Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գոքինիոյ վոլէյ պոլի խումբը դասակարգ բարձրացաւ
Վերջին տարիներուն ընթացքին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գոքինիոյ մասնաճիւղի վոլէյ պոլի խումբը արձանագրած է յաջողութիւններու շարք մը, որոնց շնորհիւ կարողացած է տիրապետել բարձր դասակարգերու մրցաշարքին, դառնալով ախոյեան։
Մարզական...
Ծաղկազարդի եւ Աւագ Շաբթուան արարողութեանց ժամանակացուցակ
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ Կիրակի 28 Ապրիլ 2024
Ս. Պատարագ Գոքինիա՝ առաւօտեան ժամը 9։30-ին
Աթէնք եւ Նէոս Գոզմոս՝ առաւօտեան ժամը 10։00-ին
Թեսաղոնիկէ՝ առաւօտեան ժամը 9։30-ին
Դռնբացէք Աթէնք, Գոքինիա եւ Ֆիքս՝ երեկոյեան...
Յունաստանի ղեկավարութիւնը անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեայ տարելիցին
Ամէն տարուան նման, համաշխարհային քաղաքական ղեկավարներու շարքին, Յունաստանի բարձրաստիճան ղեկավարութիւնը եւս հանդէս եկաւ Հայոց ցեղասպանութեան տարիլիցին առիթով յատուկ յայտարարութիւններով։
Յունաստանի նախագահ Քաթերինա Սաքելարոփուլու յայտարարութիւն տարածեց...
ՓԱՍՕՔ-ի նախագահը այցելեց Հ.Յ.Դ. Երիտ. միութեան տեղեկատուական կրպակը
ՓԱՍՕՔ կուսակցութեան նախագահ Նիքոս Անտրուլաքիս իր պատուիրակութեամբ այցելեց Սինտաղմա հրապարակին վրայ տեղակայուած Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտ. միութեան տեղեկատուական կրպակը։ Ան դիմաւորուեցաւ Հայ դատի յանձնախումբի ու...
Ժողովրդային բողոքի քայլարշաւ եւ ցոյց դէպի Աթէնքի թրքական դեսպանատուն
Հայ երիտասարդութիւնը պահանջատիրութեան առաջին շարքերուն վրայ
Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակի ելոյթներուն շարքը Աթէնքի մէջ հասաւ իր գագաթնակէտին, Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2024-ի երեկոյեան, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական միութեան...
Գոհաբանական աղօթքի եւ յուշարձանին առջեւ, դափնեպսակներու զետեղման ընթացքին՝ նախագահ ընկ. Արման...
24 Απριλίου του 1915, μια ημερομηνία που έμελλε να αλλάξει το ρου της ιστορίας για ολόκληρο τον Αρμενικό λαό. 109 χρόνια μετά, η 24η...
Գոհաբանական աղօթք եւ դափնեպսակներու զետեղում Նէա Զմիռնիի յուշարձանին առջեւ
Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակի ոգեկոչման պաշտօնական ելոյթներու շարքին, Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլի երեկոյեան, Նէա Զմիռնիի մէջ կանգնած Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողին շուրջ տեղի ունեցաւ գոհաբանական մաղթանք եւ...
Ծաղկազարդի եւ Աւագ Սուրբ Շաբթուայ յայտագիր 2024
Առաջնորդարան Կաթողիկէ Հայոց Յունաստանի - Աթէնք
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի – Նէոս Գոսմոս
Շաբաթ, 27 Ապրիլ՝ Յիշատակ Ղազարու Յարութեան։
Երեկոյեան «Բացումն վարագուրի»։
Կիրակի, 28 Ապրիլ՝ Ծաղկազարդ
Համաշխարհայի Օր Երիտասարդութեան։
Առաւօտեան...
Հայոց Ցեղասպանութեան 109-ամեակ Ոգեկոչական ձեռնարկներու շարք Թեսաղոնիկէի մէջ
Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլ ժամը 11։30-ին
Ս. Աստուածածին եկեղեցի
Գոհաբանական հանդիսաւոր արարողութիւն
Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին
Նախագահութեամբ՝
Եղիա Վրդ. Մալխասեանի եւ ներկայութեամբ
պետական ու քաղաքապետական անձնաւորութիւններու
Խօսք պիտի ուղղէ Կեդրոնական Մակեդոնիոյ
Մարզպետի տեղակալ Ա. Աթանասիատու Այտոնա
***
ժամը 12։00-17։00
Արիւնատուութիւն
Կազմակերպութեամբ՝
Հ. Գթ. Խաչի «Անի» մասնաճիւղի
«Տէր Զաքարեան» սրահին մէջ
***
Ժամը 19։15-ին
Բողոքի ժողովրդային ցոյց
դէպի Թեսաղոնիկէի թրքական հիւպատոսարան
Կազմակերպութեամբ՝
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան
Թեսաղոնիկէի «Սողոմոն Թեհլիրեան» խումբի
Հաւաքավայր՝ Այիաս Սոֆիաս փողոցի
հայկական կրպակին առջեւ
***
Կիրակի, 28 Ապրիլ Ժամը 11։30-ին
«Իոանիս Վելիտիս» հանդիսասրահ
Կեդրոնական քաղաքական ձեռնարկ
Կեդրոնական Մակեդոնիոյ մարզպետարանի
եւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի
համակազմակերպութեամբ
Կը նախագահէ՝...
Յունաստանի մէջ Հ.Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Մկրտչեանի ուղերձը՝ արտասանուած...
Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի 109-րդ տարելիցի քաղաքական ելոյթին ընթացքին Յունաստանի մէջ Հ.Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Մկրտչեանի ուղերձը՝ արտասանուած հիւպատոս Նիքոլայ Սահակովի կողմէ
Նախ թոյլ...















