Հաստաբուն կաղնիին վերջին տերեւն ալ ինկաւ։ Գաղութի պատմական եւ անկիւնադարձային ժամանակաշրջաններուն մէջ ոտքի կանգնած ծառը իր ճիւղերը հարստացուց ազգային նուիրումի բարձր գիտակցութեան տէր նուիրեալներով, որուն յատկանշական անձերէն մէկն էր հանգուցեալ Վարդուհի Մանուկեան։ Իր աչքերը փակեց 24 Փետրուար 2026-ին, հասած ըլլալով խոր ծերութեան, իր անմիջական ընտանիքի հոգածութեան ու սիրոյ ներքեւ։
Ժամանակի անխուսափելի թաւալումին մէջ, ծառին ծաղկուն տերեւները մէկ առ մէկ շիջեցան, ետին թողելով յիշողութիւններով եւ յունահայ պատմութեան մէջ նշանակալից արձանագրութիւններով հարուստ էջեր։ Սերունդ մը, որուն ուսերուն վրայ վիճակուեցաւ գաղութի յարատեւումը, յատկապէս ողբերգական ժամանակներէ յետոյ նօսրացումի ալիքին դիմակայելու՝ պատասխանատուութեան գերագոյն գիտակցութեամբ։
Վարդուհի Մանուկեան ծնած էր 1932-ին, Տրափեցոնայի մէջ եւ իր նախնական կրթութիւնը ստացած էր տեղւոյն հայկական վարժարանէն ներս։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի արհաւիրքի օրերուն, երբ շրջանը ենթարկուեցաւ բուռն ռմբակոծումներու, բազմաթիւ հայկական ընտանիքներ, որոնց կարգին Վարդուհիին ընտանիքը, տեղափոխուեցան Գոքինիա, այնուհետեւ իրենց կեանքը կապելով հայաշատ շրջանի ազգային իրականութեան հետ։
Վարդուհին կը կարողանայ յաճախել Գոքինիոյ «Զաւարեան» վարժարանը եւ դառնալ շրջանաւարտ։ Իր սերունդի բոլոր պատանիներուն նման ստացաւ հայեցի կրթութիւն, հայ գիրն ու գրականութիւնը ապրում դարձնելով իր մէջ եւ հետզհետէ կարողանալով քարտուղարական պարտականութիւններ ստանձնել միութենական կեանքէն ներս։ Յետպատերազմեան տարիները դարձան վերապրումի ժամանակներ, ուր դարձեալ ակումբներն ու հայկական օճախները եղան ժամանակի երիտասարդութեան մտաւոր զարգացման մեղուափեթակները։ Նման հայաշունչ մթնոլորտ կը տիրէր գաղութային ամէն քայլափոխին՝ հայերէն լեզուն իր տիրական ներկայութիւնը կը հաստատէր երիտասարդ սերունդին մօտ, իսկ Հ.Յ.Դաշնակցութեան ազգային եւ գաղափարական առաջադրանքները ներշնչումի աղբիւր կը դառնային երկսեռ երիտասարդութեան համար։ Երիտասարդական շարժումը կ՚ապրէր ազգային եւ մշակութային վերելք մը, իսկ դաշնակցական արժէքները իրենց ամուր հիմերը կը ստեղծէին նորահաս սերունդներու կազմաւորման մէջ։
Վարդուհին, գաղափարակից այլ երիտասարդներու հետ, մտաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքերը ու մինչեւ իր կեանքի վերջին շունչը հաւատարմօրէն փարեցաւ անոր գաղափարական արժէքներուն։
Իր կեանքը իմաստաւորուեցաւ ընտանիքի կազմութեամբ։ Կեանքի ճանապարհը Վարդուհին միացուց գաղութի երախտաւորներէն՝ Երուանդ Մանուկեանին հետ, որ արդէն կուռ դաշնակցականի եւ ղեկավար ընկերոջ համբաւը ունէր գաղութային եւ կազմակերպական իրականութեան մէջ։ Երկուքը միասին կազմեցին ազգային շունչով համակուած ընտանիք մը եւ բախտաւորուեցան երկու մանչ զաւակներով, Յարութիւնն ու Արմէնը, որոնց, անսպառ հոգատարութեամբ եւ ազգային դաստիարակութեան ոգիով, ցոյց տուին ծառայասիրութեան ու անսակարկ նուիրումի դժուար՝ բայց միակ ճանապարհը։
Ընտանեկան դերձակատունը վերածուեցաւ փոքր ակումբի մը, ուր Երուանդն ու Վարդուհին, անհուն ուրախութեամբ կը դիմաւորէին ընկերներ, բարեկամներ ու գործակիցներ, ազգային հոգերու եւ մտահոգութիւններու մասին անվերջ զրուցելու համար։ Երուանդի մտային պաշարը եւ Վարդուհիի աշխարհայեացքն ու գիտելիքները շաղախ դարձան նոյնիսկ աւելի երիտասարդ սերունդի ստացած օգուտին համար այդ երանելի հաւաքներէն ու զրոյցներէն։
Վարդուհին հաւատաւոր ընթերցողն էր «Ազատ Օր»-ին, որուն էջերուն սփոփանքը փնտռեց մինչեւ յառաջացած տարիքը։ Ունէր սեփական կարծիք, գիտէր զայն արտայայտել ու համոզիչ դառնալ իր շուրջիններուն։ Կազմակերպական եւ ժողովական կեանքին մէջ երկար մասնակցեցաւ՝ օրինակելի կարգապահութեամբ ու իր տուած երդումին հանդէպ խորախորհուրդ հաւատարմութեամբ։
Երբ այլեւս տարիները սկսան ծանրանալ իր յոգնաբեկ ուսերուն վրայ, իր զաւակներուն եւ թոռներուն խնամքին տակ վայելեց ընտանեկան տաքութիւնն ու գուրգուրանքը, հասնելով մինչեւ խոր ծերութիւն, երբ այլեւս ֆիզիքական ուժը սպառեցաւ, սակաւ առ սակաւ զրկուելով նաեւ իր շուրջիններուն հետ անմիջական յարաբերութեան կապէն։
Իր աչքերը փակեց հանդարտ ու հանգիստ, տեսած ըլլալով իր թոռներուն յառաջդիմութիւնը եւ մասնակցութիւնը ազգային, կուսակցական եւ միութենական կեանքին։ Գոհունակ սիրտով տեսաւ ամուսնոյն ու իր գաղափարական աշխարհայեացքի յարատեւումը թոռնիկներուն մէջ, որոնք նոյն նուիրումով իրենց ներկայութիւնը հաստատած են գաղութային կեանքէն ներս։
Վարդուհի Մանուկեանի յուղարկաւորութիւնն ու թաղումը տեղի ունեցաւ 27 Փետրուարին, Նէոս Գոզմոսի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ։ Հոն էին գաղափարի ընկերները, հարազատները եւ մեծ թիւով ժողովուրդ, յարգելու համար հանգուցեալի կեանքի ճանապարհը։ Հոգեւոր հովիւ Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեան խօսեցաւ Վարդուհիի մարդկային արժանիքներուն մասին, իսկ ընկ. Շաքէ Էլմասեան դամբանախօսեց յանուն գաղափարի ընկերներուն։
Հուսկ, իր մարմինը ամփոփուեցաւ Վիրոնայի գերեզմանատունը։
Այս քանի մը տողերը թարմ ծաղիկի նման թող զարդարեն հանգուցեալին յիշատակը։
Ք.Է.
* * *
Ստորեւ կը ներկայացնենք ընկ. Շաքէ Էլմասեանի դամբանական խօսքը։
Վարդուհի Մանուկեանի յիշատակին
Մօտաւորապէս ամիս մը առաջ, Գոքինիոյ եկեղեցւոյ բակին մէջ, մեր բարեկամուհիներէն մէկուն հոգւոյն կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք հանդիպեցայ Յարութիւն Մանուկեանին:
Գիտէի, որ Վարդուհին՝ Յարութիւնին մայրը, տկար էր եւ անկողնոյ կը ծառայէր: Հետաքրքրուեցայ անոր որպիսութեամբ: Հարցուցի եթէ կրնամ հեռաձայնով խօսիլ հետը: Յարութիւնը դժուարացաւ պատասխանելու. միայն կրցաւ ըսել:
— Ի զուր պիտի փորձէք. մաման… լաւ չէ, եւ ահաւասիկ այսօր սիրելիներ, ներկայ ենք հոս՝ ճնշիչ այս լուռ պահուն, մեր բոլորին սիրելի ընկերուհիին՝ Վարդուհիին սնարին շուրջը մէկտեղուած, վերջին իր «մնաք բարովին», վերջին «երթաս բարով» մը ըսելու:
Վարդուհիին հետ մեր կեանքի ճանապարհը երկար է. կը ճանչնայինք զիրար մեր դպրոցական տարիներէն, միասին կ՚աշակերտէինք «Զաւարեան» վարժարանէն ներս, ուր անցուցինք մեր դպրոցական անփոյթ եւ աղուոր տարիները. միշտ մօտիկ էինք իրարու եւ շրջանաւարտ այլեւս, ժամանակ մը հեռացանք իրարմէ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր նոր կեանքի ճանապարհը առաւ. բայց տարիներ ետք, կեանքի պայմանները կրկին բերին մեզ մօտ իրարու, երբ միասին եղանք կրկին, մեր երիտասարդական տարիներուն՝ մեր սիրելի յարկէն ներս, երբ կ՚անդամակցէինք Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութեան, որպէս գործուն անդամներ. ապա միասին անցանք շարքերու փորձառութեան:
Վարդուհին, տարիներով ստանձնած է Երիտասարդականի եւ ապա Գոքինիոյ Կոմիտէի զոյգ քարտուղարութիւնները, որոնք կը կատարէր անձնուիրութեամբ, օրինակելի եւ բծախնդիր կարգապահութեամբ: Բարեհաճոյ, միշտ ժպտերես անձնաւորութիւն մըն էր Վարդուհին. զանազան հարցերու շուրջ ողջմիտ. ունէր իր անձնական տեսակէտները. իր խօսքը միշտ մտածուած եւ ուղղակի. առանց տատանսումի կամ երկընտրանքի. ինչ որ կ՚ընէր՝ լաւ կ՚ընէր, եւ ինչ որ կ՚ըսէր, կը յայտնէր անոր ճշդութեան, աներկբայ հաւատքով:
Ան որպէս հաւատաւոր խաչուհի կանոնաւորապէս կը մասնակցէր ժողովներուն, հակառակ իր զբաղուածութեան, եւ յօժարութեամբ օգտակար կ՚ըլլար անոր յարակից աշխատանքներուն եւ ձեռնարկներուն:
Զաւարեանական այդ սիրալիր ընկերային մթնոլորտին մէջ, միեւնոյն գաղափարով թրծուած, միեւնոյն երազներով եւ իտէալներով առլցուն, երկու երիտասարդներ, Վարդուհին եւ Երուանդը (Մանուկեան) մօտեցան իրարու եւ փոխադարձ յարգանքով ու սիրով, իրենց կեանքերը զօդեցին իրարու եւ կազմեցին իրենց ընտանեկան յարկը, եւ կը կարծեմ, որ իրենց այդ յարկը տակաւ առ տակաւ վերածուեցաւ փոքր «Զաւարեան»-ի մը:
Կը բախտաւորուին երկու զաւակներով՝ Յարութիւնով եւ Արմէնով:
Այս պահուն մտքիս մէջ կը դառնայ պզտիկ դրուագ մը զորս կ՚ուզեմ յիշատակել:
Արմէնին կնունքի օրն էր. Ներկաներէն մէկը հարց տուաւ ընկ. Երուանդին, թէ ինչո՞ւ փոքր տղուն անունը «Արմէն» դրեր են. «Որպէսզի միշտ յիշէ թէ ինք «Արմէն» է. Հայ է, այս էր կտրուկ պատասխանը…
Վարդուհին որպէս սիրող եւ համբերատար կողակից տեւապէս եւ բոլորանուէր աջակցութեամբ, որպէս նեցուկ մնաց իր ամուսնոյն կողքին: Անոնք միասնաբար, իրենց իսկ կեանքի օրինակով դաստիարակեցին եւ ջանացին երաշխաւորել մարդկային եւ ազգային արժանիքներով զինուած զաւակներ, որոնք իրենց կարգին եւս ինչ որ առին իրենց ծնողքէն, առատօրէն փոխանցեցին ուրիշներու եւ ազգին: Յարութիւն եւ Արմէն իրենց սատարը մատուցին եւ կը շարունակեն մատուցել գաղութային կեանքի հանգրուանային կառոյցներուն…
Վարդուհիին հովանիին ներքեւ հասակ առին նաեւ իր երեք թոռները Երուանդը, Սերոբը եւ Անին: Վարդուհին բախտաւորութիւնը ունեցաւ վայելելու զանոնք. Անոնք դարձան իր ուրախութեան աղբիւրը եւ ան տուաւ անոնց անհուն իր սէրն ու գուրգուրանքը:
Լաւ ապրեցար, սիրելի Վարդուհի. Ապրեցար այնպէս ինչպէս որ դուն կ՚ուզէիր, ինչպէս որ քեզի կը վայելէր, ըմպեցիր կեանքի դառնութիւններն եւ ուրախութիւնները. սէր բաշխեցիր, սէր ստացար, յարգեցիր ու յարգուեցար: Վարձքդ կատար Վարդուհի։
Բանաստեղծին խօսքերով՝
«Մինչ կը մնայ հողին տակ,
Եղէգներէն դիւրաթեք, կաղնիներէն հաստաբուն,
Արեւն ըմպած ըլլալու մխիթարանքը անհուն»:
ՇԱՔԷ ԷԼՄԱՍԵԱՆ










