Յունահայութեան բողոքի հաւաքը Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման դէմ
Համակազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին եւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութեան Կեդր. վարչութեան, Չորեքշաբթի, 21 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7-ին, տեղի ունեցաւ ժողովրդային բողոքի հաւաք՝ Ատրպէյճանի...
Առաջնորդ Սրբազան հայրը այցելեց Մեսինիասի Մետրոպոլիտին
Երկուշաբթի¸ 19 Դեկտեմբեր 2022–ին Յունաստանի Թեմի Առաջնորդ՝ գերշ. Տ. Գեղամ Ս. արք. Խաչերեան ացելեց Մեսինիասի Մետրոպոլիտ Տ. Խրիսոսթոմոսին Քալամաթայի առաջնորդարանէն ներս։ Առաջնորդ Սրբազան հօր...
Ամանորեայ տօնածառի լուսաւորումը Նէոս Գոզմոս(ֆիքս)ի Ս. Յովհ. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ
Կիրակի, 18 Դեկտեմբեր 2022-ի առաւօտեան Ս. եւ Անմահ Պատարագին մասնակցելէ եւ միասնական մեր աղօթքները առ Աստուած բարձրացնելէ ետք, եկեղեցւոյս վերանորոգուած ներքնասրահին մէջ տեղի ունեցաւ...
Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հայ Գթութեան Խաչի 48-րդ պատգամաւորական ժողով
Կիրակի, 11 Դեկտեմբեր 2022-ին Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ կից գտնուող հայկական համայնքի «Տէր Զաքարեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հ.Օ.Մ.-ի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հայ Գթութեան...
Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ամանորի եւ Աստուածայայտնութեան արարողութիւններու...
Շաբաթ 31.12.2022 - Երկրպագութիւն Սուրբ Հաղորդութեան առջեւ, երեկոյեան ժամը 20:30-ին:
Կիրակի 1.1.2023 - Տօն տնօրէնութեան ու անուանակոչութեան
Տ. Մ. Յիսուսի Քրիստոսի։ Համաշխարհային օր խաղաղութեան։
Առաւօտեան ժամը 10:30-ին...
Տօն Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի
Ի գիտութիւն հաւատացեալ մեր ժողովուրդին այսու կը հաղորդենք, թէ Կիրակի, 25 Դեկտեմբեր 2022-ին, Թեմիս մեր եկեղեցիներուն մէջ պիտի նշուի քրիստոնեայ եկեղեցւոյ առաջին սարկաւագ ու...
Տօն Սրբոյն Ստեփանոս նախավկայի առաջնորդական Ս. եւ Անմահ Պատարագ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Յունաստանի հայոց թեմի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ« առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ, թեմակալ Առաջնորդ Սրբազան հայրը՝ ԳԵՐՇ. Տ. ԳԵՂԱՄ ՍՐԲԱԶԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԽԱՉԵՐԵԱՆ,...
Ս. Յակոբի տօնակատարութիւն Գոմոթինիի մէջ
Կիրակի, 4 Դեկտեմբեր 2022-ին, Գոմոթինիի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի կազմակերպութեամբ նշուեցաւ Ս. Յակոբի տօնը։
Ուրբաթ, 2 Դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 8։30-ին, կատարուեցաւ աղօրհնէք եւ...
Պատուոյ յուշատախտակի յանձնում՝ հանրածանօթ դերասանուհի Միմի Տենիսիին
Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի, Յունաստանի Համապոնտական միութեան, Յունաստանի Գաղթականներու կազմակերպութեանց եւ Յունաստանի Ասորիներու միութեան համագործակցութեամբ՝ միացեալ հաւաք մը կազմակերպուեցաւ Յունաստանի Լրագրողներու Միութեան սրահէն ներս,...
Ուշադրութիւն — Թուականի փոփոխութիւն — Երեքշաբթի, 20 Դեկտեմբեր 2022
Թուականի փոփոխութիւն
«Ճէնազեան» միջնակարգ վարժարանի տօնական երեկոն
տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, 20 Դեկտեմբեր 2022-ին
երեկոյեան ժամը 8:30-ին:















