Ըն­դա­ռա­ջե­լով Նի­քիա­յի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի հրա­ւէ­րին, Գո­քի­նիոյ Ս. Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Պա­րէտ քհնյ. Խա­չե­րեան եւ Թա­ղա­յին խորհուր­դի գան­ձա­պահ պրն. Գար­լօ Գու­յում­ճեան, Չո­րեք­շաբ­թի, 25 Մարտ 2026­-ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10։30-ին, ներ­կայ գտնո­ւե­ցան «Օ­սիա Ք­սէ­նի» հրա­պա­րա­կի յու­շար­ձա­նին առ­ջեւ, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ Յու­նաս­տա­նի ազ­գա­յին տօ­նին առ­թիւ հո­գե­հանգս­տեան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, օ­րո­ւան պատ­գա­մի փո­խան­ցու­մը եւ դափնեպ­սակ­նե­րու զե­տե­ղու­մը։
Պրն. Գու­յում­ճեան Ս. Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ կող­մէ զե­տե­ղեց դափ­նեպ­սակ մը։ Ետ­քը տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­շա­կեր­տա­կան ու սկաու­տա­կան տո­ղանց­քը, ո­րուն մաս կազ­մե­ցին նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գո­քի­նիոյ մաս­նա­ճիւ­ղի սկաու­տա­կան խում­բը։
Նաեւ յա­նուն շրջա­նի յու­նա­հայ հա­մայն­քին՝ դափնեպսակ զետեղեց Գէորգ Աւագեան:
Ա­ւար­տին հո­գե­ւոր հո­վիւն ու Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դա­մը մեկ­նե­ցան «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րոն, ուր տե­ղի ու­նե­ցան սկաուտ­նե­րու դրօ­շա­կի ա­րա­րո­ղութիւն եւ աս­տի­ճան­նե­րու բարձրա­ցում։ Տ. Պա­րէտ քա­հա­նայ հայ­րը, շնոր­հա­ւորեց յու­նաց ազ­գա­յին տօ­նին առ­թիւ սկաու­տա­կան կազ­մի ներ­կա­յու­թիւնն ու պա­տո­ւա­բեր տո­ղանց­քը։

ԹՂԹԱԿԻՑ

***

Նէա Զ­միռ­նիի շրջա­նէն ներս, յու­նաց ազ­գա­յին տօ­նին ա­ռի­թով, յու­նաց Այ. ­Ֆո­թի­նի ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Գո­հա­բա­նա­կան մաղ­թանք, ա­պա դափ­նեպսակ­նե­րու զե­տե­ղում եւ տո­ղանցք, ­Նէա Զ­միռ­նիի կեդ­րո­նա­կան ճամ­բուն վրայ:
­Նէա Զ­միռ­նիի «Էս­թիա» հրա­պա­րա­կին վրայ յու­շար­ձա­նին առ­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցաւ դափ­նեպ­սակ­նե­րու զե­տե­ղու­մը, ուր յա­նուն շրջա­նի յու­նա­հայ հա­մայն­քին՝ դափ­նեպսակ զե­տե­ղեց Գրիգոր Ճանիկեան։
Ա­պա տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­շա­կեր­տա­կան ու սկաու­տա­կան տո­ղանցք, ո­րուն մաս կազ­մեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Աթէնքի մաս­նա­ճիւ­ղի սկաու­տա­կան խում­բը։
Տողանցքէն ետք բոլորը հաւաքուեցան Ֆիքսի ակումբը, ուր տե­ղի ու­նե­ցան սկաուտ­նե­րու դրօ­շա­կի ա­րա­րո­ղութիւն եւ աս­տի­ճան­նե­րու բարձրա­ցում։

ԹՂԹԱԿԻՑ

***

­­Յու­նաս­տա­նի 25 ­­Մար­տի ազ­գա­յին տօ­նին ա­ռի­թով, ­Չո­րեք­շաբ­թի, 25 ­Մարտ 2026-ին, Ա­թէն­քի, ­­Գո­քի­նիոյ եւ ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաու­տա­կան մաս­նա­ճիւ­ղե­րու քոյ­րերն ու եղ­բայր­նե­րը տո­ղան­ցե­ցին ի­րենց շրջան­նե­րէն ներս: