Հ.Կ.Խաչի արիւնատուութեան արշաւին 2-րդ փուլը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 1 Նոյեմբեր 2026-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 14:00, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Աւետիքեան» սրահէն ներս։
Ընդառաջելով Հ.Կ.Խաչի կոչին, մեր հայրենակիցները մասնակցեցան արիւնատուութեան արշաւին, գիտակցելով արեան նուիրաբերումի անհրաժեշտութեան, որ մարդասիրական գործունէութիւն մըն է եւ նպատակ ունի օգնութեան հասնիլ մեր հայրենակիցներուն, երբ որ կարիքը ստացուի:
Հ.Կ.Խաչի ընկերուհիները, արիւնատուութեան բժիշկներու խումբին հետ ընդունեցին կամաւոր արիւնատուներուն: Պատասխանատու բժիշկը խիստ քննութենէ կ՚անցընէր կամաւորները, որպէսզի բոլոր առողջապահական օրէնքները յարգուին:
Կարելի եղաւ 24 շիշ արիւն ապահովել: Ստացուած արեան քանակը տրամադրուեցաւ «Էվանկելիզմոս» հիւանդանոցի համակարգի՝ Հայ Կապոյտ Խաչի անունին տակ պահք դրուած արեան պահեստին։
Նշենք, թէ այս տարի, Հ.Կ.Խաչի որոշումով, արիւնատուութիւնը կատարուեցաւ երկու ակումբներուն մէջ, վեց ամսուան հեռաւորութեամբ, առիթը տալու համար բոլոր փափաքողներուն կարենան մասնակցիլ Հ.Կ.Խաչի կազմակերպած արիւնատուութեան արշաւին:
Վարձքը կատար եւ առողջութիւն բոլորին։










