Չորեքշաբթի, 9 Սեպտեմբեր 2026-ի առաւօտուն, նախօրօք առնուած ժամադրութեամբ, Յունաստանի Հայոց թեմակալ Առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ եպս. Եմիշեան, ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան ատենապետ պ. Նազար Աւագեանի եւ ատենադպիր պ. Քերոբ Էքիզեանի, տեսակցութիւն մը ունեցաւ Յունաստանի Կրթութեան եւ Կրօնից նախարարութեան կրթական հարցերու ընդհանուր քարտուղար պ. Իոաննիս Փափատոմարքաքիսի հետ։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ ոչ պետական վարժարաններու պատասխանատու տիկ. Փանայոթա Ռունի։
Դպրոցական նոր տարեշրջանի սեմին տեղի ունեցած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ երկուստեք ծանօթացման, ինչպէս նաեւ յունահայ համայնքի կրթական գործունէութեան վերաբերող ընդհանուր պատկերի ներկայացման։ Այս առիթով, անդրադարձ կատարուեցաւ համայնքային կառոյցներուն կողմէ կրթական ոլորտին մէջ կատարուած աշխատանքներուն եւ իրականացուող կարեւոր նախաձեռնութիւններուն։
Հանդիպման ընթացքին նաեւ մտքերու փոխանակում տեղի ունեցաւ յառաջիկայ շրջանին նախատեսուող կրթական ծրագիրներու եւ անոնց իրագործման ուղղութեամբ անհրաժեշտ քայլերուն շուրջ։
Կրթութեան Ընդհանուր քարտուղարը ողջունեց Առաջնորդ Սրբազան հօր եւ Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներուն այցելութիւնը եւ իր գնահատանքը յայտնեց յունահայ համայնքի՝ Յունաստանի մէջ բազմամեայ ներկայութեան ու գործունէութեան նկատմամբ։ Ան մասնաւորապէս ընդգծեց կրթական ոլորտին մէջ առկայ գործակցութեան կարեւորութիւնը եւ նախարարութեան կողմէ, հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ, անհրաժեշտ աջակցութիւն ցուցաբերելու պատրաստակամութիւնը։
Իր կարգին, ոչ պետական վարժարաններու պատասխանատուն անդրադարձաւ կրթական գործունէութեան հետ առնչուող շարք մը գործնական հարցերու՝ ներկայացնելով անոնց կարգաւորման եւ յառաջխաղացման ուղղութեամբ անհրաժեշտ նկատառումները։
Հանդիպումը աւարտեցաւ յառաջիկայ շրջանին կողմերուն միջեւ անմիջական հաղորդակցութիւնը շարունակելու ու զայն աւելի գործնական հունի մէջ դնելու փոխադարձ պատրաստակամութեան հաստատումով։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ