Մարտ 25-ի տօնը Նէա Զմիռնիի մէջ
Երկուշաբթի, 25 Մարտ 2024-ին, առաւօտեան ժամը 10։30-ին, Նէոս Գոզմոս-Նէա Զմիռնիի շրջանէն ներս, յունաց ազգային տօնին առիթով, յունաց Այ. Ֆոթինի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Գոհաբանական...
Այցելութիւն Յունաստանի Ազգային պատկերասրահը
Հ.Կ.Խաչի Աթէնքի «Ծովինար» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը կազմակերպէ այցելութիւն Յունաստանի Ազգային պատկերասրահը «Εθνική Πινακοθήκη» (λεωφ. Βας. Κωνσταντίνου 50) Հինգշաբթի, 4 Ապրիլ 2024-ին:
Ժամադրութիւն՝ առաւօտեան ժամը 10:30-ին,...
Գիրքի ներկայացում — «Զմիւռնիան կ՚արտասուէ, Հայաստանը կը յիշէ»
ԺԱԳ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Համազգայինի թղթակից
13 Մարտի երեկոյեան, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Թագւոր եւ Ռոզա Աւետիքեան» սրահէն ներս կատարուեցաւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան կողմէն կազմակերպուած` վարժապետ տիկ. Վասիլիքի...
«Քերովբեան» նուագախումբի երգահանդէսը Գարէայի «Ազատամարտ» ակումբին մէջ
Անի Աբիկեան
Շաբաթ 9 Մարտ 2023-ին Գարէայի ակումբէն ներս տեղի ունեցաւ երաժշտական երեկոյ «Քերովբեան» նուագախումբի կողմէ՝ կազամակերպութեամբ «Արմենիքա» պարբերաթերթի եւ նախագահութեամբ Անի Աբիկեանի:
Արամ, Վիրճինիա, Վահան...
Արեւագալի արարողութիւն Աթէնքի մէջ
Այսու կը ծանուցանենք մեր հաւատացեալներուն, թէ Կիրակի, 24 Մարտ 2024-ին, առաւօտեան ժամը 10-ին, Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ պիտի կատարուի արեւագալի ժամերգութիւն:
Արարողութիւնը պիտի...
Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազան Հօր հանդիսապետութեամբ Մեծ Պահոց Արեւագալի հանդիսաւոր ժամերգութիւն
Ի գիտութիւն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին կը հաղորդենք, թէ Չորեքշաբթի, 20 Մարտ 2024-ի, առաւօտեան ժամը 10:00-ին տեղի պիտի ունենայ Մեծ Պահքի առաջին Արեւագալի-Ապաշխարութեան Ժամերգութիւնը Նէոս...
Արիւնատուութիւն
Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութեան կողմէ
Կիրակի, 31 Մարտ
Հ.Կ.Խաչի արիւնատուութիւն՝ Ֆիքսի մէջ
Կիրակի, 7 Ապրիլ
Հ.Կ.Խաչի արիւնատուութիւն՝ Գոքինիոյ մէջ
Մեծ պահոց արարողութեանց ժամանակացուցակ
Այսու հաւատացեալ մեր ժողովուրդին կը ներկայացնենք, Թեմի եկեղեցիներէն ներս քառասնօրեայ Մեծ Պահոց արեւագալի ու հսկումի ժամերգութեանց ժամանակացուցակը։
Ս. Յակոբ եկեղեցի – Գոքինիա
Չորեքշաբթի առաւօտեան արեւագալ ժամը...
Հ.Կ.Խաչի Շրջանային Վարչութեան յայտարարութիւն
Իր աւարտին հասաւ
Արցախահայութեան
ի նպաստ
յունահայութեան
դրամահաւաքը
Արցախահայութեան կողքին գտնուելու եւ գործնապէս զօրակցութիւն յայտնելու նպատակով՝ յունահայութիւնը իր նպաստը բերաւ Հ.Օ.Մ.ի մեծ ընտանիքին կողմէ կազմակերպուած դրամահաւաքին։ Շուրջ երեք...
Ոսկրածուծի փոխպատուաստման հայկական ծրագիրին նուիրուած ելոյթ
ՅՈՎԻԿ ԳԱՍԱՊԵԱՆ
Կիրակի, 10 Մարտ 2024-ին առաւօտուն, Թեսաղոնիկէի «Տէր Զաքարեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ յատուկ ելոյթ մը նուիրուած ոսկրածուծի փոխպատուաստման ծրագիրին։
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Մակեդոնիոյ եւ...
















