ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ

­Մօտ քա­ռորդ դար ա­ռաջ, խորհր­դա­յին աշ­խար­հա­կա­լու­թիւ­նը ապ­րե­ցաւ իր 70ա­մեայ գո­յու­թեան գա­հա­վէժ ան­կու­մը։ Ար­բա­նեակ եր­կիր­ներ, մէկ գի­շե­րո­ւան մէջ, ա­ռանց իսկ դի­մադ­րա­կան փամ­փուշ­տի մը ար­ձա­կու­մին՝ տի­րա­ցան պե­տա­կա­նաց­ման ա­ռաջ­նոր­դող ազ­գա­յին ինք­նիշ­խան սահ­մա­նագ­ծում­նե­րու եւ նոր կար­գա­վի­ճա­կի վկա­յա­կո­չու­մին։
Ո­մանք կար­ծե­ցին, թէ պատ­մու­թեան վեր­ջը հա­սած է։ Ու­րիշ­ներ՝ հա­ւա­տա­ցին, թէ նոր պատ­մու­թեան մը սկիզբն էր։
Այս­պէս կ’ըլ­լայ. դա­րա­դարձ­նե­րը հար­ցա­կան­նե­րու ա­նակն­կալ ա­ռիթ­ներ կը ստեղ­ծեն, բայց այս­պի­սի հար­ցա­կան­ներ խնդիր չեն ստեղ­ծեր. պա­տաս­խան­նե­րը խնդիր կը յա­րու­ցեն։
Եր­կիր­ներ ու մար­դիկ կան, որ ժա­մա­նա­կի պա­հանջ­նե­րուն շնոր­հած պա­տե­հու­թիւ­նը ճիշդ չեն կրնար գնա­հա­տել, լա­ւա­գոյնս ար­ժե­ւո­րե­լու հա­մար, նոր ձե­ւա­ւո­րո­ւող ժա­մա­նա­կի ներ­կան ու կ’ուղ­ղո­ւին դէ­պի կեղծ ու պա­տե­հա­պաշտ ա­պա­գա­յի մը ար­կա­ծախն­դիր ո­րո­նու­մին։ Ու­րիշ­ներ ալ, ինչ­պէս մենք, (նախ)ընտ­րե­ցինք՝ մեր առ­ջեւ բա­ցո­ւող յու­սա­տու ներ­կան, մա­նա­ւանդ հե­ռան­կա­րա­յին ա­պա­գան եւ ա­նոր խոս­տա­ցող ա­զատ, ան­կախ, ինք­նիշ­խան ու ժո­ղովրդա­վար պե­տա­կա­նաց­ման մը ամ­բող­ջա­կան ակն­կա­լու­թիւն­նե­րով։ ­Հա­յաս­տա­նը հայ­կա­կան ձայն պէտք է բարձ­րաց­նէ, ո­րով­հե­տեւ հա­յը իր չա­փէն վեր ապ­րե­լու ա­ւան­դու­թիւն ու­նի։
Ե­կէք գա­ղա­փա­րա­կան փա­կա­գիծ մը բա­նանք ու քննար­կենք հի­նը եւ նո­րը՝ գի­տակ­ցե­լով, որ հի­նէն ա­ւե­լի հի­նը կայ, ինչ­պէս որ նո­րէն ա­ւե­լի նո­րը։ ­Ժա­մա­նա­կը կը սա­հի տրո­ւած ե­ղա­նա­կի շեշ­տադ­րու­մի յա­ջոր­դա­կա­նու­թեամբ, միշտ ա­ւե­լի լաւ օ­րե­րու վե­րա­դար­ձի մա­սին մտա­ծե­լով, այն­քան ա­տեն որ ան­ցեա­լի փոր­ձա­ռու­թիւ­նը շատ ծանր կը կշռէ։
­Խորհր­դա­յին ան­կու­մէն ա­ւե­լի քան քա­ռորդ դար ետք, հա­յերս կը զգանք, թէ յան­կարծ տի­րա­ցած ենք անս­պա­սե­լի, կար­ծես ի վե­րուստ նո­ւի­րա­բե­րո­ւած, այ­լա­պէս տա­րօ­րի­նակ ժա­ռան­գու­թեան մը, որ իր ժա­մա­նակ­նե­րու պատ­մա­կան թե­լադ­րա­կա­նու­թե­նէն ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­լով՝ ճիշդ ախ­տա­ճա­նա­չում­նե­րով կո­չո­ւած է բնո­րո­շե­լու իր պատ­մա­կան ան­ցեա­լը, ի մաս­նա­ւո­րի՝ վեր­ջին հա­րիւ­րա­մեա­կի­նը, ուր ան­ցեա­լը փնտռեց ներ­կան եւ ներ­կան ա­պա­ւի­նե­ցաւ ան­ցեա­լին։
­Խորհր­դայ­նաց­ման տա­րի­նե­րու ծան­րա­խոհ հետ­քե­րը ա­րագ կեր­պով ­Հա­յաս­տա­նէն շրջան­ցե­լու հա­մա­տա­րած ճի­գը ե­ղաւ ամ­բող­ջա­կան, թե­րեւս այն պատ­ճա­ռով նաեւ, որ հոն ապ­րող­նե­րուն ու­ղա­կիօ­րէն կը յի­շեց­նէր պատ­մու­թեան հա­մար ճա­կա­տագ­րա­կան սխալ­նե­րու զար­տու­ղի հանգ­րո­ւան­ներ, զորս նա­խընտ­րե­լի էր ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն ան­կիւ­նը շպրտել, ա­նոնց­մէ ար­մա­տա­պէս ձեր­բա­զա­տո­ւիլ, սրբագ­րել պար­տադ­րուած ան­ցեալն ու ճնշող ներ­կան ու նա­յիլ դէ­պի բա­ցո­ւող ա­պա­գան, թէեւ ան­փորձ իշ­խա­նու­թիւն­ներ յա­ճախ պէտք չե­ղած բա­նե­րու հա­մար 100 մեթր ա­րա­գու­թեամբ վա­զող­նե­րէն ա­ւե­լի ա­րագ կը սու­րան, իսկ պէտք ե­ղած ա­տենն ալ՝ ­Զատ­կա­կան թա­փօ­րէն ա­ւե­լի դան­դաղ կ’ըն­թա­նան:
Այս­պէս կը բնո­րո­շո­ւին մեր կեան­քին մե՜ծ պա­հե­րը։
Իս­կու­թեան մէջ, հայ­րե­նի ու Ար­ցա­խի հո­ղին հա­մար մարտն­չող­նե­րը՝ յետ-խորհր­դա­յին այս նոր ի­րա­կա­նու­թեան հետ հաշ­տո­ւե­լու դժո­ւա­րու­թիւն չու­նե­ցան։
Այս­պէս կ’ըլ­լայ. երբ տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը կը յաղ­թա­նա­կեն, ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու էու­թիւնն ալ շա­հա­ւոր կ’ել­լէ։
­Խորհր­դա­յին ­Միու­թեան ժա­մա­նակ­նե­րուն՝ այ­լաբ­նոյթ ու ցա­ւոտ վէր­քեր ստա­ցող գե­րե­վա­րո­ւած ժո­ղո­վուրդ­ներ մին­չեւ օրս կը փոր­ձեն բու­ժել զա­նոնք։ ­Գիտ­նանք սա­կայն, թէ պատ­մա­կան սպի­ներ բու­ժե­լու խոր­տու­բորտ գոր­ծըն­թա­ցը՝ ազ­գա­յին թէ քա­ղա­քա­կան միա­տե­սակ գնա­հա­տում­նե­րու չեն ար­ժա­նա­նար միշտ։ ­Կը թո­ւի, թէ բո­լոր յաղ­թա­նակ­ներն ու պար­տու­թիւն­նե­րը նոյ­նան­ման չեն։ ­Քա­ղա­քա­կան փի­լի­սո­փա­յու­թիւ­նը, ռազ­մա­վա­րա­կան վեր­լու­ծում­նե­րը, մար­տա­վա­րա­կան գնա­հա­տում­նե­րը բո­լո­րո­վին նոյ­նը չեն, եւ նոյ­նը չեն կրնար ըլ­լալ։ Ա­սոնց կող­քին՝ կան նաեւ մեր պատ­մու­թեան մէջ տեղ գրա­ւած, լա­ւա­պէս բազ­մած ու տե­ղա­ւո­րո­ւած, այս­պէս ը­սո­ւած «բա­րո­յա­կան յաղ­թա­նա­կի» պատ­մու­ճան զգե­ցած ե­րե­ւոյթ­ներ ալ։ Այս վեր­ջին­նե­րուն քա­ղա­քա­ռազ­մա­կան օգ­տա­կա­րու­թիւ­նը այ­լեւս գո­հա­ցու­ցիչ չի կրնար հա­մա­րո­ւիլ։ ­Չեմ գի­տեր, թէ ին­չո՞ւ այս «միա­միտ» պնդու­մը կը շա­րու­նա­կո­ւի, որ­քան մեր, նոյն­քան մըն ալ ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քար­ներ մղած այլ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու կող­մէ գո­հու­նա­կու­թիւն պատ­ճա­ռող մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րով՝ ժո­ղո­վուր­դի մը մնա­յուն ու բիւ­րե­ղա­ցած պատ­մու­թեան է­ջե­րուն մէջ ի­րենց կա­րե­ւո­րու­թե­նէն ա­ւե­լի գնա­հա­տո­ւած դրսե­ւո­րու­մով, իբ­րեւ յաղ­թա­նակ ար­ձա­նագ­րե­լու եւ ա­նոնց ի­մաս­տը վե­րար­ժե­ւո­րե­լու եւ տե­ւա­կա­նաց­նե­լու մի­տու­մով։
Այս բո­լո­րը տա­րի­նե­րէ ի վեր հա­յե­րէ­նով կը պո­ռանք, հա­յե­րէ­նով կը գրենք, բայց դժբախ­տա­բար լսող ու կար­դա­ցող չկայ, ո­րով­հե­տեւ մար­դու այ­սօ­րո­ւան եւ ե­րէ­կո­ւան ի­րա­կան մա­կար­դակ­նե­րուն վրայ լրջա­խո­հու­թեան ըմբռ­նու­մի տար­բե­րու­թիւն կայ։
Ե­կէ՛ք, կեան­քի օ­րի­նա­կով սրբագ­րենք մեր կեան­քի սխալ­նե­րը։
­Ժա­մա­նա­կին, ակ­նա­ռու դէմ­քեր՝ երբ ճամ­բա­նե­րու վրայ կը քա­լէին, մար­դիկ կը ծա­փա­հա­րէին։ ­Շա­տոնց է, որ այ­լեւս ծա­փա­հա­րու­թիւն չենք լսեր։ Կ’ե­րե­ւի՝ այ­լեւս չեն քա­լեր…:

***
­Հի­նէն ի վեր, հա­յե­րու ազ­գա­յին հո­գե­բա­նու­թեան մաս կազ­մած է յա­ջոր­դա­կան ճա­կա­տագ­րա­կա­նու­թեան մա­սին խօ­սի­լը, զգա­լը, ար­տա­յայ­տո­ւի­լը, երբ մա­նա­ւանդ ա­նոր նիւ­թին հիմ­նա­կան կո­րի­զը կը վե­րա­բե­րի ազ­գա­յին պատ­մա­կան կո­րուստ­նե­րուն։ Ազ­գա­յին կո­րուստ­նե­րու խորհր­դան­շա­կան ի­մաս­տը խտա­ցած ա­մե­նա­խո­րունկ ապ­րու­մով կը դրսե­ւո­րո­ւի ա­նոր մե­ծա­գոյ­նին, ա­հա­ւո­րա­գոյ­նին՝ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան։ ­Խօ­սե­լով ­Շէյքս­փի­րեան բա­ռաբ­նո­րո­շու­մով՝ «ապ­րիլ թէ չապ­րե­լու» ուռ­ճա­ցած զգա­ցա­կա­նու­թեան մը ան­լոյծ մնա­ցած նշա­նա­կա­լից հար­ցի մը տո­ւայ­տան­քով։
Ո­րոշ հար­ցե­րու կա­պակ­ցու­թեամբ ի­րար հա­մո­զե­լու հարկ չեմ զգար։ ­Բո­լորս գի­տենք, թէ մեր գե­րա­գոյն գա­ղա­փար­նե­րը ուղ­ղա­կիօ­րէն առն­չո­ւած են մեր ազ­գի ան­մեղ թէ հե­րո­սա­կան կո­րուստ­նե­րուն հետ։
-Ա­ռա­ջին ­Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազմ.
— 1941ի ­Յու­նի­սին սկիզբ ա­ռած հա­կա­նա­ցիա­կան «­Հայ­րե­նա­կան» պա­տե­րազ­մը, ո­րուն ­Հա­յաս­տա­նէն մաս­նակ­ցե­ցան 200.000 զի­նո­ւոր­ներ։ Իսկ ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թեան մնա­ցեալ հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րէն 500.000 հա­յեր (երբ Խ. ­Միու­թեան հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րուն մէջ ապ­րող հա­յե­րու ընդ­հա­նուր թի­ւը 2 մի­լիոն էր։ Այ­սինքն, բնակ­չու­թեան 25 տո­կո­սը, մօտ՝ 200-250.000 զի­նո­ւոր):
— Ա­սոր վրայ դեռ չհա­շո­ւե՞նք Ար­ցա­խեան նո­րա­գոյն հե­րո­սա­պա­տու­մի նա­հա­տակ­նե­րը։
Իսկ նոր զո­հե՞­րը, որ կը քո­ղար­կո­ւին ցե­ղաս­պա­նու­թեան ա­նե­րե­ւոյթ պի­տակ­նե­րու տակ՝ սպի­տակ ջարդ (ձու­լում), կա­նաչ ջարդ (տո­լար), եւ­րո­յի ջարդ, ռուբ­լիի ջարդ, եւ դեռ՝ … գա­լիք­նե­րը։ Այս կո­րուստ­նե­րը աք­սո­րո­ւած են հայ­րե­նի­քէն ու ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի հա­յօ­ճախ­նե­րէն եւ դուրս կու­գան մեր մատ­նան­շած պատ­մու­թեան է­ջե­րէն ու հո­ղա­յին սրտա­մօ­տիկ տա­րածք­նե­րէն, հանգրո­ւա­նա­բար կը հե­ռա­նան մեր ազ­գա­յին հա­րուստ ժա­ռան­գու­թե­նէն, ուժ ու կեն­սու­նա­կու­թիւն փո­խան­ցող հայ­րե­նի մայր հո­ղէն։
Ա­հա թէ ին­չո՛ւ մար­դու սիր­տը կը ճմլուի, կո­կոր­դը կը սեղ­մո­ւի, լե­զուն կը ցամ­քի։ ­Վաղն որ­քա՞ն կրնայ սպա­սել ներ­կա­յին եւ վկա­յա­կո­չել զայն։
­Ժա­մա­նա­կը չէ՞, ըն­դու­նե­լու, որ մենք մե­զի պար­տա­կան ենք առ­նո­ւազն լուրջ ու խո­րազ­նին ինք­նաքն­նա­դա­տու­թիւն մը, մեր հա­րա­զատ ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը (ան)լուր­ջի (չ­)առ­նե­լու (չ)­կա­մու­թեան պատ­ճա­ռով։
­Մեր նա­խորդ­նե­րուն մէջ ե­ղած են այն­պի­սի մար­դիկ, ո­րոնք բաց հո­րի­զոն­նե­րու հե­տա­խու­զող մտայ­նու­թեամբ ի­րենց ոտ­քե­րուն տակ փո­շի վեր­ցու­ցած են, առ­նո­ւազն փո­շի կո­խած են՝ քա­լած, յատ­կա­պէս վա­զա՜ծ ու լեռ մագլ­ցած ա­տեն։
Այս­պէս թէ այն­պէս, հայ կտրիճ սե­րունդ­ներ տո­ղան­ցե­ցին քով-քո­վի, կո­խած, ան­կոխ թէ կրնկա­կոխ ճա­նա­պարհ­նե­րու վրայ՝ սի­րով, գուր­գու­րան­քով թէ ա­տե­լու­թեամբ, սնա­պար­ծու­թեամբ թէ մե­ծամ­տու­թեամբ, ար­դա­րու­թեամբ թէ չա­րա­շա­հու­թեամբ, ազ­գա­յին ռազ­մա­վա­րու­թեան վե­րա­ծո­ւած կա­շա­ռա­կե­րու­թեամբ, թէ բազ­մա­տե­սակ ու բազ­մա­գոյն փտա­ծու­թեան կա­մա­յա­կա­նու­թիւն­նե­րով, յե­ղա­փո­խա­կան շուն­չով թէ շա­րու­նա­կո­ւող պահ­պա­նո­ղա­կան ծած­կոյ­թով մը։ Կ­’ար­ժէ՛ր այս մէկն ալ նշել։
Որ­պէս հայ­րե­նիք՝ հի­մա որ ա­զատ ենք, որ­պէս ժո­ղո­վուրդ՝ հի­մա որ ան­կախ ենք, մեր ան­ցեա­լը կամր­ջե­լով հա­սա­րա­կաց մեր ներ­կա­յին, այս բո­լո­րը ի՞նչ կը խորհր­դան­շեն մե­զի հա­մար — ե­թէ ան­շուշտ կ’ու­զենք, որ բան մը խորհր­դանշեն ա­նոնք։ ­Բայց կը թո­ւի, թէ ­Հա­յաս­տա­նը ինք­զինք կը դի­մագ­րա­ւէ պատ­շա­ճե­լով իր հո­լո­վու­թա­յին ու յա­րա­փո­փոխ ի­րա­կա­նու­թեան, ճիշդ այն­պէս, որ ի­րեն պար­տադ­րո­ւե­ցաւ անց­նող եր­կու­քու­կէս տաս­նա­մեա­կի ըն­թաց­քին։ Կր­նա՞ս նա­խընտ­րել, միա­ժա­մա­նա՛կ քա­նի մը բան միա­սին։ Ե­կէք լրջա­նանք։
Ո­մանց հա­մար, այ­սօ՛ր, ան­կա­խա­ցած հայ­րե­նի­քը ճա­նա­պար­հա­յին ըն­դար­ձակ քար­տէ­սի խորհր­դան­շա­կան հա­ւատք ու ապ­րում կը ներշն­չէ, իսկ այ­լոց հա­մար ալ՝ ար­տա­սահ­մա­նեան նոր հայ­րե­նիք­ներ ստեղ­ծո­ւած են, ո­րոնց հայ­րե­նա­կան կի­զա­կէ­տը կը շա­րու­նա­կէ հե­ռա­ւոր ու տպա­ւո­րիչ խորհր­դա­նիշ մը ըլ­լալ ու մնալ՝ խորհր­դա­նի­շի տես­լա­կան ու չհիւ­ծող իր ստեղ­ծա­րար պա­րու­նա­կին մէջ: Դ­ժո­ւար ներ­կայ, ա­նո­րո՜շ ա­պա­գայ։
Արդ. ո՞րն է մեր ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, ի՛ր ա­ւան­դա­կան ի­րա­կա­նու­թե­նէն ան­դին։ ­Պի­տի կար­ծէի, թէ տեղ մը, այս բո­լո­րին մէջ­տե­ղը կը տա­րու­բե­րի, հի­նի ու զար­գա­ցող նո­րի մի­ջեւ փո­խա­կեր­պո­ւած ազ­գա­յին հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րու ձե­ւա­ւո­րո­ւող հո­լո­վոյ­թը՝ ան­հա­կակշ­ռե­լի դարձ­նե­լով ու ան­նա­խա­տե­սե­լի նո­րաբ­նոյթ խնդիր­ներ պար­տադ­րե­լով հայ կեան­քին ու հայ մար­դուն։
­Հի­մա, այս եր­կու­քի տար­բե­րու­թիւ­նը ուր­կէ՞ կը սկսի եւ ո՞ւր կը վեր­ջա­նայ, ռազ­մա­վա­րա­կան եւ մար­տա­վա­րա­կան տի­րող շփոթ­նե­րէն աս­դին-ան­դին։
­Բայց որ­քա՜ն ալ խօ­սինք այս ու ա­սոր նման հար­ցե­րու մա­սին, որ­քա՜ն ալ փնտռենք յայտ­նի, ան­յայտ թէ մութ ու­րո­ւա­կա­նա­յին ծալ­քեր, պի­տի յան­գինք վերջ­նա­կան այն հա­մո­զու­մին, թէ՝ եր­կու տար­բե­րակ­նե­րու վրայ ալ տե­ղա­ւո­րուած պի­տի գտնենք ե՛ւ հին, ե՛ւ նոր ժան­գի կարծ­րա­ցած շեր­տեր։ ­Չէ՞ որ հա՛յ ենք։ ­Չէ՞ որ մենք՝ ի՜նչ որ ը­նենք, կիր­քով կ’ը­նենք։ Կ­’ե­րե­ւի դա­նա­կը շատ խո­րունկ չդրինք, մին­չեւ ոս­կո­րը հասց­նե­լու հա­մար։ Ա՛յդ ալ թող մեր մեղ­քը ըլ­լայ։
­Հայ­րե­նա­կից­ներ, ներ­սի թէ դուր­սի հայ­րե­նա­կից­նե՛ր. գի­տենք ար­դէն, որ հայ­րե­նիք­ներ կան որ կը սի­րո­ւին, հայ­րե­նիք­ներ ալ կան, որ չեն սի­րո­ւիր, պարզ ու յստակ այն պատ­ճա­ռով, որ եր­կու­քէն մէ­կը ո՛չ սի­րել գի­տէ, ո՛չ ալ սի­րո­ւիլ։ Վս­տահ եմ սա­կայն, որ հա­րա­զատ ու սրտա­մօ­տիկ հայ­րե­նիք­նե­րը ի­րենց ներ­սի թէ դուր­սի բո­լոր զա­ւակ­նե­րուն հա­մար միեւ­նոյն քաղցր ու կա­րօ­տա­լի եր­գը կ­þեր­գեն։ Փնտ­ռա՞ծ ենք գտնել, թէ որ բա­նը մեզ նո­ւազ կը ցաւց­նէ։ Ար­դեօ՞ք, քա­ղա­քա­կան (ան)հան­դուր­ժո­ղու­թիւ­նը։
­Հայ­րե­նիք­նե­րը կը շնչեն ի­րենց զա­ւակ­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն, ի­րենց կեան­քը ի­մաս­տա­ւո­րող բո­լո­րա­նո­ւէր ջեր­մե­ռան­դու­թեամբ, անս­պառ խան­դով, պահ­պա­նե­լով ու պաշտ­պա­նե­լով պայ­քա­րի պատ­նէշ­նե­րու բարձ­րունք­նե­րը, ան­տե­սե­լով քո­ղար­կո­ւած այն ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, որ հա­յե­րու մօտ թի­րախ­նե­րու ա­նա­պա­հո­վու­թիւն կայ։
­Բա­նաս­տեղծ մը կ’ը­սէր. ձեզ հետ ա­ռատ ջուր տա­րէք, ա­պա­գան շատ չոր ու ցամ­քած է։
Ոչ-բա­նաս­տեղծ մը կ’ը­սէր. ձեզ հետ հող տա­րէք, ե­թէ կաս­կած ու­նիք, որ ձեր հայ­րե­նի­քը պի­տի կա­րօտ­նաք։
­Պարզ ու վի­պա­պաշտ հա­յոր­դի մըն ալ կ’ը­սէր. ե­թէ հայ­րե­նի­քէն հե­ռու սի­րա­հա­րո­ւիլ կ’ու­զէք, ­Հա­յաս­տա­նի կա­պոյտ երկ­նա­կա­մա­րէն պսպղուն աստղ մը պահ­պա­նե­ցէք ձեր սրտին մէջ։
­Մեր վէր­քե­րը ծնան մեր պատ­մու­թե­նէն։ Մ­նաս բա­րով պատ­մու­թիւն. խղճի խայթ պի­տի չզգամ, քե՛զ կար­դա­լով…:

***
­Հա­յաս­տա­նի 10 առ հա­րիւր բնակ­չու­թեան կը պատ­կա­նի 90 առ հա­րիւր տո­կո­սի հարս­տու­թիւ­նը, իսկ 90 առ հա­րիւ­րին զրկան­քը՝ փո­խա­դար­ձա­բար կը պատ­կա­նի 10 առ հա­րիւ­րի հարս­տու­թեան ու բա­րե­կե­ցու­թեան։
­Նա­փո­լէոն ­Պո­նա­փարթ կ­’ը­սէր.- ­Քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ ե­րեք բան չես ը­ներ՝ չես նա­հան­ջեր, խօսքդ ետ չես առ­ներ եւ քու սխալ­ներդ չես ըն­դու­նիր։
­Բայց դա­սա­կան դա­րե­րու հին ­Յու­նաս­տա­նի ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան ու կա­յաց­ման ժա­մա­նակ­նե­րուն, յա­ռաջ­դի­մա­կան մտա­ծում­նե­րով ու հռե­տո­րու­թեամբ ճա­ճան­չող փի­լի­սո­փա­ներ, այ­լեւ սո­փեստ­ներ, կը հա­ւա­տա­յին, թէ երկ­րի մը ըն­կե­րա­յին մա­կար­դա­կին բա­րե­լա­ւու­մը, ինչ­պէս նաեւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան հա­սա­րա­կաց զար­գա­ցումն ու ար­մա­տա­ւո­րու­մը՝ նա­խա­պայ­մա­նօ­րէն կը պատ­կա­նին մի­ջին դա­սա­կար­գին, որ այ­լա­պէս երկ­րի մը ըն­կե­րա­յին կեան­քին ու բնակ­չագ­րա­կան ներ­քին բա­ղադ­րու­թեան ան­խու­սա­փե­լի կո­րի­զը կը կազ­մէ։ Ա­ւե­լին՝ տո­ւեալ չա­փա­նի­շը իս­կա­կան ու հա­ւա­սա­րակշռո­ւած ապ­րե­լա­կեր­պի մը ան­փո­խա­րի­նե­լի «ջեր­մա­չա­փը» կը հան­դի­սա­նայ, իբ­րեւ ճշմա­րիտ ու բնա­կա­նոն զար­գաց­ման տա­րազ, քա­նի մի­ջին դա­սա­կար­գի ժո­ղովր­դա­կա­նա­ցու­մը անհ­րա­ժեշտ նա­խա­պայ­ման կը դա­ւա­նի ըլ­լալ բռնու­թեան նո­ւազ­ման, ա­նար­դա­րու­թեան սահ­մա­նա­փակ­ման, խա­ղա­ղու­թեան տա­րած­ման ու հաս­տատ­ման, ա­ւե­լին՝ ծայ­րա­յեղ մո­լե­ռան­դու­թեան մեղ­մաց­ման։ ­Մոռ­ցա՞նք բան մը, ար­դեօ՞ք։
­Հարց կու տամ. մեր օ­րե­րուն որ­քա՜ն զգա­յուն կա­ցու­թիւն­ներ կը դի­մագ­րա­ւէ մեր ազ­գը, թե­րեւս դժո­ւար է պատ­կե­րաց­նել։ ­Գիտ­նանք սա­կայն, թէ քա­ղա­քա­կան նեղմ­տու­թիւնն ու ազ­գա­յին կար­ճա­տե­սու­թիւ­նը եր­բեք նպաս­տած չեն հե­ռան­կա­րա­յին յա­ռաջ­դի­մու­թեան հար­ցե­րու լուծ­ման։
­Զօ­րա­ւոր եր­կիր­ներ միշտ ալ պի­տի ու­զեն հպա­տա­կեց­նել փոքր թէ տկար եր­կիր­ներ, ո­րոնք տե­ւա­բար դա­սեր պէտք է քա­ղեն, ի մաս­նա­ւո­րի ի­րենց թէ այ­լոց ե­րէ­կի պատ­մու­թե­նէն, այ­սօ­րո­ւա՛ն ի­րա­պաշտ օ­րի­նա­կով։
Ո­մանք, ան­գի­տակ­ցօ­րէն թէ ան­գի­տու­թեամբ, պատ­մու­թիւ­նը գի­տու­թիւն չեն հա­մա­րեր։ Ա­մէն մարդ տե­սա­կէտ ու­նե­նալ կ­þու­զէ ա­մէն ին­չի մա­սին. գիտ­ցա­ծի՛ն ու չգիտ­ցա­ծի՛ն։ Ա­հա՛, աս­կէ կը բխին խեղ­կա­տակ ու կի­սագ­րա­գէտ պատ­կե­րա­ցում­ներ։ Օ­րի­նակ՝ պատ­մա­կան անճշ­դու­թիւն­նե­րու եւ խե­ղա­թիւ­րում­նե­րու հաշ­ւոյն գի­տա­հա­ղոր­դակ­ցա­կան այն­քան մեծ ան­ներ­դաշ­նա­կու­թիւն մը գո­յու­թիւն ու­նի, որ ան­բո­վան­դա­կա­յին զա­ւեշ­տագ­րու­թեան մա­կար­դա­կի հա­տոր մը կա­րե­լի է հրա­տա­րա­կել։
­Հա­յե­րու պա­րա­գա­յին ալ (ալ ո՜ւր մնաց թուր­քե­րու եւ ա­զե­րի­նե­րու), պատ­մու­թիւ­նը գի­տու­թիւն չհա­մա­րող­ներ կան։ ­Գու­ցէ այս ըլ­լայ պատ­ճա­ռը, որ այս զգա­յուն հար­ցը ա­ւե­լի ցա­ւոտ կը դառ­նայ։
­Պատ­մու­թիւ­նը գի­տու­թիւն է։ ­Պատ­մու­թիւ­նը գի­տու­թեան հարց է, ու­զենք թէ չու­զենք, չու­զենք թէ ու­զենք։ ­Հար­ցը պարզ է, ու միա­ժա­մա­նակ բարդ։
­Պատ­մու­թեան (ան)գի­տու­թեան ու ան­կէ (չ)բ­խող վա­ւե­րա­թուղ­թեր, բա­րե­բախ­տա­բար, պէտք ե­ղա­ծէն ա­ւե­լի բա­ւա­րար են ու գո­հա­ցու­ցիչ՝ ճշմա­րիտ պատ­մու­թեան մա­սին խօ­սե­լու եւ գրե­լու, ժխտե­լու, ի հար­կին՝ մեր­ժե­լու հա­մար կեղծ վար­կած­ներ ­Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տա­նի եօ­թը տաս­նա­մեակ­նե­րու սեւ թէ դե­ղին քա­րոզ­չու­թեամբ ձե­ւա­ւո­րո­ւած ար­հես­տա­կան ու յե­րիւ­րա­ծոյ ո­ճով շե­ղող, թէ շե­ղեց­նող պատ­մագ­րու­թիւն մը ստեղ­ծե­լու մի­տու­մին դէմ։
Ա­տե­նէ մը ի վեր, ան­կա­խա­ցած ­Հա­յաս­տա­նի մէջ տա­տամ­սոտ քայ­լե­րով ախ­տա­ճա­նաչ­ման փորձ մը կը կա­տա­րո­ւի, անց­նող ժա­մա­նակ­նե­րու ա­նի­րա­ւո­ւած պատ­մու­թիւ­նը կար­գի բե­րե­լու հա­մար։ ­Պատ­մու­թիւ­նը իր ան­ձին շա­րու­նա­կու­թիւնն է եւ ան­կէ շե­ղիլ կա­րե­լի չէ։
­Թո՛ղ յստակ ըլ­լայ սա­կայն, որ բա­րե­լա­ւող մի­տում­նե­րու հապ­ճեպ տրա­մադ­րու­թիւն­ներ, ա­ռանց յա­ւե­լեալ ազ­դու ու գործ­նա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու, էու­թեան մէջ շատ բան չեն փո­խեր, կամ փո­փո­խու­թեան ըն­թաց­քը ա­նի­մաս­տօ­րէն կը դան­դա­ղեց­նեն։
Իսկ մենք ալ ի՞նչ պի­տի ը­սենք, թէ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թեան հա­մար կու­սակ­ցու­թեան եր­րոր­դու­թիւ­նը յան­ցա­ւոր է կու­սակ­ցու­թեան հիմ­նու­մին հա­մար…: ­Նե­րո­ղու­թիւ­նը պէտք է, բայց չի՜ բա­ւեր։
Զ­գու­շա­նանք, որ պա­տա­հա­կա­նու­թեան ու չա­րա­գու­շակ զու­գա­դի­պու­թանց զոհ չեր­թանք. այ­լա­պէս պատ­մա­կան (ան)ար­ժա­նա­հա­ւա­տու­թեան կո­րուս­տը (չ­)ար­ժող հետ­քեր կը ձգէ։
­Պատ­մու­թիւ­նը վկա՛յ։ Ան­տե­սում­ներ կան, որ կո­րուստ­նե­րու չափ վտան­գա­ւոր են։ Վ­տանգ­ներ ալ կան, որ խրա­մատ­ներ կը ստեղ­ծեն։ Խ­րա­մատ­նե­րը, մէյ մը որ բա­ցո­ւին, դժո­ւար կը գո­ցո­ւին։ ­Գէշ բան է, ե­տիդ հետք ձգե­լու հա­մար հսկայ ոս­տում­ներ կա­տա­րե­լու տպա­ւո­րու­թիւ­նը ձգել եւ յան­կարծ հաս­տա­տել, թէ ո­րե­ւէ հետք մնա­ցած չէ։
­Հետ­քե­րը կապ ու­նին պատ­մու­թեան մնա­յուն ար­ժէք­նե­րուն հետ, ո՛չ կեղ­ծե­րու, ո՛չ ան­ցո­ղա­կի, ո՛չ ժա­մա­նա­կա­ւոր, այլ՝ հայ կեան­քի ներ­գոր­ծօն դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը հու­նա­ւո­րե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեամբ։
Ի մի­ջի այ­լոց. ի շարս այլ ու տար­բեր բա­նե­րու՝ գի­տակ­ցա­կան ճա­նա­չո­ղու­թիւնն ալ շատ կա­րե­ւոր կրնայ բնու­թագ­րո­ւիլ մարդ­կա­յին թե­րա­ցու­մի եւ բծախնդ­րու­թեան ակն­կա­լու­թեան հրա­ժա­րու­մի մի­տու­մէն։ ­Կա­րե­ւորն ու ար­դա­րը ար­մատ­նե­րուն վե­րա­դարձն է, թէ­կուզ հայ­րե­նա­սի­րա­կան վի­պա­պաշ­տու­թեան մղում­նե­րով, ի հար­կին վե­րա­փո­խե­լով հայ­րե­նա­սի­րա­կան կա­ռոյ­ցին կե­ղեւն ու մի­ջու­կը։
­Վեր­ջին 25 տա­րի­նե­րուն, ­Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած դրա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը հանգ­րո­ւա­նա­բար ի­րա­գոր­ծո­ւած է՝ յանդգ­նու­թեամբ վե­րա­փո­խո­ւած հե­ղի­նա­կա­յին կա­ռոյց­նե­րու եւ այդ կա­ռոյց­նե­րը հո­վա­նա­ւո­րող հա­մա­գոր­ծա­կից շրջա­նակ­նե­րու շնոր­հիւ, հոգ չէ թէ ժա­մա­նակ­նե­րը միշտ ալ խա­ղաղ չէին։
­Զար­մա­նա­լի բան չկայ. մեր եր­կի­րը եւ մեր մար­դի­կը այն­պէս շի­նո­ւած են, որ լաւ են ու միա­ժա­մա­նակ ո՛չ լաւ։ Այս մէ­կը բա­ժին ու­նի ե՛ւ լա­ւին, ե՛ւ ոչ լա­ւին, ե՛ւ շատ լա­ւին հետ։ ­Լա­ւին մէջ գէ­շի բա­ժին կայ, բայց միշտ չի տի­րա­պե­տեր ա­մէ­նու­րեք։
Ան­ցեա­լի կա­ցու­թիւն­ներ բա­րե­լա­ւե­լու քա­ջու­թիւն կը տրա­մադ­րե՞նք, թէ ձա­խա­ւե­րու­թիւն­նե­րը կը բեռց­նենք ժա­մա­նա­կի պար­տադ­րած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը (չ)­կա­րե­նալ դի­մագ­րա­ւե­լու շա­լա­կին ու չա­րա­գու­շակ ե­ղե­լու­թիւն­նե­րու ու­րո­ւա­կան­նե­րուն։ ­Գիտ­նանք. պատ­մու­թեան ծա­ռը մէկ է։ ­Ճիւ­ղե­րը՝ շատ։ ­Բա­րե­բախ­տու­թիւ­նը մէկ կող­մէ, դժբախ­տու­թիւ­նը միւս կող­մէ։ ­Հա­յաս­տա­նը եր­կիր մըն է, որ մնա­յուն հեւ­քով իր ճամ­բան կը փնտռէ։
Այդ փնտռտու­քը գու­ցէ օգ­տա­շատ զա­տո­րո­շում մը կ’ըլ­լայ ներ­կա­յի ու ա­պա­գա­յի ի խնդիր, ժա­մա­նա­կին մէջ իր ճամ­բոր­դու­թեան ո­դի­սա­կա­նին հա­մար ան­վի­ճե­լի դրօ­շա­կիր մը հան­դի­սա­նա­լով իր ժա­մա­նա­կին հետ եւ իր ժա­մա­նա­կէն ա­ռաջ։
­Հա­յը՝ այս ճա­նա­պար­հոր­դու­թեան մէջ ինք­զին­քին շու­քը ե­ղած է. շու­քը զինք կը հա­լա­ծէ, ինքն ալ շու­քին, ա­ռանց իր կեան­քը ի­մաս­տա­ւո­րե­լու, ա­ռանց իր կա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը յա­ւե­լեալ ար­դիւ­նա­ւո­րու­մի հասց­նե­լու։
­Հայ­կա­կան պահ­պա­նո­ղա­կա­նու­թիւ­նը ա­ւան­դա­կա­նօ­րէն գա­ղա­փա­րա­կան ա­մուր են­թա­հող ու­նի ­Հա­յաս­տա­նի ըն­կե­րու­թեան մէջ։ Այս պա­րա­գա­յին՝ հա­յադ­րոշմ ա­ւան­դա­պաշ­տու­թիւ­նը պէտք չէ ստո­րագ­նա­հա­տել, ոչ ալ գեր-գնա­հա­տել, երբ ի­րենք զի­րենք շատ յա­ռաջ­դի­մա­կան սե­պող­ներ ալ կան։ ­Կա­րե­լի է, որ այս ինք­նա­նո­ւա­ճու­մը վնաս չի բե­րեր ա­պա­գա­յին, երբ մա­նա­ւանդ այդ մէ­կը քա­ղա­քա­կան ա­ռաս­պել մը ըլ­լա­լէ դադ­րած է։ Ա­ռաս­պել՝ որ սա­կայն ինք­զին­քին կու­տար ա­ռա­ջին դե­րը։
­Մոռ­նա­լու չենք, որ հա­յը եր­բեմն կը յատ­կան­շո­ւի նաեւ ջայ­լա­մի քա­ղա­քա­կա­նու­թեան բար­դոյ­թով, քա­նի հա­յե­րու մէջ ու հա­յե­րու մօտ ա­մէն ինչ ար­գի­լո­ւած ու միա­ժա­մա­նակ ա­մէն ինչ ար­տօ­նո­ւած է։ Տ­կա­րու­թիւ­նը, նա­հան­ջո­ղա­կա­նու­թիւ­նը, յու­սալ­քու­թիւ­նը ե­րաշ­խիք չեն ա­պա­հո­վեր եր­բեք։ Այս մէ­կը հա­ւա­տա­լու պատ­ճառ­ներ շատ ու­նինք։
­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան վե­րա­նո­ւա­ճու­մը, հա­յոց ազ­գա­յին պե­տա­կա­նաց­ման նո­րե­րե­ւոյթ օ­րի­նա­չա­փու­թիւն­ներն ու հայ քա­ղա­քա­կան մտքի մե­րօ­րեայ ռազ­մա­վա­րա­կան պատ­կե­րա­ցում­նե­րը՝ վճռո­րոշ ներդ­րում պի­տի ու­նե­նան ­Հայ ­Դա­տի հե­տապնդ­ման բազ­մա­կող­մա­նի ճա­կատ­նե­րու դրօ­շա­կի­րի ա­ռաջ­նա­հերթ դեր ու դե­րա­կա­տա­րու­թիւն մը տա­լու հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան թռիչ­քին, ճա­նա­պարհ ճշդե­լու հա­մար յատ­կա­պէս հայ­րե­նա­զուրկ բազ­մու­թեանց. նո՜ր գաղ­թա­կա­նու­թեան։ ­Մեր նա­յո­ւած­քը ուղ­ղո­ւած պէտք է ըլ­լայ միայն մեր ժո­ղո­վուր­դին վրայ։
­Հայ­րե­նա­սի­րու­թիւնն ու ար­դա­րու­թիւ­նը ձե­ւը պի­տի գտնեն մեր ղե­կա­վա­րու­թեանց սխալ­նե­րը սրբագ­րե­լու։ Ո­րա­կո՜վ. ո՛չ վրէժխնդ­րու­թեամբ։
­Ժա­մա­նակն է, որ ա­մէն ինչ իր ա­նու­նով ը­սո­ւի ու լսո­ւի, փայ­լուն ա­նուն­նե­րէ, փայ­լուն պաշ­տօն­նե­րէ եւ փայ­լուն ստո­րագ­րու­թիւն­նե­րէ ան­դին, քա­նի որ­քան ալ ծա­փա­հա­րենք, ոե­ւէ ղե­կա­վա­րի ար­ժէ­քը ա­ւե­լի պի­տի չբարձ­րա­նայ։ Այս բնո­րո­շու­մը հռչա­կա­ւոր կը դառ­նայ, ե­թէ ատ­կէ ակն­կա­լե­լիք բան չու­նիս։
­Մեր ան­ցեա­լը, ներ­կան ու ա­պա­գան տա­րիք ու­նին։ Օգ­տո­ւինք ա­նոնց բաղ­դա­տա­կան ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րէն։ Ա­պա­գա­յէն մէկ քայլ ա­ռաջ կը գտնո­ւինք։ ­Հա­յաս­տա­նը իր ոտ­քե­րուն վրայ պէտք է կանգ­նի. այդ մէ­կը ը­նե­լու հա­մար, նախ պէտք է պայ­քա­րի ան­ցեա­լի ո­րոշ ա­ռաս­պել­նե­րու համ­բա­ւին ու հռչա­կին դէմ, ո­րոնք այ­լեւս ո­րե­ւէ ի­մաստ ու ար­ժէք չեն ներ­կա­յաց­ներ, բա­ցի բրա­ծո­յա­ցած մտայ­նու­թիւն­նե­րէ եւ հին տրա­մա­բա­նու­թիւն­նե­րէ։
­Փոր­ձենք հա­յու կեան­քը ժա­մա­նա­կագ­րա­կա­նօ­րէն կար­գի դնել, որ­պէս­զի պա­տա­հա­կա­նու­թեան ու ան­տար­բե­րու­թեան զոհ չեր­թանք։
­Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պե­տա­կա­նաց­ման տա­րե­դար­ձը հա­մե­րաշ­խու­թեան ու­ժի ե­րաշ­խիք է։
­Մեր հան­րա­պե­տա­կա­նա­ցու­մը պէտք է հա­ւա­տայ մեր կեան­քէն բխող իր ժա­մա­նա­կի ի­րա­պաշտ ար­ժէք­նե­րուն, բայց զգոյշ, ար­ժէք­նե­րը հոն չեն որ կ­’ե­րե­ւին, ոչ ալ հոն են՝ որ շա­տեր կը կար­ծեն։
Ուժն ալ հոն չէ, որ ո­մանք կը կար­ծեն, ու­ժի բաղ­դա­տա­կան եզ­րեր բնո­րո­շե­լու հա­մար։
­Լո­զունգ­նե­րով խօ­սե­լու ժա­մա­նա­կը շա­տոնց ան­ցած է։