Ծանօթ է, թէ բաւական տարիներէ ի վեր, արդիւնաւէտ գործակցութեան կապ ստեղծուած է հանրածանօթ «Յուշամատեան» հաստատութեան եւ «Արմենիքա» պարբերաթերթին միջեւ, որուն շնորհիւ հաստատութիւնը կարողացած է հաւաքագրել նկատառելի թիւ մը ընտանեկան վկայութիւններու եւ արձանագրութիւններու՝ պատմական Հայաստանի հողերուն վրայ ապրած հայրենակիցներու ընտանեկան արխիւներէն։ Այսօր, «Յուշամատեան»-ի կայքէջը կը պարունակէ բազմաթիւ արձանագրութիւններ, նպատակ ունենալով երեւան բերել ու պահպանել այնպիսի տուեալներ, նկարներ, ընտանեկան պատմական իրեր եւ սերունդէ սերունդ ժառանգուած պատմութիւններ, որոնք կը կազմեն հայ ժողովուրդի պատմական երթի ու իր հայրենի հողերուն վրայ ազգագրական ներկայութեան հիմնական ու փաստացի արխիւներու հարուստ շտեմարան մը։
Վերջերս, երկու կառոյցներու գործակցութիւնը առաւել ընդլայնուեցաւ, այս անգամ յատուկ կապ ստեղծած ըլլալով Լոնտոնի պետական գրադարանի հաստատութեան հետ, որ կը հովանաւորէ նաեւ հայկական պատմական փաստերու հաւաքագրման աշխատանքը, զանոնք ներառնելով մնայուն պահելու եւ կորուստէ փրկելու ծրագիրին մէջ։
Յունաստանի մէջ կատարուող աշխատանքին յաւելեալ թափ տալու նպատակով, տեղի ունեցան երկու հանդիպումներ Քսանթիի եւ Գոմոթինիի հայութեան հետ, որոնց ներկայացուեցաւ ծրագիրը եւ անոր կարեւորութիւնը։
Առաջին ներկայացումը իրագործուեցաւ Հինգշաբթի, 26 Մարտին Քսանթիի մէջ, իսկ յաջորդ օրը, Գոմոթինիի հայութիւնը առիթ ունեցաւ մօտէն ծանօթանալու մասնայատուկ ծրագիրին եւ իր մասնակցութիւնը բերելու տեղական ընտանիքներու հին պատմական արխիւներու տրամադրութեան աշխատանքին։
Ուրբաթ, 27 Մարտի երեկոյեան, Գոմոթինիի եկեղեցւոյ սրահին մէջ մեծ թիւով հայրենակիցներ ընդառաջեցին հրաւէրին, մօտէն ճանչնալու համար ծրագիրին եւ իրենց մասնակցութիւնը բերելու ընտանեկան տուեալներու ներկայացման։
Երեկոյին իր խօսքը ուղղեց շրջանի հոգեւոր հովիւ Տ. Դանիէլ քհնյ. Գալօղլեան, որ ողջունեց մասնագիտական խումբին ներկայութիւնը եւ կարեւորեց գործակցութիւնը թաղային խորհուրդներուն հետ, թուայնացման անմիջական աշխատանքները իրագործելու շրջաններու պատմական արխիւներուն վրայ։
Առաջին հերթին, «Յուշամատեան»-ի պատասխանատու Վահէ Թաշճեան համառօտ ներկայացում մը կատարեց հաստատութեան աշխատանքներուն մասին, յատուկ շեշտ դնելով Յունաստանի մէջ «Արմենիքա» պարբերաթերթին հետ գործակցութեան տուած արդիւնքներուն։ Ան յայտնեց, թէ ներկայիս «Յուշամատեան»-ի արխիւին մէջ մեծ մաս կը կազմէ Յունաստանի հայ ընտանիքներու պատմական տուեալներու հաւաքածոն, շնորհիւ հետեւողական եւ շարունակական աշխատանքին տեղական գործակիցներուն հետ։ Ան նաեւ յայտնեց, թէ յատուկ կարեւորութիւն կը ստանայ շփումը Թրակիոյ հայութեան հետ, որուն պատմական ակունքները արխիւային կարեւոր նշանակութիւն կը ներկայացնեն։
«Յուշամատեան»-ի խմբագրական աշխատակից Անի Աբիկեան անդրադարձ կատարեց աշխատանքի կարեւորութեան մասին, ընդգծելով, թէ իւրաքանչիւր ընտանիքի պատմական հարուստ անցեալը, անոնց լուսանկարչական արխիւները եւ ընտանեկան սպասներու պատմական արժէքը կը կազմեն հայ ժողովուրդի ազգագրութեան ամբողջական պատկերը, որուն պահպանումը կը կատարուի համակարգուած եւ հետեւողական աշխատանքով, միշտ ի մտի ունենալով ազգային արմատները կորուստէ փրկելու պարտականութիւնը։
«Արմենիքա»-ի աշխատակից վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան ներկայացուց հաստատութեան եւ Լոնտոնի պետական գրադարանի գործակցութեան շրջագիծը, ընդգծելով, թէ յաճախ կորուստի ենթարկուած պատմական փաստաթուղթեր, լուսանկարներ եւ իրեր հետեւողական կերպով կ՚արձանագրուին եւ մնայուն կը պահուին։ Ան նաեւ նշեց, թէ պատմական իրերու կորուստը հետեւանք կրնայ ըլլալ բնական աղէտներու, սակայն ընտանիքներու կողմէ հետաքրքրութեան պակասը եւս կ՚ազդէ անոնց փճացումին ու կորստեան։ Այս երեւոյթները կանխելու նախանձախնդրութեամբ, «Յուշամատեան»-ը կը թուայնացնէ ընտանեկան եւ համայնքային արխիւները, որպէսզի անոնք մնայուն կերպով պահպանուին բրիտանական գրադարանի հարուստ շտեմարանին մէջ, նոյնիսկ եթէ ապագային բնագիր տուեալները կորստեան մատնուին։
Հոս կարեւոր է նշել, թէ աշխատանքային խումբը, իր կեցութեան ընթացքին Թրակիոյ հայաշատ շրջանը, կատարեց երկու հիմնական աշխատանքներ։ Առիթ ունեցաւ հանդիպելու մեծ թիւով հայրենակիցներու հետ եւ գրի առնելու անոնց ընտանեկան պատմական արխիւները, որոնք ապագային տեղ պիտի գտնեն «Յուշամատեան»-ի կայքէջին վրայ։
Նոյն կարեւորութեամբ, խումբը այցելեց Ալեքսանտրուպոլսոյ, Գոմոթինիի, Քսանթիի եւ Գավալայի հայկական եկեղեցիները, ուր լուսանկարեց եւ թուայնացման ընթացքի մէջ դրաւ աւելի քան 7000 փաստաթուղթ ու լուսանկար, որոնք կը կազմեն համայնքային կեանքի՝ տասնամեակներու վրայ երկարող պատմական հարուստ գանձարան մը։
Ինչպէս յայտնեցին խումբի պատասխանատուները, սոյն աշխատանքը պիտի շարունակուի ապագային եւս, սատարելու համար Թրակիոյ հայ համայնքներու պատմական արխիւներու փրկութեան։










