Հայ երիտասարդ գիտնականներու միջազգային ակադեմական յաջողութիւններուն շարքին, հպարտութեան զգացումներ կ՚արթնցնեն թեսաղոնիկահայ Նարեկ Ալեքսանեանի գիտական եւ մասնագիտական նոր նուաճումները։ Վերջին տարիներուն իր ուսումնական եւ գիտահետազօտական գործունէութեամբ, ան հաստատուն քայլերով յառաջացած է տնտեսագիտութեան միջազգային ոլորտին մէջ ու այսօր կը դասաւանդէ աշխարհի առաջատար գիտական կաճառներէն մէկուն՝ Միացեալ Նահանգներու Փրինսթըն համալսարանին մէջ։
Ալեքսանեան իր ակադեմական բարձրագոյն կրթութիւնը սկսած էր ամերիկեան հանրածանօթ Եէյլ համալսարանին մէջ, ուր 2019-ին աւարտած է Տնտեսագիտութեան եւ Թուաբանութեան բաժինները։ Ուսանողական տարիներուն ան արժանացած է տնտեսագիտութեան բնագաւառի մրցանակին՝ իր բարձր յառաջդիմութեան համար։ Նոյն շրջանին, անոր աւարտական հետազօտական աշխատանքը՝ «The Equilibrium Impact of Robots on Labor Markets», ներկայացուած էր նաեւ Եյլիի Տնտեսագիտութեան բաժանմունքի մրցանակներու թեկնածու աշխատանքներու շարքին։
Այնուհետեւ, Ալեքսանեան իր ուսումը շարունակած է Փրինսթըն համալսարանին մէջ՝ մասնագիտանալով մակրոտնտեսագիտութեան եւ ֆինանսներու ոլորտներուն մէջ։ 2021-ին ան Փրինսթընէն ստացած է մագիստրոսի աստիճան, իսկ 2025-ի ակադեմական հանգրուանին, որպէս դոկտորական թեկնածու ներկայացուած է համալսարանի Տնտեսագիտութեան բաժանմունքի աշխատանքային շուկայի թեկնածուներու շարքին։
Անոր գիտական հետաքրքրութիւնները կը կեդրոնանան մակրոտնտեսագիտութեան եւ ֆինանսներու հատման կէտին վրայ՝ մասնաւորաբար ուսումնասիրելով, թէ պայմանագրային որոշումները ինչպէ՞ս կը ձեւաւորեն տնտեսական շրջանները։ Բացի դոկտորական աշխատանքի շրջագիծէն, իր հետազօտութիւնը Փրինսթընի մէջ ներկայացուած է նաեւ համալսարանի մակրոտնտեսագիտութեան եւ միջազգային մակրոտնտեսագիտութեան գիտաժողովներու ընթացքին։
2025-ին Փրինսթընի համալսարանի Շրջանաւարտներու դպրոցին կողմէ ան ընտրուած էր համալսարանի ուսուցման մրցանակի արժանացած տասը շրջանաւարտ ուսանողներէն մէկը։ Ան եղած էր «Financial Investments» դասընթացքի գլխաւոր դասաւանդող օգնականը՝ նպաստելով ուսանողներու ուսումնական աշխատանքին։ Համալսարանի հրապարակած վկայութիւններուն համաձայն՝ ան յատկապէս գնահատուած էր բարդ նիւթերը մատչելի եւ հասկնալի ձեւով ներկայացնելու իր կարողութեան համար։
Նարեկ Ալեքսանեան արդէն նոյն համալսարանին մէջ, ուր անցուցած է իր դոկտորական ուսման տարիները, կը շարունակէ իր գիտական եւ դասաւանդման գործունէութիւնը։ Փրինսթընի Տնտեսագիտութեան բաժանմունքի ներկայ պաշտօնական ցանկին մէջ ան կը նշուի որպէս դասախօս։
Տնտեսագէտ Նարեկ Ալեքսանեան, 2025-ին մասնակցեցաւ Հայկական Տնտեսագիտական Ընկերակցութեան (Armenian Economic Association) Երիտասարդ Գիտնականներու աշխատաժողովին՝ իր «Endogenous Wage Indexation and Aggregate Supply» ուսումնասիրութեամբ։
Նարեկ Ալեքսանեան փոքր տարիքէն մասնակցած է թեսաղոնիկահայ կեանքին, ցուցաբերելով բացառիկ հմտութիւններ եւ կարողութիւններ։ Ան աչքի զարկած է իր ուսումնասիրութեամբ, ինչպէս նաեւ ժրաջան անդամակցութեամբ Հ.Յ.Դ. Երիտ. Միութեան «Ս. Թեհլիրեան» խումբին, Թեսաղոնիկէի Համազգայինի պարախումբին եւ որպէս դպիր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։
Իր նուաճած բացառիկ ուղին եւ յաջողութիւնները հպարտութիւն յառաջացնող իրագործումներ են, ցոյց տալով, որ որ հայ երիտասարդութեան գիտական ներուժը սահմաններ չունի։
Բարի յաջողութիւն եւ ակադեմական ու գիտական փայլուն յաջողութիւններ կը մաղթենք մեր հայրենակիցին։










