Մեր պատանի բանակողներուն, վարիչներուն եւ ծնողներուն հաստատումով, այս տարի եւս Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Պատանեկան միութեան 45-րդ բանակումը հանդիսացաւ այն միջավայրը, ուր տասնօրեայ տեւողութեամբ մեր պատանի սերունդի հայորդիները ապրեցան առանձնայատուկ պահեր՝ մշակելով եւ աւելի ամրապնդելով բարեկամութիւններ ու ընկերային կապեր։ Բոլոր մասնակցողները միասնաբար վայելեցին հայաբոյր միջավայրի մը մէջ, ուր, բացի հաճելի ընկերային ժամանցէն, հայոց պատմութիւնը, մշակոյթը, գիրը եւ ստեղծագործական պահերը ապրումներու շարան մը դարձան պատանիներու առօրեայ կեանքին ընթացքին։ Այս մթնոլորտին վրայ պէտք է աւելցնել նաեւ Քերաթէայի բանակավայրի գեղատեսիլ ու յարմարաւէտ միջավայրը, որ ներշնչեց պատանիներն ու վարիչները՝ անգնահատելի համայնական կեանքին տալով յատուկ երանգաւորում մը։
Այս տպաւորութիւններով եւ զգացումներով բանակավայրը իր դռները բացաւ Ուրբաթ, 4 Սեպտեմբեր 2026-ի երեկոյեան՝ ընդունելու համար պաշտօնական հիւրեր, ծնողներ եւ հայրենակիցներ, ու միասնաբար վայելելու հաճելի պահեր։
Բանակավայրի հանդիսութեան ներկայ եղան թեմակալ Առաջնորդ Տ. Սահակ եպս. Եմիշեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Նազար Աւագեան եւ անդամները, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդր. Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան եւ անդամները, Համազգայինի Շրջ. վարչութեան ատենապետուհի ընկ. Յուլիանա Մանուկեան, Հ.Կ.Խաչի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի վարչականներ։
Որոշեալ ժամուն կատարուեցաւ դրօշի արարողութիւն, ապա ներկաները առաջնորդուեցան բանակավայրի բացօդեայ հանդիսավայրը, ուր ծայր առաւ պատանիներուն կողմէ պատրաստուած յայտագիրը։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հ.Յ.Դ. Պատանեկան միութեան Վարիչ մարմնոյ պատասխանատու ընկ. Ժաննա Յովսէփեան, որ անդրադարձ կատարեց 45 երկար տարիներու ընթացքին բանակումներու անխափան կազմակերպման՝ որպէս հայ ինքնութեան ամրապնդման կարեւոր ազդակ։ Շարունակելով իր խօսքը՝ ան յայտնեց.
«Ժամանակները կը փոխուին, եւ մենք ալ պէտք է յարմարուինք՝ հասկնալով նոր սերունդին մտածելակերպը, հետաքրքրութիւններն ու կարիքները։ Բայց այդ փոփոխութիւններուն մէջ պէտք չէ կորսնցնենք այն հիմնական արժէքները, որոնք այս գործին իմաստ տուած են այսքան տարի՝ մեր լեզուն, մեր մշակոյթը, մեր պատմութիւնը եւ մեր միութենական ոգին։ Պատանեկան Միութեան աշխատանքը երբեք միայն ժողովներ կամ արշաւներ ընելը չէ եղած։ Ասոնք միջոցներ են՝ հասնելու համար աւելի մեծ նպատակի մը։ Կը փորձենք պատանիներուն մէջ արթնցնել հայկական ոգին, ստեղծել միջավայր մը, ուր անոնք կը խօսին հայերէն, կ՚երգեն մեր երգերը, իրարու հետ կը կապուին եւ կը հասկնան, որ մաս կը կազմեն համայնքի մը եւ պատմութեան մը, որ իրենցմէ առաջ սկսած է»։
Խօսողը յատուկ շեշտաւորում կատարեց այն շարունակական շղթային մասին, ուր այսօրուան վարիչները երէկուան մասնակցող պատանիներ եղած են, իսկ վստահութիւն յայտնեց, թէ ներկայ բանակողներէն յառաջ պիտի գան ապագայի վարիչները, որոնք պիտի կանգնին նոյն պատասխանատու դիրքերուն վրայ՝ սատարելով ապագայ պատանիներու ընկերային ու մտաւոր կազմաւորման։
Յաջորդաբար ընթացք առաւ պատանիներուն կողմէ պատրաստուած յայտագիրը, որ երգի, պարի ու խօսքի տպաւորիչ արտայայտութիւն մըն էր։ Իրար յաջորդող համարներով մեր պատանիներու երգչախումբը հրամցուց հայկական ժողովրդային երգեր, խումբ մը պատանիներ ներկայացուցին կարճ թատերական ամբողջութիւն մը՝ առնուած բանակումի կեանքէն, ուր զաւեշտախառն արտայայտութիւններով տուին նաեւ բանակումի ընկերային ու դաստիարակչական ոգին։ Հայկական ժողովրդային պարերու տեսարանները խանդավառութեան ալիքներ ստեղծեցին ներկաներուն մօտ, որոնք շարունակական ծափահարութիւններով քաջալերեցին մեր տղոց աշխատանքը, անոնց սահուն հայերէնով արտայայտուելու ոճը, հայ երգին ու մշակոյթին հանդէպ սէրը եւ պատանիներուն մէջ ծիլ նետող ազգային ոգիի զգացումները։
Մեծ տարիքի պատանիներու խումբին անունով հանդէս եկան ընկ. Վանա Պարղուտեան եւ ընկ. Փոլ Աւագեան, որոնք հայերէն եւ յունարէն լեզուով յայտնեցին իրենց զգացումները Միութեան մէջ վայելած տարիներուն համար։ Անոնք յուզումով վերյիշեցին յաջորդական բանակումները, ապա հաստատակամ այտայայտեցին իրենց եւ տարեկիցներուն մասնակցութեան շարունակութիւնը Հ.Յ.Դ. Երիտ. Միութեան շարքերէն ներս։
Ստեղծուած մթնոլորտի հարազատ արտայայտիչը եղաւ Առաջնորդ Սրբազան հայրը, որ դրուատեց կատարուած աշխատանքը եւ գնահատեց բանակումի համընդհանուր կազմակերպութիւնը։
«45 տարիներ շարունակ բանակումի ոգին եւ էութիւնը կը մնան անփոփոխ։ Կը պատկերացնեմ այս բանակումները որպէս փոքր պատկերը յունահայ գաղութին՝ պահպանելով հայութեան ներկայութիւնը նոյնիսկ բանակումին մէջ։ Յոյսով եմ, որ մեր գաղութի ընտանիքները պիտի շարունակեն ոգեւորուիլ եւ իրենց զաւակները ղրկել այս կարեւոր բանակումին։ Կարեւոր կը նկատենք զայն ոչ որպէս սոսկ միութենական ձեռնարկ մը, այլ որովհետեւ անոր մէջ կը տեսնենք մեր ապագան։ Կարեւոր է, որովհետեւ այս բանակումի վարիչը վաղը պիտի դառնայ գաղութային մեր կեանքի պատասխանատուն։ Կ՚ողջունեմ պատանիներու ներկայութիւնը այս բանակումին եւ անոնց մէջ ստեղծուող տեսիլքը՝ ապագայ մեր կեանքին համար», պատգամեց Սրբազան հայրը իր ոգեշնչող խօսքին մէջ։
Բանակումի երեկոյի յայտագիրը շարունակուեցաւ խրախճանքով մը, ուր խանդավառ ոգին տիրապետեց սեղաններուն շուրջ։ Մեր պատանիները յաջորդաբար հիւրասիրեցին սեղանները եւ հայկական պարերով ստեղծեցին ջերմ ու հայաբոյր մթնոլորտ մը՝ արժանանալով բոլոր ներկաներու անվերապահ քաջալերանքին ու գնահատանքին։
Ժողովուրդին եւ յունահայ կառոյցներուն կողմէ կատարուած սրտաբուխ նուիրատուութիւնները քաջալերանքի արտայայտութիւն մը եղան՝ սատար հանդիսանալով կազմակերպական աշխատանքին եւ անոր յաջողութեան։ Նաեւ հայրենակիցներու կողմէ եղած նուէրներով ու գոհարեղէններով իրագործուեցաւ վիճակահանութիւն։
Երեկոն իր աւարտին հասաւ ուշ գիշեր։ Դժուար էր բանակումէն ներկաներուն մեկնումը, որովհետեւ ստեղծուած մթնոլորտը եւ խանդավառութիւնը շարունակեցին համակել ժողովուրդը։
Կը մնայ շնորհաւորել Հ.Յ.Դ. Պատանեկան միութեան Վարիչ մարմինը եւ անոր ետին՝ արթուն պահակի պէս կանգնած պատասխանատու մեր մարմինները, որոնք 45 երկար տարիներու ընթացքին Պատանեկանի բանակումի իրագործման մէջ կը տեսնեն գաղութի եւ հայութեան նորահաս սերունդները հայօրէն կազմաւորելու տեսիլքն ու անփոխարինելի նպատակը։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Հ.Յ.Դ. Պատանեկան միութեան բանակումը՝ պատանիներու համախմբման միջավայր










