­Յու­զում, ցա­սում ու զգայ­նու­թիւն՝ Խ­րիս­թի­նա Ա­լեք­սա­նեա­նի
եւ ­Հայկ Եա­զը­ճեա­նի ճար­տար կա­տա­րում­նե­րով

­Խո­րա­պէս զգա­յա­ցունց մթնո­լոր­տի մէջ, ­Շա­բաթ՝ 16 ­Սեպ­տեմ­բեր 2017ին, ­Նէա Զ­միռ­նիի Ալ­սոս պու­րա­կին մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւած «Իո­նի­քես Եոր­թես» փա­ռա­տօ­նի ծի­րէն ներս, ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով՝ բե­մա­կա­նա­ցո­ւած ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ կեան­քի ո­դի­սա­կա­նը Ան­ժէլ ­Քուր­թեա­նի, որ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ու Զ­միւռ­նիոյ ա­ղէ­տէն փրկո­ւե­լով՝ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի Կ­րե­տէ կղզիի, ա­պա ­Գո­քի­նիոյ շրջա­նին մէջ, ըն­տա­նիք կազ­մե­լով ու զա­ւակ­նե­րով եւ թոռ­նե­րով իր կեան­քը ամ­բող­ջաց­նե­լով։
­Յու­նա­հայ ե­րի­տա­սարդ դե­րա­սա­նու­հի Խ­րիս­թի­նա Ա­լեք­սա­նեան դժո­ւա­րին ու պա­հանջ­կոտ մե­նա­կա­տա­րում մը ստանձ­նեց՝ ներ­կա­յաց­նե­լով Ան­ժէլ ­Քուր­թեա­նի կեր­պա­րը՝ «Ան­ժէլ ­Քուր­թեա­նի տետ­րակ­նե­րը» գիր­քին վրայ հիմ­նո­ւած թա­տե­րա­կան բե­մադ­րու­թեան մէջ։
­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ Զ­միւռ­նիոյ ա­ղէ­տի ծանր մթնո­լոր­տը, գաղթն ու վե­րապ­րու­մը, ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րու կո­րուս­տը, ցաւն ու ա­ղէ­տը՝ խոր ապ­րում­ներ եւ յու­զում ստեղ­ծե­ցին շուրջ 2000 հան­դի­սա­տես­նե­րու սրտին ու հո­գիին մէջ, ո­րոնք մաս­նա­կից զգա­ցին բե­մի վրայ ըն­թա­ցող պատ­մու­թեան դէպ­քե­րուն եւ դէմ­քե­րուն։
Խ­րիս­թի­նա Ա­լեք­սա­նեան բե­մին վրայ դար­ձաւ մա­նուկ, մայր ու հայր՝ Ան­ժէլ ­Քուր­թեա­նի կեան­քի փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րը պատ­մե­լով։ ­Մա­զե­րը հիւ­սո­ւած փոք­րիկ Ան­ժէլն էր, թաշ­կի­նակ մը գլխուն՝ մայ­րը ­Սո­ֆիան էր, քոյ­րերն էին՝ ­Գո­ւինն ու ­Ռո­զա, հայրն էր, ո­րուն շա­րու­նակ ան կը փնտռէր, մին­չեւ որ ինք եւս մայր ու մեծ մայր դար­ձաւ պանդխ­տու­թեան ու նոր հայ­րե­նի­քին մէջ։ Խ­րիս­թի­նա Ա­լեք­սա­նեան յա­ջո­ղե­ցաւ բո­լոր այս դե­րե­րը ներ­կա­յաց­նել, ա­ռանց ար­տա­քին հնարք­նե­րու կամ փայ­լուն բե­մա­յար­դա­րում­նե­րու, միայն իր ձայ­նի վե­րի­վայ­րում­նե­րով եւ մարմ­նի ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով։ ­Յա­ջո­ղե­ցաւ ժո­ղո­վուր­դին առ­ջեւ կեն­դա­նաց­նել իր ըն­տա­նի­քին ո­դի­սա­կա­նը եւ բո­լո­րին մաս­նա­կից դարձ­նել այդ եր­կար ու տխուր ճա­նա­պար­հին։ Ե­րաժշ­տա­կան հաս­տատ ու­ղի կեր­տած սի­րո­ւած եր­գիչ ­Հայկ Եա­զը­ճեան, իր քաղցր ձայ­նով եւ մեղմ ե­րաժշ­տու­թեամբ՝ կա­տա­րե­լա­պէս ամ­բող­ջա­ցուց բե­մին վրայ ըն­թա­ցող մե­նա­կա­տա­րու­մը։ ­Հայկ Եա­զը­ճեան՝ ու­տի վրայ նո­ւա­գե­լով հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան ծա­նօթ մե­ղե­դի­նե­րը, հա­ւա­տար­մօ­րէն կեն­դա­նա­ցուց ա­լե­կո­ծո­ւած դէպ­քերն ու յու­զիչ պա­հե­րը։
­Նէա Զ­միռ­նիի մշա­կու­թա­յին հաս­տա­տու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն ու ար­տադ­րու­թիւնն էր «Ան­ժէլ ­Քուր­թեա­նի տետ­րակ­նե­րը» գիր­քին բե­մա­կա­նա­ցու­մը, որ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ «Իո­նի­քես Եոր­թես» տա­րե­կան փա­ռա­տօ­նի ծի­րէն ներս։ Այն յա­ջո­ղո­ւե­ցաւ մշա­կու­թա­յին հաս­տա­տու­թեան նա­խա­գահ ­Վան­կե­լիս ­Խա­չա­տու­րեա­նի անձ­նա­կան ճի­գով ու ընտ­րու­թեամբ։
­Թա­տե­րա­կա­նէն ա­ռաջ բեմ բարձ­րա­նա­լով՝ ­Վան­կե­լիս ­Խա­չա­տու­րեան, յայտ­նեց, որ ­Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պե­տու­թիւ­նը եւ քա­ղա­քա­պետ Ս­թաւ­րոս ­Ծու­լա­քիս, միշտ նե­ցուկ կանգ­նած են հա­յու­թեան դա­տին, ­Հա­յաս­տա­նին ու Ար­ցա­խին, յի­շեց­նե­լով նաեւ հայ­րե­նի ­Սի­սիան քա­ղա­քի հետ եղ­բայ­րաց­ման բե­ղուն տա­րի­նե­րը եւ բո­լոր այն նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը, որ քա­ղա­քա­պե­տու­թիւ­նը կը կա­տա­րէ, յա­տուկ զգայ­նու­թեամբ ու յար­գան­քով։ Ար­դիւ­նա­ւէտ այս աշ­խա­տան­քը եր­կար տա­րի­նե­րու հաս­տատ ու­ղի մը կտրած է, շնոր­հիւ ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բին ու տեղ­ւոյն Հ.Յ.Դ. ­Կո­մի­տէի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան։
­Թա­տե­րա­կա­նի ա­ւար­տին բեմ բարձ­րա­ցան Ան­ժէլ ­Քուր­թեա­նի դուստրն ու ծո­ռը՝ տի­կին ­Նե­լի ­Խա­նի­կեան եւ պրն. ­Յու­սիկ ­Խա­նի­կեան՝ դաշ­նա­կի վրայ նո­ւա­գե­լով եւ եր­գե­լով «Ե­րե­ւան-Ե­րէ­բու­նի»ն։ ­Պա­րե­րու ու­սու­ցու­մը կա­տա­րած էր «­Հա­մազ­գա­յին»ի պա­րու­սոյց Էտ­կար Ե­ղեան։
­Բա­րի երթ կը մաղ­թենք «Ան­ժէլ ­Քուր­թեա­նի տետ­րակ­նե­րը» բե­մա­կա­նա­ցու­մին եւ Խ­րիս­թի­նա Ա­լեք­սա­նեա­նին, որ վստա­հօ­րէն նո­րա­նոր ներ­կա­յա­ցում­նե­րով հան­դէս պի­տի գայ բազ­մա­թիւ այլ բե­մե­րու վրայ եւս։