Ընթերցողներու տրամադրութեան տակ է արդէն յունալեզու «Արմենիքա» պարբերաթերթի Օգոստոս 2025-Յունուար 2026 թիւը, ինչպէս միշտ՝ բազմազան եւ հետաքրքրական նիւթերով։ Սուրէն Սարգիսեանի եւ Սերգօ Աղապատեանի քաղաքական վերլուծումներուն շարքին, ուշագրաւ է նաեւ քաղաքական գիտութեանց մասնագէտ Ճորճ Մէնեշեանի վերլուծութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման հեռանկարներուն մասին։ Տեղ գտած է նաեւ հարցազրոյց մը Կրետէի հայկական եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Եզնիկ արք. Պետրոսեանի հետ։ Հետաքրքրական նկարագրում մը Սուրիոյ հարաւարեւելեան շրջաններուն մէջ ապրող հայերուն մասին, ընթերցողին առջեւ կը բերէ յունահայութեան համար նուազ ծանօթ հայկական համայնքներու կեանքը։ Հ.Գ.Խաչի Խալքիտիքիի ամառանոցին մասին ապագայ ծրագրումները եւս կը ներկայացուին պարբերաթերթի էջերէն, յոյս ներշնչելով, թէ մօտ ապագային բանակավայրը դարձեալ պիտի ընդունի հայ երիտասարդները։
Ներկայ հրատարակութիւնը ճոխացած է հարցազրոյցներով, պատմական անդրադարձներով, գաղութային, մշակութային եւ մարզական նորութիւններով, Հայաստանի եւ Սփիւռքի զանազան հայագաղութներու մէջ իրականացած ծրագիրներով ու նուաճումներով, որոնք ընթերցողին կը հրամցուին պատկերազարդ էջադրումով եւ ճոխ բովանդակութեամբ։ Թերթիս յունարէն բաժինին մէջ կը հրատարակենք պարբերաթերթի խմբագրականը։










