Հայ երաժշտութիւնը ΕΡΤ3 կայանէն
Չորեքշաբթի, 15 Յունուար 2025-ի գիշերուան ժամը 11:30-ին, Յունաստանի պետական ΕΡΤ3 կայանը պիտի ցուցադրէ ծանօթագրական տեսանիւթ մը հայ երաժշտութեան մասին, նիւթ ունենալով Հայաստանի երաժշտական բնագաւառը:
Տեսանիւթը...
Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով Ս. Պատարագ եւ ամանորի գաթայի...
Գարէայի եւ շրջակայքի մեր հայրենակիցներուն ի գիտութիւն կը հաղորդենք թէ Շաբաթ, 18 Յունուար 2025-ի երեկոյեան ժամը 6-ին, Գարէայի «Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ» մատրան մէջ,...
Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ գաթայի կտրում
Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ու Տիկնանց մարմնոյ կազմակերպութեամբ, Կիրակի, 19 Յունուար 2025-ի առաւօտեան Ս. պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ սրահէն ներս տեղի պիտի ունենայ...
Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը` Թեսաղոնիկէի մէջ
Կիրակի, 5 Յունուար 2025-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին տեղի ունեցաւ գիշերային եւ առաւօտեան Ժամերգութիւններ, իսկ երեկոյեան ժամը 7-ին մատուցուեցաւ Ճրագալոյցի Ս. Պատարագ։ Ս. Պատարագի աւարտին, տեղի...
ԱԼԵՔՍԱՆՏՐՈՒՊՈԼԻՍ — Ս. Յովհաննու Կարապետի հանդիսաւոր տօնախմբութիւն
Ի գիտութիւն մեր հաւատեալ ժողովուրդին, այսու կը ծանուցանենք, թէ Կիրակի, 19 Յունուար 2025-ին, պիտի նշուի Ալեքսատրուպոլսոյ Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը։
Սկիզբ Ս. Պատարագի՝ առաւօտեան ժամը 10։30-ին։
Պիտի պատարագէ եւ յաւուր պատշաճի քարոզէ Յունաստանի թեմի
բարեջան Առաջնորդ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան
Այս ուրախ առիթով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալները հաղորդ դառնալու սրբազան արարողութեանց եւ լսելու Առաջնորդ Հայր սուրբին պատգամը։
ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐՈՒՊՈԼՍՈՅ
Ամանորեայ գաթայի հաւաքոյթ Գոքինիոյ մէջ
Հ.Կ.Խաչի Գոքինիոյ «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը կազմակերպէ Ամանորեայ գաթայի հաւաքոյթ Չորեքշաբթի, 15 Յունուար, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Զաւարեան կեդրոնի «Զաքարեան-Սարաճեան» սրահներէն ներս:
Օրակարգ՝ «Մարզանքի անհրաժեշտութիւնը բոլոր...
Ամանորի գաթայի հաւաքոյթ Ֆիքսի մէջ
Հայ Կապոյտ Խաչի Ֆիքսի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը հրաւիրէ իր անդամուհիները ներկայ ըլլալու աւանդական գաթայի կտրումի հաւաքոյթին, որ տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի, 13 Յունուար...
Ս. Ծննդեան տօնի նշումը
6 Յունուարին, Հայաստանի եւ Սփիւռքի բոլոր մասերուն մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը։ Ս. Էջմիածնի, Անթիլիասի եւ Պոլսոյ նուիրապետական աթոռներու մայրավանքերուն մէջ...
Համազգայինի պարախումբը տպաւորեց հանդիսականները
Հայկական պարարուեստը կը շարունակէ ներշնչել մեր գաղութի պատանի եւ երիտասարդ տարրերը, որոնք Համազգայինի «Նայիրի», «Նանօր» եւ «Մարալօ» պարախումբերուն անդամակցելով, հանրութեան կը նուիրեն հայ ժողովրդային...
«Ազատ Օր»-ի վիճակահանութեան արդիւնքը
«Ազատ Օր»ին կողմէ ձեռնարկուած վիճակահանութիւնը իր աւարտին հասաւ
31 Դեկտեմբեր 2024-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4-ին, Յունաստանի
«Պետական վիճակ»-ի վերջին երեք թիւերու վիճակուած զուգակցութեամբ:
Շահած թիւն է՝ 836:
Ինչպէս նախապէս յայտարարուած էր, վիճակահանութեան նուէրը
կը պարունակէ օդանաւային 2 տոմսակներ դէպի Հայաստան:















