Պետրոս Դուրեան 1851-1872
Յունուար 21ի օրը, 145 տարի առաջ, 21 տարիքը նոր թեւակոխած, բայց արդէն թոքախտէ հիւծած՝ երկրային այս կեանքէն առյաւէտ հեռացաւ վաղամեռիկ բանաստեղծի իր հանճարեղ բոցավառումով...
Հրանդ Տինք 1954-2007
Յունուար 19ի այս օրը կը լրանայ տասներորդ տարելիցը հայ ժողովուրդի մերօրեայ հերոսներէն Հրանդ Տինքի նահատակութեան։
2007թուականի ճիշդ այս օրը, Պոլսոյ գլխաւոր թաղամասերէն Շիշլիի մէջ գտնուող...
ՌՈՍՏՈՄ (Ստեփան Զօրեան 1867-1919)
Յունուար 18ին կը նշենք ծննդեան տարեդարձը մեր ժողովուրդի բացառիկ ծնունդներու համաստեղութեան մէջ իր ուրոյն տեղն ու պայծառ ճակատը նուիրագործած հայ մեծ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ Ստեփան Զօրեանին,...
Մաթէոս Զարիֆեան
Յունուար 16ին մեր ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը հայ գրականութեան անմահ արժէքներէն Մատթէոս Զարիֆեանի, որ իր պարզ ու վճիտ՝ սրտաբուխ քնարերգութեամբ կը շարունակէ, մինչեւ...
«Հիւսիսափայլ»
159 տարի առաջ, 13 Յունուար 1858ին, Մոսկուայի մէջ իր առաջին համարը լոյս ընծայեց «Հիւսիսափայլ» անունով հայերէն թերթ մը, որ կոչուած էր դառնալու 19րդ դարու...
Նիկոլ Դուման 1867-1914
12 Յունուարի այս օրը կը լրանայ ծննդեան 150ամեակը Նիկոլ Դումանի, որ իրաւամբ կը հանդիսանայ հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժման անզուգական հայդուկապետը։
Նիկոլ Դուման ոչ միայն մղիչ...
Հանրի Վերնէոյ
Հայ ժողովուրդը ուրոյն տեղ եւ արժանաւո՛ր դիրք գրաւած է շարժանկարի արուեստի աշխարհին մէջ։ Հակառակ իրեն վիճակուած միջոցներու եւ հնարաւորութիւններու սահմանափակումին, խորհրդային ժամանակներէն իսկ, հայկական...
6 Յունուար
Աշխարհի քրիստոնեայ ժողովուրդներու շարքին բացառութիւն կազմելու գնով՝ հայ ժողովուրդը Յունուար 6ին կը տօնէ Աստուածորդու Սուրբ Ծնունդը, մինչ Քրիստոնեայ մարդկութիւնը ընդհանրապէս Դեկտեմբեր 25ին կ’աւետէ աստուածայայտնութիւնը...
Աւետիս Ահարոնեան (1866-1948).
151 տարի առաջ, 4 Յունուար 1866ին, հայրենի Իգդիր գաւառի Իգդիրմաւա գիւղի դարբին Առաքել Ահարոնեանի տունը ցնծութեան մէջ էր։ Այդ օր լոյս աշխարհ եկած էր...
Ստեփան Ալաջաջեան (1924-2010)
Յունուար 3ին մեր ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը հայ գրականութեան նորագոյն շրջանի տաղանդաւոր ներկայացուցիչներէն Ստեփան Ալաջաջեանի, որ 1960ականներուն լոյս տեսած իր «Եղէգները չխոնարհուեցին» վէպով...