Հ.Կ.Խաչի Ֆիքսի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը կազմակերպէ քառօրեայ պտոյտ դէպի Պուլկարիոյ-Պանսքօ քաղաքը 19-23 Փետրուար 2026-ին:
* Երթուդարձը պիտի կատարէ փորձառու վարորդ՝ արդիական, օդափոխիչ սարքով օժտուած փուլման ինքնաշարժով:
* Ճամբայ պիտի ելլենք 19 Փետրուարի գիշերուան ժամը 11-ին ու Պանսքօ պիտի հասնինք առաւօտեան ժամը 8-ին: Երեք գիշեր պիտի մնանք 4 աստղանի հիւրանոցի մը մէջ:
* Հիւրանոցը կը տրամադրէ տաք ջուրով լողաւազան, ինչպէս նաեւ spa center:
* Ճոխ նախաճաշ եւ ընթրիք:
* Միօրեայ պտոյտ դէպի Սոֆիա:
* Մօտակայ «Պանիա» գիւղին մէջ այցելութիւն բացօդեայ լողաւազան
(յաւելեալ +20 ամէն անձի համար, ըստ փափաքի):
* Գիշերուան խնճոյք:
* Գիներու զեղչ «Ski-snowboard» գնել կամ լաւագոյն ճաշարան մը նախընտրողներուն համար:
* Ճամբորդութեան ապահովագրութիւն:
Մասնակցութեան սակը կը ներառնէ՝
Երթուդարձ, գիշերում, նախաճաշ, ընթրիք, spa center-ի եւ լողաւազաններու անվճար օգտագործում, պտոյտ Սոֆիա քաղաքը:
Տոմսակի արժէք՝ 280 եւրօ:
Մէկ անկողինով սենեակ փափաքողներուն համար՝ 400 եւրօ:
Արձանագրութիւններու ժամկէտ՝ 15 Յունուար 2026:
Արձանագրութեան համար հեռաձայնել ընկերուհիներ Ծովիկ Մինասեանին 693 775 1684 կամ Ալմաստ Մելիքեանին 693 946 1077:
Վարչութիւն









