Հայոց ցեղասպանութեան
111-ամեակի ոգեկոչման առիթով
Հայ ժողովուրդը կանգնած է Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակի ոգեկոչումի սեմին՝ պատմական փորձութիւններով ծանրաբեռնուած ժամանակաշրջանի մը մէջ։ Ազգային կեանքը այսօր դարձեալ կը գտնուի խորապէս վիրաւոր վիճակի մէջ։ Այս ծանր իրողութիւնը մէկ կողմէն հետեւանք է Արցախի բռնագրաւման եւ ամբողջական հայաթափման՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ իրագործուած հայատեաց քաղաքականութեան, իսկ միւս կողմէն նաեւ հայրենի ներկայ իշխանաւոր խումբին որդեգրած այն ընթացքին, որ իր էութեամբ կը միտի աստիճանաբար տկարացնել հայ ժողովուրդի ազգային ու պահանջատիրական գիտակցութիւնը։
Վերջին տարիներուն շրջանառութեան մէջ դրուած «իրական Հայաստանի» սին ու նորելուկ կարգախօսը այդ քաղաքականութեան գաղափարական հենքերէն մէկը կը կազմէ։ Անոր տակ կը փորձուի սահմանափակել հայ ժողովուրդի ազգային հորիզոնը՝ զայն կտրելով իր պատմական յիշողութենէն, իր իրաւունքներու գիտակցութենէն եւ իր արդար պահանջատիրութենէն։
Աւելի մտահոգիչ է այն փութկոտութիւնը, որով կը փորձուի նոր Սահմանադրութիւն պարտադրել հայրենիքին։ Այս գործընթացը, որ ակնյայտ կերպով պայմանաւորուած է Ատրպէյճանի բռնապետական պարտադրանքներով, կը միտի նաեւ քաղաքական կեանքէն դուրս մղել Անկախութեան հռչակագիրը եւ զայն մոռացութեան մատնել հայ ազգի քաղաքական զինանոցէն։ Այդպիսով, կը փորձուի աղաւաղել այն արժէքային հիմքերը, որոնց վրայ վերակերտուեցաւ Հայաստանի անկախ պետականութիւնը։
Բովանդակ հայութիւնը չի կրնար եւ իրաւունք չունի ընդունելու, որ ներկայ իշխանութիւններու քաղաքական ընտրանքները սակարկութեան ենթարկեն մեր ազգային իրաւունքները։ Չի կրնար ընդունիլ նաեւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան անթիւ նահատակներու արիւնը, ինչպէս նաեւ Հայ դատի պայքարին ու Արցախի ազատագրութեան հերոսական ուղիին վրայ ինկած նուիրեալներու զոհաբերութիւնը վերածուին քաղաքական հաշիւներու մէջ օգտագործուող փոխանակման նիւթի։ Հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքները չեն կրնար դառնալ քաղաքական խաղերու առարկայ։
Այս պայմաններուն մէջ՝ ազգային յիշողութիւնը, պատմական արդարութեան պահանջը եւ համահայկական միասնականութիւնը կը մնան այն ամուր յենասիւները, որոնց վրայ պիտի շարունակուի մեր պայքարը։
Յունահայութիւնը այս տարի նաեւ հպարտութեամբ կը նշէ Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան պետական ճանաչման օրէնքի ընդունման 30-ամեակը։ Այս որոշումը դարձաւ հայ ժողովուրդի արդար դատին միջազգային ճանաչման կարեւոր հանգրուաններէն մէկը։
Պատմական իրագործումը կը պարտինք Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի երկարամեայ, հետեւողական եւ սկզբունքային աշխատանքին։ Ան իր արդիւնքին հասաւ շնորհիւ կազմակերպուած ջանքերուն, ինչպէս նաեւ յոյն ժողովուրդին եւ քաղաքական ուժերուն կողմէ հայ ժողովուրդին հանդէպ ցուցաբերուած մեծ յարգանքին եւ եղբայրական վերաբերումին։
Մինչեւ այսօր այս ճանաչումը կը պահէ իր պետական ու քաղաքական խոր նշանակութիւնը։ Ան նաեւ կարեւոր խորհրդանիշ մըն է Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ զարգացող միջպետական գործակցութեան համար՝ երկու ժողովուրդներու պատմական գիտակցութեան, ազգային զարթօնքի եւ բարեկամական կապերու ամրապնդման իմաստով։
Այս բոլոր իրողութիւններուն լոյսին տակ, Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակի ոգեկոչումը կը ստանայ առանձնայատուկ խորհուրդ։ Ան ոչ միայն յարգանքի տուրք է մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին, այլ նաեւ հաւաքական ուխտ՝ շարունակելու պայքարը յանուն արդարութեան, ճանաչման եւ հատուցման։
Կը հրաւիրենք յունահայ գաղութի բոլոր զաւակները՝ զանգուածաբար մասնակցելու Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակի ոգեկոչման քաղաքական եւ ցուցական ելոյթներուն՝ Աթէնքի, Թեսաղոնիկէի եւ Թրակիոյ մէջ, վերահաստատելով մեր միասնականութիւնը, ազգային արժանապատուութիւնը եւ մեր անսակարկելի հաւատարմութիւնը Հայ դատի պայքարին։
Մասնակցութիւնը ոգեկոչման ելոյթներուն ազգային պարտք է։ Ան պատգամն է մեր նահատակներուն, վկայութիւնը մեր պահանջատիրութեան եւ խոստումը գալիք սերունդներուն՝ թէ հայ ժողովուրդը պիտի շարունակէ իր պայքարը, մինչեւ պատմական արդարութեան ամբողջական իրագործումը։
Հ.Յ.Դ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ









