Յունաստանի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ կազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի, 2 Սեպտեմբեր 2026-ի երեկոյեան, Գոքինիոյ Հայ Աւետարանական նախկին մանկապարտէզի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գիրքի շահեկան ներկայացում մը։
Հատորին տիտղոսն էր «Հայաստան՝ քրիստոնեայ երկիր, երէկ եւ այսօր», իսկ անոր հեղինակն է վերապատուելի Ռընէ Լեւոնեան։
Հոգեւոր սպասաւորի Աթէնք ժամանակաւոր կեցութեան առիթով, գիրքի ներկայացումը պատեհութիւնը ստեղծեց որպէսզի մեր հայրենակիցները ծանօթանան հետաքրքրական հրատարակութեան մը։ Գիրքի նիւթերը ներկայացուած են ֆրանսերէն լեզուով, որպէսզի օտար ընթերցողը ծանօթանայ հայ ժողովուրդի պատմութեան, անոր հաւատքի զօրութեան, պատմական կարեւոր եղելութիւններուն, որոնք ծայր առին երկար դարերուն ընթացքին։
Ելոյթը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Յունաստանի Հայոց թեմակալ Առաջնորդ Տ. Սահակ եպս. Եմիշեան, Հայ կաթողիկէ առաջնորդ Միքայէլ վրդ. Պասալէ, Աթէնքի եւ Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւները, Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչը, կազմակերպութիւններու անդամներ եւ կոկիկ թիւով հասարակութիւն մը։
Բացումը կատարեց վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, ողջունելով Սրբազան հայրը եւ կղերական դասը, ինչպէս նաեւ յունահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները եւ ներկայ հայրենակիցները։ Յաջորդաբար, անդրադարձաւ հիւր դասախօսի հոգեւոր գործունէութեան, ապա հակիրճ նշում մը կատարեց անոր հեղինակած գիրքի բովանդակութեան մասին։
Վեր. Դոկտ. Ռընէ Լեւոնեան աստուածաբան, հովիւ եւ հասարակական-հոգեւոր գործիչ է, որ ներկայիս կը վարէ Եւրասիոյ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահի եւ Լիոնի կաթողիկէ համալսարանի (UCLy) հայագիտութեան ամպիոնի վարիչի պաշտօնները։
Ունենալով բարձրագոյն կրթութիւն աստուածաբանութեան եւ ընկերային գիտութիւններու մէջ՝ ան ծաւալած է հարուստ ակադեմական, եկեղեցական եւ դիւանագիտական գործունէութիւն: 17 տարի ծառայած է Հայաստանի մէջ, ուր հիմնած է Աւետարանական աստուածաբանական ակադեմիան, ինչպէս նաեւ եղած է Հ.Հ. նախագահի խորհրդատու: Իր երկարամեայ եւ բեղուն ծառայութեան համար արժանացած է Ֆրանսայի բարձրագոյն՝ «Պատուոյ Լեգէոն» շքանշանին:
Յաջորդաբար, վերապատուելի Լեւոնեան սահիկներու գործածութեամբ կատարեց իր հեղինակած գիրքին ներկայացումը։
Ան պատմական երկար անկարկ մը ըրաւ հայոց պատմութեան հնադարեան եւ քրիստոնէական տարիներուն մասին, տալով իւրաքանչիւր պատմական շրջանի քաղաքական եւ հոգեւոր իրադարձութիւններու ամփոփումը։ Յատկանշական էր անոր անդրադարձը քրիստոնէական ընդունման բոլոր հոլովոյթներուն մասին, հասնելով մինչեւ միջնադար, ապա վերլուծելով այդ ժամանակներու Արեւմտեան աշխարհի քաղաքականութեան եւ Արեւելքէն հասնող ներխուժող ցեղերուն մասին, որոնց միջեւ Հայաստան աշխարհը, իր աշխարհագրական դիրքով, կռուախնձոր մը դարձաւ։
Յարգելի դասախօսը յատուկ ծանրութիւն տուաւ հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան վրայ, ծանրութիւն տալով Արցախեան հերոսապատումին եւ 44-օրեայ պատերազմին, հասնելով մինչեւ մեր արծուաբոյնի հայաթափումը եւ հայ ժողովուրդի կրած նորագոյն աղէտը։
Իր ներկայացման ընթացքին, ան մշտաբար շեշտը դրաւ հայ ժողովուրդի քրիստոնէական հաւատքին ու անկէ բխած մշակութային գանձարաններուն վրայ, հանդիսատեսներուն առջեւ բանալով հաւատքի խոր համոզումը, որ յատկանշեց հայ ազգի դարաւոր երթը։
Ներկայացման տեւողութեան, յատուկ ուշադրութիւն գրաւեց քարտէսներու այլազանութիւնը, աւելի հարազատ եւ ցայտուն դարձնելով պատմական հանգրուաններու վերլուծումը։
Վերապատուելի Ռընէ Լեւոնեանի գիրքը, թէեւ գրուած է ոչ հայ ընթերցողին հաղորդ դարձնելու համար հայ ազգի պատմութիւնը, լաւապէս պատրաստուած եւ խնամուած աշխատասիրութիւն մըն է, որ կատարուած է բծախնդրութեամբ եւ պատմական իրադարձութիւնները մանրամասնօրէն ներկայացնելու նախանձախնդրութեամբ։ Հրատարակութիւն մը, որ իր արժանի տեղը ունի հայ մատենագրութեան մէջ, իսկ անոր թարգմանութիւնը այլ լեզուներու՝ օտար ընթերցողներու աւելի լայն շրջանակ մը ստեղծելու առիթ մը կրնայ դառնալ։










