Երեքշաբթի, 29 Սեպտեմբեր 2026-ին, դպրոցական առօրեային ընթացքին, մեր դպրոցը այցելեցին Պուէնոս Այրէսի (Արժանթին) հայկական Խրիմեան վարժարանին (Colegio Armenio Jrimian) երկրորդական դպրոցին 16 աշակերտներ իրենց հայերէնի եւ անգլերէնի ուսուցչուհիներուն ուղեկցութեամբ։ Անոնք Հայաստան այցելած էին ու վերադարձի ճանապարհին, Աթէնք եռօրեայ կանգառ կատարեցին։ Անոնց ուղեկցող հայերէնի ուսուցչուհիին հետ կապը արդէն կար 2017-էն՝ Երեւանի համալասարանի հայ ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագիրին ժամանակէն, եւ այդ կը շա-րունակուի մինչեւ այսօր։
Աշակերտներուն ուրախութիւնը ակնյայտ էր, անկախ տարիքային տարբերութեան․ երկրորդական եւ նախակրթարան։ Մեր շատ սիրելի հիւրերը մեզի հայկական պար մը պարեցին եւ ապա հրաւիրեցին մեր աշակերտները իրենց միանան։ Անսպասելի խանդավառութիւն մը տիրեց եւ մէկ պարին յաջորդեցին ուրիշ պարեր եւս։ Ինչպէս կ՛ըսեն․ «հայը հայուն ուր որ ալ հանդիպի, փոքրիկ Հայաստան մը կը ստեղծէ», այդպէս ալ եղաւ։ Կարծես տարիներու ծանօթներ էինք։ Իրապէս բոլորս իրարմէ դժուար բաժնուեցանք․ յուզումը ակնյայտ էր։
Հ․Կ․Խաչի «Զաւարեան» ազգային վարժարանի Տնօրէնութիւն










