Ռուսաց լեզուի ուսուցչուհի Ճուլիեթթա Եղոյեանի եւ Հայաստանի պատմութեան ուսուցչուհի Մարիամ Պետրոսեանի նախաձեռնութեամբ, «Միջազգային յարաբերութիւններում ազգային փոքրամասնութիւնների դերը որպէս կամուրջ» աշխատանքի ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիպում, գործակցելով Հայաստանի մէջ յունական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, Յունաստանի մէջ հայկական համայնքի կեանքին իրազեկ եղող տիկին Ալիս Աթթարեանին եւ Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան ճիւղի սփիւռքագիտութեան ամպիոնի ուսանողուհի Թերեզա Մնացականեանին հետ։
Հիւրերը ներկայացուցին Յունաստանի հայկական համայնքի ձեւաւորման պատմութիւնը, ներկայի համայնքի գործունէութիւնը, խօսեցան կրթական, մշակութային կեանքի կազմակերպման մասին ու սիրով պատասխանեցին իրենց ուղղուած հարցերուն։ Նախագծային աշխատանքի մասնակիցները` Լիտա Սեդրակեան, Սարգիս Մամիկոնեան եւ Վահէ Մկրտչեան այս հանդիպումով հնարաւորութիւն ստացան պատկերացում կազմել հայ համայնքի գործունէութեան մասին, որը իրենց կ‘օգնէ նախագծային աշխատանքը ուսումնասիրելու եւ վերլուծութիւններ կատարելու։










