէութեան՝ հաւասարակշռուած քաղաքագէտի, բազմաշնորհ կազմակերպիչի, ճկուն դիւանագէտի եւ, մանաւա՛նդ, ժողովրդային սիրուած ու յարգուած ղեկավարի դաշնակցական օրինակելի կերպարը մարմնաւորելով։
Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումին հետ, Ալ. խատիսեան փութաց իր աջակցութիւնը բերելու Հայոց Ազգային Բիւրոյի ստեղծման, որուն փոխ-նախագահը ընտրուեցաւ եւ առաջնորդող դեր կատարեց հայ կամաւորական շարժման կազմակերպումին մէջ։ Հայ ժողովուրդի պատմութեան օրհասական այդ շրջանին, յատկապէս Մեծ Եղեռնէն մազապուրծ հայ գաղթականութեան պատսպարման եւ հոգատարութեան դժուարին գործին մէջ, իբրեւ Թիֆլիսի քաղաքապետի եւ իբրեւ, մանաւա՛նդ, Կովկասեան Քաղաքներու Միութեան նախագահի, Ալ. Խատիսեանի ներդրումը անգնահատելի եղաւ։
Ցարական վարչամեքենային քաջածանօթ եւ վրացի թէ ռուս պետական-քաղաքական գործիչներուն հետ սերտ յարաբերութիւններ մշակած Ալ. Խատիսեան, գերազանցապէս ազգային գործիչի եւ ժողովրդային ղեկավարի իր կոչումով, որեւէ դժուարութիւն չունեցաւ պատշաճելու համառուսական յեղափոխութեան հետեւանքով ստեղծուած հիմնովին նոր պայմաններուն։ Արդէն անդամագրուած Դաշնակցութեան եւ համառուսաստանեան խորհրդարանին Դաշնակցութեան ցանկով պատգամաւոր ընտրուած՝ Խատիսեան նոր ծանօթութիւններ եւ գործակցութիւններ հաստատեց։ Այդ ճամբով, նաեւ, Բժիշկ Զաւրիեւի հետ, մասնակից դարձաւ Լենինի հայ զինակից Ստեփան Շահումեանի կողմէ Թրքահայաստանի ինքնավարութեան ծրագրի մշակումին, որ 1917ի վերջերուն իբրեւ պետական Դեկրետ հրապարակուեցաւ։
1917ի Դեկտեմբերը դարձակէտ կազմեց Ալ. Խատիսեանի կեանքին մէջ։ Թիֆլիսի քաղաքապետական նոր ընտրութիւններուն Խատիսեան կորսնցուց ինը տարիներու իր պաշտօնը, բայց շուտով հրաւիրուեցաւ Ալեքսանդրապոլ, ուր քաղաքապետ ընտրուեցաւ եւ այդ պաշտօնով իր աշխոյժ մասնակցութիւնը շարունակեց Անդրկովկասեան քաղաքական զարգացումներու ղեկավարման մէջ։ Ելեւմտական նախարար դարձաւ Անդրկովկասեան Սէյմի կառավարութեան մէջ եւ փութաց հոն, ուր հայ ժողովուրդի ծառայութեան կոչումը զինք տարաւ։
Երկարամեայ իր պետական գործիչի կենսափորձն ու դիւանագիտական հմտութիւնը օգտագործելու մտօք էր, որ Հայաստանի անկախութեան կերտումէն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումէն ետք, Յովհաննէս Քաջազնունիի վարչապետութեամբ առաջին կառավարութեան կազմին մէջ, Ալ. Խատիսեանի վստահուեցաւ արտաքին գործոց նախարարի ծայր աստիճան զգայուն եւ դժուարին պատասխանատուութիւնը։ Թուրքերու հետ զինադադարի եւ հաշտութեան բանակցութիւնները Խատիսեան վարեց՝ դժուարին պահերու դէմ յանդիման միշտ իր ողջմտութիւնը պահպանելով եւ գործնապաշտ լուծումներ գտնելով։
1919ի Մարտին Ալ. Խատիսեանի վստահուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ կառավարութիւնը կազմելու վարչապետի պատասխանատուութիւնը։ Խատիսեան մինչեւ Մայիս 1920 գործեց իբրեւ վարչապետ եւ իր օրով ու յատկապէս իր արժանիքներուն շնորհիւ էր, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը անձեւ քաոսէն վերածուեցաւ ժողովրդավարական, իրաւական եւ ազգային-քաղաքական արմատներ նետող պետականութեան։
1920ի Մայիսին, պոլշեւիկեան խռովութեանց առաջքն առնելու նպատակով, Համօ Օհանջանեանի վարչապետութեամբ կազմուած Բիւրօ-կառավարութեան մաս չկազմեց Խատիսեան, բայց կառավարութեան յանձնարարութեամբ ստանձնեց Հայաստանի լիազօր ներկայացուցիչի առաքելութիւնը՝ արտասահմանեան հայօճախները շրջելու եւ Հանրապետութեան հաշւոյն ներքին փոխառութիւններ հանգանակելու եւ պետական պիւտճէն կայացնելու նպատակով։ Իր այդ առաքելութիւնը եւս Խատիսեան պատուով ի կատար ածեց։
Օրհասական պահերուն իր պայծառատեսութիւնը անայլայլ պահելու բնատուր արժանիքն ունեցող հայ պետական գործիչը վերստին պատնէշի վրայ կանգնեցաւ, երբ քեմալական Թուրքիոյ եւ լենինեան Ռուսաստանի աքցանին մէջ բռնուած՝ խեղդամահ եղող Հայաստանի Հանրապետութեան անունով՝ 1920ի Դեկտեմբերին գլխաւորեց թուրքերու հետ բանակցող պատուիրակութիւնը։ 3 Դեկտեմբեր 1920ին իր կողմէ ստորագրուած Ալեքսանդրապոլի Դաշնագիրը, հակառակ տասնամեակներով վարկազրկման եւ ցեխարձակման թիրախ դարձած ըլլալուն, կը հանդիսանայ հայկական դիւանագիտութեան պատմակշիռ պահերէն մէկը, որ ծանր գին վճարելով հանդերձ՝ ամբողջական տրոհման վտանգէն փրկեց մանուկ Հայաստանը եւ Եղեռնէն վերապրած հայութիւնը։
Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք Խատիսեան անցաւ Փարիզ՝ իբրեւ փոխ-նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան, Աւետիս Ահարոնեանի հետ միասնաբար տէր կանգնելու համար ազատազրկուած Հայաստանի դատին։
Ահարոնեանի կաթուածահարութենէն ետք, Խատիսեան ինք ղեկավարեց Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը։ Իր այդ հանգամանքով մեծապէս օգտակար եղաւ, Երկրորդ Աշխարհամարտի ամբողջ տեւողութեան, արեւմտեան Եւրոպայի հայօճախներու ազգային անվտանգութեան գործին։ Հայանուէր ծառայութեան այդ վաստակը, սակայն, բաւարար չնկատուեցաւ՝ նոյնիսկ պատճառ դարձաւ, որ 1918էն սկսեալ հայ համայնավարներու մոլուցքին թիրախ դարձած Ալ. Խատիսեան, իր կեանքի վերջալոյսին եւս, զոհ երթայ Ֆրանսայի հայ համայնավարներու բանսարկու զրպարտութիւններուն։ Թէեւ կարճատեւ, բայց փաստօրէն քանի մը ամիսով բանտարկուեցաւ հայոց ծերունազարդ վարչապետը, որուն առողջական վիճակը բանտին մէջ լրիւ քայքայուեցաւ։ Բանտէն ազատ արձակուելէ ետք, առողջական վիճակը այլեւս չվերականգնուեցաւ եւ Ալեքսանդր Խատիսեան յոգնաբեկ աչքերը առյաւէտ փակեց 10 Մարտ 1945ին։
Փարիզի Փէր-Լաշէզ գերեզմանատան մէջ ազգային մեծ շուքով հողին յանձնուեցաւ Խատիսեան։
Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ վարչապետին յարգանքի իրենց տուրքը մատուցին ոչ միայն հայ ազգային երեք կուսակցութեանց ներկայացուցիչները, այլեւ՝ Ֆրանսացի եւ ռուս ու վրացի քաղաքական դէմքեր։
Բայց յատկապէս մեր ժողովուրդը խուռներամ մասնակցեցաւ այդ վերջին հրաժեշտին՝ հետագայ սերունդներուն պատգամելու համար, որ Ալեքսանդր Խատիսեան իր անձով, կեանքով ու գործով մարմնաւորեց հայ պետական գործիչի դաշնակցական օրինակելի կերպար մը։
Ինչպէս Սիմոն Վրացեան կը վկայէ՝
«Նա բնածին հասարակական գործիչ էր՝ բարձր թռիչքներով եւ բազմութիւնները վարելու ձգտումներով։ Պերճախօս հռետոր, բազմազան հետաքրքրութիւններ ու ծրագիրներ հետապնդող, արտասովոր կերպով աշխատունակ, ցոյց ու ժողովրդականութիւն սիրող, ազատախոհ եւ լաւ իմաստով պատեհապաշտ, կենդանի գործը վերացական տեսութիւններից գերադասող, հասարակական բոլոր խաւերի լեզուն հասկացող, հանրութեան ծառայելու պատրաստակամ, դիւրահաղորդ ու ամէնքին մատչելի, ազնիւ նկարագրի տէր՝ Խատիսեանը ստեղծուած էր հասարակական-քաղաքական գործունէութեան համար»։ Իբրեւ այդպիսին՝ արժանաւորապէս եւ իրաւամբ Ալեքսանդր Խատիսեան մարմնաւորեց «տատանող, բայց չսուզուող» Հայաստանի պետական նաւավարի տիպարը։
Ալեքսանդր Խատիսեան 1874-1945
Ալեքսանդր Խատիսեան (1874-1945). Հայ պետական գործիչի դաշնակցական կերպարը Ն.